Արուեստի Աշխարհէն. Ժապաւէն Արտադրողներ Ինչպէ՛ս Կը Սիրաշահին Օսքարի Քուէարկուները

Օսքարի քուէներ շահելու պայքար կը մղեն ցուցատախտակներ պատող որմազդներ: Անոնք այս եղանակին մաս կը կազմեն Լոս Անճելըսի բնանկարին:
ՕՍՔԱՐԻ ՄՐՑԱՆԱԿՆԵՐԸ ԲԱԺՆՈՒԵՑԱՆ ԵՒ ՓՈԹՈՐԻԿԸ ՀԱՆԴԱՐՏԵՑԱՒ` ԺԱՊԱՒԷՆՆԵՐՈՒ ԾԱՆՈՒՑՈՒՄԻ ՏԵՆԴՈՎ ՎԱՌՈՒԱԾ ԵՐԿԱՐ ԱՄԻՍՆԵՐԷ ԵՏՔ: ԺԱՊԱՒԷՆԻ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՄԲՈՂՋ ՔԱՐՈԶԱՐՇԱՒԸ ԿԸ ՄԻՏԷՐ ԳՐԱՒԵԼ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՕՍՔԱՐԻ 6000 ՔՈՒԷԱՐԿՈՒՆԵՐՈՒՆ, ԱՊԱՀՈՎԵԼ ԹԵԿՆԱԾՈՒԹԻՒՆ` ԻՐԵՆՑ ԺԱՊԱՒԷՆՆԵՐՈՒՆ ԵՒ Ի ՎԵՐՋՈՅ ՀԱՍՆԻԼ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ: ՍԱԿԱՅՆ ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՅՍՔԱՆ ՃՆՇՈՒՄ ԲԱՆԵՑՆԵԼ: ԿԱՐ ԺԱՄԱՆԱԿ, ԵՐԲ ՇԱՐԺԱՊԱՏԿԵՐԻ ԱՐՈՒԵՍՏԸ ԿԸ ԽՕՍԷՐ ԻՐ ՄԱՍԻՆ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ԱՌԱՒԵԼԱԲԱՐ ԴՐԱՄ ԲՈՒՐՈՂ ՕՍՔԱՐՆԵՐՈՒ ՆԻՒԹԱԿԱՆԱՑԱԾ ԻՄԱՍՏԸ:
Օսքարի քարոզարշաւը դարձած է բազմերես գործառնութիւն մը:
Շատեր ծանօթ են այս եղանակին Լոս Անճելըսի տարածքին ցուցատախտակները պատող հսկայական որմազդներուն, որոնց թիրախը շարժապատկերի աշխարհի տարբեր մրցանակներն են, Կոլտըն Կլոպի մրցանակներն ու օսքարները:
Այս որմազդներուն վրայ սովորաբար կը կարդանք «Ֆոր եուր քոնսիտըրէյշըն» (ձեր նկատողութեան կը յանձնենք) բառերը, որոնք կ՛առաջարկեն թեկնածութիւններ` շարժապատկերի որոշ դասաւորումներու մէջ: Ժապաւէններու հրապարակումէն առաջ անոնց առաջին օրինակները Օսքարի մրցանակներու քուէարկողներուն ուղարկելը նոյնքան ծանօթ երեւոյթ մըն է:
Սակայն քարոզարշաւը այժմ աւելի անդին գացած է եւ կ՛ընդգրկէ հաւաքոյթներ, հարց-պատասխանի նիստեր, ժապաւէններու ծանուցումի ծառայող կայքէջեր, տարօրինակ նուէրներ, յատուկ առիթներով աստղերու ելոյթներ, եւ աւելի՛ն:
Դուրսէն դիտուած` այս բոլորը խելայեղ կը թուին ըլլալ: Սակայն Օսքարի թեկնածու Արտման էնիմէյշընզ ընկերութեան բեմադրիչ Փիթըր Լորտի համաձայն, Օսքարի թեկնածութեան հաւանական առաւելութիւնները առանձինն բաւարար են արդարացնելու նման վարուելակերպը:
«Միայն այս թեկնածութեան պատճառով իմ ստացած դիմումներս եւ պայմանագրութիւններու բանակցութիւններս արդէն կը կազմեն վիթխարի տարողութիւն մը», կ՛ըսէ Լորտ, որուն «Տը փայրէյց. ին էն ըտվենչըր ուիտ սայընթիսց» ժապաւէնը այս տարի թեկնածու էր լաւագոյն շարժուն գծանկարի օսքարին:
Քարոզարշաւի պատասխանատուներ խիստ գաղտնի կը պահեն իրենց վճարած գինը: Սակայն Սքրին ինթըրնեշընըլ ընկերութեան քարոզչութեան բաժնի պատասխանատու Նայճըլ Տելի կ՛ըսէ, թէ Միացեալ Նահանգներու մէջ ժապաւէններ արտադրող ընկերութիւն մը միջին հաշուով կը ծախսէ 250 հազար տոլարէն 300 հազար տոլար:
«Սակայն սահմաններ չկան, եւ ոմանք կրնան ծախսել մինչեւ 500 հազար տոլար: Ամէն պարագայի, շռայլօրէն ծախսելու տարիները անցած են. այժմ աւելի հաշուըուած են գումարները», կ՛ըսէ Տելի:
«Քարոզարշաւի պատասխանատուներ կը հետեւին քննադատական կարծիքներու եւ այլ մրցանակներու արդիւնքներուն, ապա կը դիմեն համապատասխան քայլերու: Այս օրերուն մեծ գումարներ կը ծախսուին նաեւ համացանցի վրայ քարոզչութեան, ինչ որ առիթ կու տայ դատելու եւ ճշգրիտ թիրախներ ընտրելու»:
Զօրանալու Ճիգ
Այն ժապաւէնները, որոնք յաղթանակի արժանի կը նկատուին շարժապատկերի ընկերութիւններու կողմէ, սովորաբար կը հրապարակուին տարուան վերջաւորութեան:
«Միտումնաւոր ճիգ կայ լաւ ժապաւէնները հրապարակելու աւելի ուշ: Ամառը սովորաբար վերապահուած է յատուկ ազդեցութիւններով պատրաստուած շարժուն գծանկարներու արտադրութեան: Միշտ այսպէս եղած է, սակայն ներկայիս` շատ աւելի յստակ կերպով», կ՛ըսէ «Լոս Անճելըս Թայմզ» թերթի շարժապատկերի քննադատ Կլեն Ուիփ:
Այս երեւոյթին առաւելութիւնը այն է, որ օսքարներու թեկնածութեան համար քարոզարշաւը կրնայ զուգադիպիլ նոր հրապարակուած ժապաւէնի մը սովորական ծանուցումներուն, ինչ որ կը նուազեցնէ ծախսերը եւ երկար ժամանակի վրայ ուժ կ՛ապահովէ մինչեւ քուէարկութեան թուականը:
Շարժապատկերի սրահներու մէջ տոմսերու վաճառքի մեկնաբանութիւնները ցոյց կու տան, թէ Օսքարի թեկնածութիւնը շատ աւելի ազդու ներգործութիւն ունի հասոյթներու վրայ, քան` ինքնին Օսքարի արժանանալը:
Այս տարուան լաւագոյն օրինակը «Արկօ»-ն էր: Ժապաւէնը Միացեալ Նահանգներու մէջ սկսաւ ցուցադրուիլ հոկտեմբերին, սակայն անոր քարոզարշաւը իրողապէս սկիզբ առած էր օգոստոսի վերջերուն, եւ առաջին ցուցադրութիւնը մեծ շուքով տեղի ունեցած էր Թելըրայտի փառատօնին, ինչպէս կ՛ըսէ Ուիփ:
Այնուհետեւ ժապաւէնը ցուցադրուած է Թորոնթոյի եւ շարժապատկերի այլ մեծ փառատօներու առիթով: Անիկա կը շարունակէ մաս կազմել իւրաքանչիւր փառատօնի, թէեւ Միացեալ Նահանգներու տարածքին եւ արտասահմանի մէջ քարոզչութեան ընդունուած ժամանակը վերջ կը գտնէ երկու ամիսէն:
Այսուհանդերձ, քարոզչութեան համար յաւելեալ գումարներ ծախսելը եւ ճիգ թափելը պարզապէս շարժապատկերի աստղերուն եսը շոյելու չի ծառայեր: Ժապաւէն արտադրող ընկերութիւններ լաւ գիտեն իրենց հաշիւը:
Թեկնածութիւններ եւ մրցանակներ կը նշանակեն մեծ թիւով տոմսերու վաճառք: Թերեւս զարմանալի չէ, թէ որքան աւելի մեծ գովասանքի արժանանայ ժապաւէն մը մինչեւ Օսքարի հասնիլը, այնքա՛ն աւելի մարդիկ կը փափաքին դիտել զայն:
Քալիֆորնիոյ Նաշ ինթըրնեշընըլ սըրվիսըզ ընկերութեան հաւաքած տեղեկութիւններուն համաձայն, 2011-ին մեծ թիւով օսքարներու արժանացած «Տը քինկ՛զ սփիչ» ժապաւէնը թեկնածութիւններու արժանանալէ ետք աւելի քան 54.7 միլիոն տոլարի յաւելեալ վաճառք արձանագրած է շարժապատկերի սրահներու մէջ, իսկ լաւագոյն ժապաւէնի Օսքարի արժանանալէ ետք` յաւելեալ 17 միլիոն տոլարի շահ:
Ի տարբերութիւն` 2011-ին Օսքարի թեկնածու այլ ժապաւէն մը` «Տը սոշըլ նեթուըրք» նահանջ արձանագրեց շարժապատկերի սրահներու մէջ, այն օրէն, երբ յայտարարուեցաւ, թէ անիկա թեկնածու էր 11 օսքարներու: Սակայն, նոյնիսկ երբ այս ժապաւէնը գլխաւոր որեւէ Օսքարի չարժանացաւ, անոր ապահոված շահը պարզապէս շուրջ 800 հազար տոլարի նուազ էր նախատեսուած շահէն:

Հարվի Վայնսթայն (աջին) այս տարի իր գրաւը դրած էր «Սիլվըր լայնինկզ փլէյպուք» ժապաւէնին վրայ եւ անոր աստղ` Պրատլի Քուփըրի (ձախին):
Տի. Վի. Տի.ներ վարձու տուող վաճառատուներ եւս կը զգան օսքարներու ներգործութիւնը: 2011-ի օսքարներու մրցանակաբաշխումի հանդիսութենէն ետք Լաւֆիլմ ընկերութեան կողմէ արտադրուած «Տը քինկ՛զ սփիչ» ժապաւէնին ապսպրանքները աւելցան 281 առ հարիւր համեմատութեամբ եւ վերանորոգ հետաքրքրութիւն ստեղծուեցաւ գլխաւոր դերով` Քոլին Ֆըրթի այլ ժապաւէններուն նկատմամբ, ներառեալ` 2005-ին արտադրուած «Ֆիւըր փիչ» ֆութպոլի նիւթով ժապաւէնը, որ վարձուեցաւ 340 առ հարիւր համեմատութեամբ յաւելեալ յաճախականութեամբ:
«Տը քինկ՛զ սփիչ» ժապաւէնը յաղթանակ մըն էր Հոլիվուտի մէջ ժապաւէններ արտադրող, ցրուող եւ ծանուցող գլխաւոր ընկերութեան ղեկավար Հարվի Վայնսթայնի համար:
Վայնսթայն կը շեշտէ, թէ լաւ ժապաւէն մը յառաջ մղելու լաւագոյն ձեւը հանդիսատեսներ ներգրաւելն է: Անոր արտադրած ժապաւէնները նախ կը ցուցադրուին քանի մը սրահներու մէջ, ապա կը տարածուին` մրցանակներու թեկնածութիւն ապահովելէ ետք: Այս էր պարագան «Տը քինկ՛զ սփիչ» եւ 2012-ի Օսքարի մրցանակակիր «Տի արթիսթ» ժապաւէններուն, ինչպէս նաեւ` այս տարի Օսքարի թեկնածու «Սիլվըր լայնինկզ փլէյպուք» ժապաւէնին:
«Մտածեցինք, նարտի քարը պիտի նետենք եւ մեր բախտը փորձենք. եթէ քննադատներ լաւ ընդունին ժապաւէնը եւ արժանանանք մրցանակի մը, ապա ժապաւէնը պիտի ծփայ եթերին մէջ` տարածուելով բերնէ բերան եւ շատ աւելի մեծ թիւով անձեր պիտի փափաքին դիտել զայն», կ՛ըսէ ժապաւէնին աստղը` Պրետլի Քուփըր:
Այսուհանդերձ, Վայնսթայն ծանօթ է նաեւ իր այլ հնարքներով: Օսքարի 2012-ի թեկնածուներու ցանկին հրապարակումէն առաջ ան ներկայ եղաւ «Տի արթիսթ» ժապաւէնին առաջին ցուցադրութեան, իրեն հետ տանելով Չարլի Չափլինի երկու թոռնուհիները` իբրեւ հիւր: Այս ձեւով ան ժապաւէնին վարկը բարձրացուց Հոլիվուտի քուէարկողներուն աչքին, որոնք կ՛որոշեն մրցանակակիրները:
Օսքարի Քմայքը
Օսքարի մրցանակաբաշխութեան պատասխանատուները այս մրցանակին պատկերը չվտանգելու նախանձախնդրութեամբ անցեալ տարի խստացուցին քարոզարշաւի օրէնքները: Անոնք սահմանափակեցին թեկնածութեան յայտարարութիւններէ ետք յատուկ ցուցադրութիւններու թիւը եւ արգիլեցին հիւրընկալութիւնը: Յաւելեալ խիստ օրէնքներ սահմանուեցան հակակշիռ բանեցնելու համար:
Սակայն կայ նաեւ այն վիճարկութիւնը, թէ կարգ մը մրցանակակիրներ կը ծնին եւ ոչ թէ` կը կերտուին: Օսքարներու թեկնածուներուն քուէարկողները նկատի կ՛ունենան, թէ տարբեր քննադատներ ո՛ր ժապաւէնները արժանի կը նկատեն մրցանակի, սակայն անոնք նաեւ ունին իրենց սեփական յատուկ ճաշակը:

Էմանուէլ Ռիւայի ներկայութիւնը իբրեւ աստղ` լաւագոյն երկար ժապաւէնի թեկնածութիւնը ապահովեց «Ամուր» Ժապաւէնին:
«Լինքըն»-ի նման ժապաւէններ, որոնք կը բովանդակեն կշիռ ներկայացնող հարցեր եւ հայրենասիրական ապրումներ, նախապատուութիւն կը վայելեն, կ՛ըսէ «Սքրին Ինթըրնեշընըլ» թերթի խմբագիր Ուենտի Միշըլ:
«Կարելի է նախատեսել, թէ «Լինքըն» ժապաւէնին զօրութիւնը կը գտնուի անոր պատմութեան մէջ. նիւթը կեդրոնացած է Միացեալ Նահանգներու տարածքին ստրկութիւնը վերացնելու միտող Բարեփոխութիւն թիւ 13 յօդուածին քուէարկելու երկկողմանի ճիգերուն վրայ: Ինչպէս Օսքարի կարգ մը քուէարկուներու եւ հանդիսատեսներու հետ մեր զրոյցները կ՛ապացուցեն, այս ժապաւէնը դիտելէ ետք մարդիկ շատ հպարտ կը զգան ժողովրդավարութեան այն գործընթացով, որ դրսեւորուած է այնպիսի ժամանակներու, երբ Ներկայացուցիչներու տունը անելի մատնուած է եւ օրէնքներ վաւերացնելը` շատ դժուարացած»:
Օտար լեզուով ժապաւէններու վաճառքը շատ դժուար է: Անոնք հազուադէպօրէն կ՛արժանանան լաւագոյն երկար ժապաւէնի թեկնածութեան եւ փոխարէնը` կը մնան լաւագոյն օտար ժապաւէնի իրենց դասաւորումին մէջ:
