Արուեստի Աշխարհէն. Հոլիվուտ Միլիոնններ Կը Ծախսէ Լաւագոյն Ժապաւէնի Օսքարին Համար

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Այս տարի «Արկօ» արժանացաւ լաւագոյն ժապաւէնի Օսքարին (բեմադրիչ Պեն Աֆլեք` աջին): Լինքընի իր դերին համար Տանիել Տէյ- Լուիս արժանացաւ լաւագոյն դերասանի մրցանակին եւ մրցանիշ մը կոտրեց` ստանալով իր երրորդ Օսքարը այս դասաւորումին մէջ:

ԱՅՍ ՏԱՐԻ ՊԱՅՔԱՐԸ «ԼԻՆՔԸՆ» ԸՆԴԴԷՄ «ԱՐԿՕ» ԷՐ: ԱՅՍ ԵՐԿՈՒ ԳԼԽԱՒՈՐ ՄՐՑԱԿԻՑՆԵՐՈՒՆ ԵՏԻՆ ԳՏՆՈՒՈՂ ՇԱՐԺԱՊԱՏԿԵՐԻ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՇՈՒՐՋ 10 ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐ ԾԱԽՍԱԾ ԵՆ` ՕՍՔԱՐԻ ՏԻՐԱՆԱԼՈՒ ԻՐԵՆՑ ՔԱՐՈԶԱՐՇԱՒԻՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ, ԹԷ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԴՐԱՄԸ Կ՛ՈՐՈՇԷ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ:

Այս ժապաւէններուն ցուցատախտակները կ՛աշտարակուին Հոլիվուտի փողոցներուն մէջ: «Լինքըն»-էն եւ «Արկօ»-էն տեսարաններ կը խճճուին պատկերասփիւռի ծանուցումներու միջեւ: Լոս Անճելըսի մէջ լոյս տեսնող իւրաքանչիւր թերթի մէջ կը տեսնենք ամբողջ էջերու վրայ երկարող անոնց ծանուցումները:

Օսքարի ծննդավայրին մէջ այս մրցակցութիւնը անխուսափելի է: Ինչպէս անցեալ տարի Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան թեկնածուները, այս տարուան լաւագոյն ժապաւէնի Օսքարին թեկնածուները եւս մղեցին պատմութեան մէջ ամէնէն աւելի սուղ արժած քարոզարշաւը:

Իրանի մէջ պատանդներու տագնապը պատկերող «Արկօ» ժապաւէնին եւ կենսագրական-դիւցազներգական «Լինքըն» ժապաւէնին ետին գտնուող շարժապատկերի ընկերութիւնները, որոնք գլխաւոր մրցակիցներն էին այս տարուան օսքարներու մրցանակներուն, ընդհանուր հաշուով շուրջ 10 միլիոն տոլար ծախսած են իրենց քարոզարշաւին համար: 2010-ին «Տը հըրթ լաքըր» ժապաւէնը մրցանիշ մը կոտրած էր «Աւաթար»-էն ետք` ծախսելով 5 միլիոն տոլար: Սակայն այս տարի «Արկօ»-ի ետին գտնուող Ուորնըր Պրոս ընկերութիւնը եւ «Լինքըն»-ի արտադրիչ Տիզնին բաւական ամուր դիրքեր բռնած էին:

Օրինակ, Պրոտքասթ Ֆիլմ Քրիթիքս Էսոսիէյշընի անդամները օսքարներու Քննադատներու ընտրութեան նախօրեակին իբրեւ նուէր ստացած են «Լինքըն» ժապաւէնին նիւթին վերաբերող չորս գիրքեր, ներառեալ` Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիական պատերազմին օրերէն խոհագիրք մը: Այս առիթով Սթիւըն Սփիլպըրկի ժապաւէնը ստացաւ լաւագոյն դերասանի, լաւագոյն պատշաճեցուած բնագիրի եւ լաւագոյն երաժշտութեան մրցանակները: Իսկ Եունիվըրսըլ ընկերութիւնը նոյնքան թիւով քուէարկուներու ուղարկած էր այՓոտի յատուկ երգերու արձանագրութիւն մը, որ կը պարունակէր նաեւ «Լէ միզերապլ» ժապաւէնին երաժշտութիւնը:

«Տը Հոլիվուտ Ռիփորթըր» ճարտարարուեստի յատուկ նիւթերու թերթին բաժանորդները մրցանակաբաշխութենէն կարճ ժամանակ առաջ ստացան փայլուն թուղթի վրայ տպագրուած ձրի թերթ մը, որ կը ծանուցէր «Սիլվըր լայնինկզ փլէյպուք» ժապաւէնը, ինչպէս նաեւ կը պարունակէր այս ժապաւէնին պատրաստութեան Տի. Վի. Տի.ն: Ֆոքս 2000 ընկերութեան ընդհանուր ներկայացուցիչ Էլիզապէթ Կէյպլըր «Լոս Անճելըս Թայմզ» թերթին յայտնած է, թէ իր ընկերութիւնը դրամական «նկատառելի» յանձնառութեամբ կը ղեկավարէ լաւագոյն ժապաւէնի թեկնածու իր ժապաւէնին` «Լայֆ աֆ Փայ»-ի քարոզարշաւը: Ժապաւէնին բեմադրիչը` Անկ Լի թեկնածու էր լաւագոյն բեմադրիչի Օսքարին (ան տիրացաւ այս մրցանակին):

«Այս տարի պայքարը բաց էր եւ երկարատեւ,- կը բացատրէ «Վըրայիթի» թերթին մրցանակներու բաժնի խմբագիր Ճոն Ուայզմեն:- Մինչդեռ անցեալ տարի մրցակցութիւնը շատ արագ կեդրոնացաւ «Տի Արթիսթ» եւ «Տը տիսենտընց» ժապաւէններուն վրայ, իսկ նախորդ տարի` «Տը քինկ՛զ սփիչ» եւ «Տը սոշըլ նեթուըրք» ժապաւէններուն: Այս տարի մրցակցութիւնը բաւական ուշ կեդրոնացաւ երկու ժապաւէններու վրայ: Հետեւաբար վերջին վայրկեանին յաւելեալ գումարներ պէտք է ծախսել` մրցակցութիւնը կեդրոնացնելու համար»:

Օսքարներու այս ձեւի պայքարը սկիզբ առաւ 1999-ին, երբ արտադրիչ Հարվի Վայնսթայն շուրջ 15 միլիոն տոլար ծախսեց` ձեռնարկելով քարոզարշաւի մը, որ լաւագոյն ժապաւէնի մրցանակը ապահովեց իր արտադրած «Շէյքսփիր ին լաւ» ժապաւէնին` պարտութեան մատնելով Սփիլպըրկի «Սէյվինկ փրայվեթ Ռայան» ժապաւէնը: Վայնսթայն կը յուսար այս տարի ցնցիչ այլ յաղթանակ մը ապահովել իր «Սիլվըր լայնինկզ փլէյպուք» ժապաւէնով:

Նման գումարներ ծիծաղելի կրնան թուիլ, սակայն ժապաւէն մը մեծ շահեր կրնայ ապահովել` Օսքարի տիրանալով: «Սլամտակ միլիըներ» ժապաւէնը 2009-ին լաւագոյն ժապաւէնի Օսքարին իր թեկնածութենէն առաջ շարժապատկերի սրահներու մէջ ապահոված էր 44 միլիոն տոլարի շահ, իսկ այս Օսքարին արժանանալէ ետք (ինչպէս նաեւ` եօթը այլ մրցանակներու), անիկա շահեցաւ յաւելեալ 377 միլիոն տոլար:

Օսքարի թեկնածութեան քարոզարշաւին ծախսերուն մեծ մասը կը կատարուի շռայլ ծրարումով Տի. Վի. Տի.ներու վրայ, քուէարկուներուն համոզելու համար, որ դիտեն ժապաւէնները: Ապա կայ նաեւ փոխադրածախսը եւ ժապաւէններ պատրաստողներու ճամբորդութեան ու կեցութեան ծախսերը, երբ անոնք կը կատարեն իրենց ժապաւէնը ծանուցելու պարտականութիւնը: Պատկերասփիւռի եւ ցուցատախտակներու ծանուցումներ կրնան արժել մինչեւ քանի մը տասնեակ հազար տոլար: «Տը Հոլիվուտ Ռիփորթըր» թերթին մէջ ծանուցում մը կ՛արժէ շուրջ 25 հազար տոլար, իսկ «Վըրայիթի» թերթին կողքին վրայ ծանուցումի մը գինը կրնայ հասնիլ մինչեւ 80 հազար տոլարի:

 

Share this Article
CATEGORIES