«Դժուար է հանդիսատեսները մղել, որ դիտեն օտար ժապաւէններ: Կար ժամանակ, երբ արուեստի որակով պատրաստուած որեւէ լաւ ժապաւէն մեծ իրադարձութիւն էր: Սակայն այժմ իրերը փոխուած են եւ ամէն ինչ կախեալ է խելացի ձեւով բան մը վաճառելու կարողութենէն», կ՛ըսէ Միշըլ:
Սոնի քլասիքս ընկերութեան կողմէ ի գործ դրուած խելացի վաճառքը մեծ դեր խաղցած էր այս տարի ֆրանսերէն «Ամուր» ժապաւէնին ապահովելով Օսքարի բազմաթիւ թեկնածութիւններ, ներառեալ` լաւագոյն երկար ժապաւէնի Օսքարը:
Սոնի կրնար օգտագործել այն իրողութիւնը, թէ «Ամուր» լաւագոյն ժապաւէնի մրցանակը շահած էր Քաննի փառատօնին, ունէր յարգուած բեմադրիչ մը` Միխայիլ Հանեքը, ինչպէս նաեւ` գլխաւոր դերով Էմանուէլ Ռիւան, որ ակնածանք կը վայելէ:
Ինչ կը վերաբերի իբրեւ երկար ժապաւէն պատրաստուած շարժուն գծանկարներուն, անոնք եւս կը դասուին իրաւազրկեալներու շարքին: Եթէ անոնք չյայտնուին իրենց վերապահուած դասաւորումին մէջ, ապա նաեւ կրնան մնալ բոլորովին անծանօթ, ուր մնաց` մրցանակներու արժանանալ, ինչպէս կ՛ըսէ Փիթըր Լորտ:
«Օսքարներու մրցանակաբաշխութիւնը համակուած է դերասաններով եւ աստղերով, իսկ մենք այս երկուքը չունինք մեր ժապաւէնին մէջ: Փիքսըր հզօր ընկերութիւն մըն է, որ կը պատրաստէ սրտամօտ ժապաւէններ եւ կը փափաքի, որ անոնք արժանի նկատուին լաւագոյն երկար ժապաւէնի Օսքարին», կ՛ըսէ ան:
Խղճամիտ Առարկողներ

Ուաքին Ֆինիքս այն սակաւաթիւ աստղերէն է, որոնք վճռական հեռաւորութիւն մը կը պահեն շարժապատկերի նիւթականացած մթնոլորտէն:
Ապա նաեւ քարոզարշաւի այս տեղատարափին ետին կան անձեր, որոնք իրապէ՛ս կարողութիւնը ունին ապացուցելու, թէ այս բոլորը ժամանակի կորուստ է:
Ուաքին Ֆինիքս մերժած է մաս կազմել «Տը մասթըր» ժապաւէնին համար որեւէ քարոզարշաւի, նոյնպէս ալ` Շոն Փեն` «Միլք» ժապաւէնին համար:
Սակայն Ֆինիքս իբրեւ օսքարի թեկնածու այս տարի մասնակցեցաւ օսքարներու մրցանակաբաշխութեան, իսկ Փեն 2009-ին արժանացաւ լաւագոյն դերասանի Օսքարին:
«Անոնք այն դերասաններն են, որոնք կը հաւատան, թէ իրենց արուեստը պէտք է կարենայ խօսիլ իր մասին: Անոնք չեն սիրեր քարոզչութիւնը, հանրութեան աչքէն հեռու ապրող անձեր են», կ՛ըսէ Ուիփ:
Լորտ համաձայն է այս կարծիքին:
«Իբրեւ ժապաւէններու սիրահար եւ լաւատես անձ` կ՛ուզես հաւատալ, թէ լաւագոյն ժապաւէնը մրցանակ պիտի շահի: Ինչպէս որեւէ քուէարկութեան կամ ընտրութեան պարագային, հաճելի չէ այն մտածումը, թէ քուէներ գնուած են», կ՛ըսէ ան:
«Քուլիսներու ետին պայքար տանիլը իմ բնազդիս մաս չի կազմեր, սակայն թերեւս շատ բրիտանացիի պէս կը հնչէ այս գաղափարը: Կը հաւատամ հին ոճին. արժանիք եւ յաղթանակ»:

