Ճեմալ Փաշան Սպաննողին Թոռան Հետ Հանդիպում Երեւանի Մէջ
Միտիլլիի կղզիին մէջ աղուած սարտալիա ձուկ
եւ սառի նման Միտիլլիի ուզօ օղի…
Մոլիվոս, Միտիլլի կղզի
4 հոկտեմբեր 2008
Միտիլլիին աղուած սարտալիա ձուկը հազար տարուան համով ուտելիք մըն է: Արեւը ամպերուն մէջ մերթ կը յայտնուի, մերթ կը կորսուի: Ծովը կ՛ուռի, կ՛ուռի եւ կը ծեծէ ժայռը: Պատառ մը սարտալիա ձուկ, մէկ ումպ` սառի նման ուզօ օղի…
Ճեմալ փաշա, մեծ հայրս, Միտիլլիէն է, բայց ո՛ր շրջանէն ըլլալը չեմ գիտեր: Հայրս` սիրելի Ահմեթ Ճեմալն ալ բան մը չըսած գնաց տարիներ առաջ: Կուկըլէն հետեւեալը կը գտնեմ.
Ճեմալ փաշա, ծնունդ` 6 մայիս 1872, Միտիլլի, մահ` 21 յուլիս 1922, Թիֆլիս:
(6 մայիս` ի՜նչ զուգադիպութիւն: Սուրիոյ եւ Լիբանանի կախաղանները: Յ. Ա.):
Ամիս մը առաջ էր:
Երեւան գտնուած ատենս Սամսոն Էօզարարատը ըսած էր, թէ` «Թիֆլիսի մէջ մեծ հօրդ դէմ եղած ահաբեկիչներէն մէկուն թոռը Երեւան կ՛ապրի, սակայն անոր մեծ հայրը զէնքին բլթակը քաշողներէն մէկը չէ եղած: Կ՛ուզե՞ս ճանչնալ»:
Անունը Արմէն Գէորգեան է:
Մէկ կողմը մեծ հայրս, միւս կողմը` պատմութիւնը… Օսմանեան պատմութենէն` Ճեմալ փաշայի ընտանիքին փաշա մեծ հօրը հետ ունեցած կապերուն մասին իմանալը ժամանակի ընթացքին իմացած էի: Հակառակ ատոր` չկրցայ պահ մը առանց մտածելու ամբողջութեամբ ընկալել դրութիւնը: Ապա ինչո՜ւ պիտի չըլլայ, ըսի ես ինծի: Պատմութենէն թշնամութիւն դուրս բերելը սխալ է, պատմութեան շղթաներէն ձերբազատիլը ճիշդ է, հաշտութեան լոզունգ որդեգրելու մասին տեւապէս գրողը միթէ ես չէի՞:
Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ գտնուող «Մարիոթ» պանդոկի մայթի սրճարանին մէջ տեսակցեցանք Արմէն Գէորգեանին հետ: Տարիքը` յիսունի մօտերը: Անգլերէն կը խօսէր:
Սկիզբը քիչ մը շուարածի նման էի:
Արմէն, շրջան մը քաղաքականութեան հետ շատ սերտ կապ ունեցող հայ ազգայնական մը եղած է: Յետոյ քաղաքականութիւնէն հեռացած է: «Անցեալը հաշտութեան արգելք թող չըլլայ»-ի մթնոլորտին հետ քալող գործարար մը եղած է: Հայաստան – Թուրքիա ֆութպոլի մրցումը տեղի ունենալիք Հրազդան մարզադաշտը վարձակալութեան տուող սեփականատիրոջ ալ գործընկերն ու կազմակերպիչներէն մէկն է:
Երկու լուսանկար բերած է հետը: Երկուքն ալ` դեղնած, եզերքները փճացած, տխուր լուսանկարներ: Մէկը Էրզրումի մէջ իր մեծ հօր կողմէ 1915-էն առաջ բնակեցուած տունն է: Միւսը մեծ հօրը ազգականներուն երկու պզտիկ երեխաները տարագրութենէն եւ սպանդէն ազատող եւ երկու տարի զանոնք պահելէ ետք, անոնց Թիֆլիսի ազգականներուն տանող, յանձնող թուրքին նկարն է: Գլխուն մեծ գալբախ, մօրուքով, պեխերով, պատկառելի տեսքով մարդ մը: Թիկնաթոռի մը վրայ նստած` երկու հայ երեխաներու կողքին:
Արմէնին մեծ հայրը նախօրօք Թիֆլիս ապրած է, յետոյ Երեւան հաստատուած է: Ստալինի ժամանակաշրջանին չէ կրցած խուսափիլ հալածանքէն, աքսորավայրի մէջ մահացած է:
Դէմ-դիմաց նստանք, թէյ եւ սուրճ խմեցինք, հաշտութեան մասին խօսեցանք: Բջիջային հեռաձայններու համարները փոխանակեցինք իրարու: Երբեմն Պոլիս կու գայ եղեր: Յաջորդ գալուն զիս պիտի փնտռէ, զինք ձուկի եւ օղիի պիտի հրաւիրեմ:
Մտերիմ տեսակցութիւն մը եղաւ: Երեւանի մէջ ինծի միշտ հարցուցած էին, թէ` «Ինչե՞ր զգացիր»: Ո՛չ թշնամութիւն, ո՛չ ընկրկում զգացի: Այսպիսի հանդիպման մը առթիւ, չեմ կրնար ըսել, թէ ապագային հայերու եւ թուրքերու միջեւ, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ բարեկամութիւն եւ հաշտութիւն ստեղծելու փոքրիկ նշոյլի մը գոյութեան մասին չմտածեցի:
Արմէն Գէորգեանի հետ մեր հանդիպումէն ետք յատկապէս հայկական սփիւռքի ուշադրութիւնը կեդրոնացաւ եւ լուրը մամուլով այսպէս երեւցաւ. «Ճեմալ փաշային թոռը իր մեծ հայրը սպաննողին թոռան հետ ծանօթացաւ, խօսեցաւ»:
Երեւանի մէջ Արմէն Գէորգեանի հետ հանդիպած օրուան գիշերը բարեկամի մը տան մէջ ծանօթացայ Ջիւան Գասպարեանին եւ հմայուած` արցունքոտ աչքերով անոր տուտուկին ձայնը ունկնդրեցի, տակաւին ականջներուս մէջն են անոր խօսքերը.
«Մարդս այս աշխարհ մերկ կու գայ, մերկ կ՛երթայ: Ժամանակը երբ կու գայ, անցագիրը կու տան ձեռքը… Ոչ մէկը կրնայ խուսափիլ ասկից: Ա՛յս աշխարհի վրայ լաւ երկիր, գէշ երկիր չկայ: Լաւ մարդ, գէշ մարդ կայ»:
Տուտուկի մեծ մենակատար Ջիւան Գասպարեան 80 տարեկան է, անոր ալ արմատները կ՛երկարին դէպի Անատոլու, Մուշ, ձեռքը կը դնէ սրտին վրայ եւ կ՛ըսէ. «Եթէ այստեղը չըլլայ, բերնէն ձայն չըլլէր»: Ամբողջ գիշերը սառով ուիսքին ձեռքէն վար չ՛իյնար: Պահ մը կը թեքի դէպի ականջս.
«Մարդուն ի՜նչ խմելը կարեւոր չէ, որո՛ւ հետ խմելն է կարեւորը»:
Ապա դիմացի պզտիկ սեղանին վրայ Հրանդ Տինքին լուսանկարը զետեղելով` «Սարը կելին»-ը կը սկսի նուագել` տարօրինակ տխուր մթնոլորտ մը ստեղծելով, արցունքոտ աչքերով…
Գաղթը պաշտպանող, կրօնափոխութիւնը
դրուատող նախարար մը…
Օրագիրէս առնուած,
12 նոյեմբեր 2008:
Ուղտին` «ինչո՞ւ վիզդ ծուռ է» հարցուցեր են, ան ալ ըսած է, թէ`
«Որտե՞ղս շիտակ է որ»:
Պաշտպանութեան նախարար Վեճտի Կէօնիւլին խօսքերն ալ նոյնն են: Երեկոյեան լուրերէն, Պրիւքսէլի մէջ պատահածներուն մասին բացատրութիւնները լսած ժամանակ ականջներուս չեմ հաւատար:
1915-ի «գաղթ»-ը կը պաշտպանէր:
«Կրօնափոխութիւն»-ը կը դրուատէր:
Այսպէս կ՛ըսէր.
«Շրջան մը Զմիւռնիոյ Առեւտրական պալատին մէջ պաշտօն ստանձնած էի: Այս պալատին հիմնադիրներուն մէջ մէկ հատ իսլամ չկար: Ամբողջութեամբ արեւելքցիներէ բաղկացած էր: Հանրապետութեան կազմաւորման շրջանէն առաջ եւս Անգարայի մէջ հայերու, յոյներու, հրեաներու եւ իսլամներու վերաբերեալ չորս փողոցներ գոյութիւն ունէին: Եգէականի մէջ բարեբեր հողերը փոքրամասնութիւններուն կը պատկանէին: Ազգ վերակազմելու շրջանին ամէնէն կարեւոր քայլը կրօնափոխութիւնը եղած էր: Մտածեցէք` Եգէականի մէջ յոյները, Թուրքիոյ մեծ մասին մէջ եւս հայերը եթէ շարունակած ըլլային, այսօր արդեօք այսպիսի ազգային պետութիւն մը գոյութիւն կ՛ունենա՞ր»:
Անատոլուի մէջ` վերջին թուրք բոյնը ինչպիսի ցաւերուն վրայ կառուցուած ըլլալը ` բացէ ի բաց բացատրող խօսքեր.
1912` Պալքանեան պատերազմին վերջաւորութեան, 1913 եւ 1914-ին իրականացուած Եգէական եւ Թրակիոյ յոյներուն արտագաղթը…
Առաջին Աշխարհամարտին ընկերացող 1915-ի հայերու տեղահանութիւնը…
1921` Պոնտոսի յոյներուն տեղահանութիւնը…
1922` Զմիւռնիոյ հրդեհը եւ 1924-ին ինքնութեան (անձնանուն) ստիպողական փոփոխութիւնը…
1934` Թրակիա, հրեաները մասնաւորելով` բռնութիւն եւ թալան…
1942` Ունեւորութեան տուրքը…
Պոլսոյ մէջ, յոյները առաջնահերթ առնելով, ոչ մահմետականներու հանդէպ կատարուած բռնութիւն եւ թալան` 1955-ի 6-7 սեպտեմբերին…
Կարճ կապենք. Անատոլուի փոքրամասնութիւններուն հաշուեյարդարը, իսլամները թրքացնելը, թուրք ցեղապաշտութեան կառչած` կրօնին պետականացմամբ` «ազգ-պետութիւն» հիմնելը…
Հապա՞ այդ ապրուած ցաւերը, տառապանքնե՞րը:
Մասնաւորաբար` 1915-ը՞:
Այս հողերուն պատմութիւնը տակնուվրայ ըլլալէն մինչեւ քսանմէկերորդ դար տակաւին ի՜նչ լաւ եղած է ըսելով բարբառելը որքան դառն է… Մարդիկը իրենց երկիրներէն, տուներէն, տեղերէն բռնի պոկելով` նետել մեծ փորձանքներու մէջ, եւ այդ օրերէն հարիւր տարի անցնելէն վերջն իսկ, տակաւին տեղացին լման չտեղաւորուած, տակաւին նոյնիսկ ձեւով մը սրտին մէջ զգալով, այս մեծ ցաւերուն բաժնեկից չդառնալը անհնար է…
1915-ը, 1916-ը մտածեցէ՛ք:
Մանուկ-պատանի, երիտասարդ, տարեց, կին, տղամարդ չըսած, հարիւր հազարաւոր հայեր, պետութեան պաշտպանեալ քաղաքացիները, տեղերնէն, բոյներէն, իրենց հողերէն պետական ուժի բռնութեամբ կը հանես եւ կը քշես: Ինչքերուն եւ կալուածներուն ձեռք կը դնես: Ջարդուելու կը ղրկես: Հետքերը կը ջնջես, մշակութային մաքրաջնջում կ՛ընես:
Աւելի ետքը ապրողներուն ի՛նչ անուն որ կու տաս, տո՛ւր. գաղթ, ողբերգութիւն, ջարդ, ցեղասպանութիւն, ցեղաջնջում, մշակութային մաքրաջնջում: Այս բոլորը միատեղ ամփոփող կէտ մը գոյութիւն ունի, այդ մէկն ալ մեր պատմութեան ամօթալի էջն է` 1915-ը…
Եւ պաշտպանութեան նախարար Վեճտի Կէօնիւլին Պրիւքսէլի մէջ ըրածին նման, այսօր տակաւին մեր պատմութեան այս ամօթալի էջերը ջատագովելը ցաւալիօրէն բացայայտ է:
1915-ին, հանրապետութեան կազմաւորման
շրջանին խօսք մը կը դառնար տեւապէս:
Եթէ հանրապետութիւնը իթթիհատական խմբակին
գործն է, այսօրուան իշխանաւորները,
հանրապետութենէն առաջ պատահած արարքները գաղտնի
պահելէն աւելի բնական բան մը չունին ընելիք:
Ի՞նչ տեղի ունեցած էր 1915-ին եւ 1916-ին
Թաներ Աքչամ այսպէս կը բացատրէ.
Պատմական եղելութիւններուն մեկնակէտ մը հաստատելու համար, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, եթէ պէտք պիտի ըլլայ թուական մը գտնել, զայն 1913-ը նկատելը սխալ պիտի չըլլայ:
Պալքանեան պատերազմի պարտութեան հետքերով, կայսրութեան քրիստոնեայ հաւաքականութեան հետ արդէն տեւական հարց մը ապրող Իթթիհատ եւ թերաքքը կուսակցութիւնը քրիստոնեաներուն հետ միատեղ ապրելու օսմանեան պետութեան գոյութիւնը պահելու կապակցութեամբ ապահովութեան վտանգին առաջքը առնելու որոշման յանգեցաւ: 1913-ին քրիստոնեայ բնակչութեան նուազեցման ճամբուն նոր ծրագիր մը կեանքի կոչել սկսաւ:
Այս ծրագիրը նախ արեւմտեան Անատոլուի յոյները, ծովեզերքն ու Թրակիան նկատի առած էր: Այդ շրջաններուն յոյն բնակիչները բռնութեան, սարսափի եւ սպանդի միջոցներով իրենց գիւղերէն կը բռնահանուէին եւ օսմանեան պետութեան վարձած նաւերով Յունաստան կը ղրկուէին:
Առաջին Աշխարհամարտի սկզբնաւորութեան, Սարըղամիշի ճակատամարտին պարտութեան պատճառով, այս անգամ գլխաւորաբար հայերը ըլլալով, ասորիները, նեստորականներու նման տարբեր քրիստոնեայ հաւաքականութիւններ թիրախ առնուեցան: (…)
1914-ի փետրուարին ռուսերն ու օսմանցիները արեւելեան նահանգներու մէջ հայկական բարեկարգումներու հարցով համաձայնած եւ համաձայնագիր մըն ալ ստորագրած էին: Խորքին մէջ Իթթիհատ եւ թերաքքըն այս համաձայնագիրը դժկամութեամբ, մեծ պետութիւններու ստիպումներուն տակ ստորագրած էր` քաջ իմանալով, որ այս արարքը քայլ մըն էր` նետուած արեւելեան Անատոլուն կորսնցնելու վերաբերեալ:
Ռուսերուն տարած Սարըղամիշի յաղթանակը մէջտեղ կը հանէր այս մերժելի ծրագրի իրագործումին կարելիութիւնը թուրքերուն կողմէ: Իթթիհատականները տարուած էին արեւելեան Անատոլուն ռուսերու եւ հայերու կողմէ գրաւուելու մտածումով: Նոյն ամիսներուն անգլիացիները Չանաքգալէն կը նեղէին եւ Պոլիսը կորսնցնելը ժամանակի հարց մըն էր: «Քանի այս տեղերուն տէրը ես պիտի չըլլամ, ոեւէ մէկուն ալ թող չըլլայ»-ի նման մտայնութիւն մը Անատոլուի ամբողջ հայերուն ոչնչացման արիւնոտ ծրագիրը մէջտեղ դրաւ»:
Բուն նպատակը հայ բնակչութեան թուաքանակը 5-էն 10 առ հարիւրի իջեցնելու սպառնալիքն էր: 1915 ապրիլին այս մահաբոյր ծրագիրը կեանքի կոչուեցաւ:
Մէկ միլիոն հայեր Սուրիոյ եւ Իրաքի անապատները քշուեցան: Սուրիա հասած հայերուն թիւը 500 հազարի սահմաններուն մէջ էր եւ նախատեսութիւններէն շատ աւելի էր:
Այս հաշուով, 1916-ի մարտ-ապրիլ ամիսներէն սկսած, մասնաւորապէս ամրան ամիսներուն, Տէր Զօրի անապատներուն մէջ երկրորդ մեծ սպանդ մը կազմակերպուեցաւ: Հայերը սպառնալիք ըլլալէն դուրս բերուեցան: Գործին գլխաւոր նպատակը այս է, մնացեալը մանրուք է:
Գալով օսմանցիին ծունկի գալուն կամ կքելուն եւ անոր հողերուն վրայէն հատ հատ ազգային պետութիւններու վերակազմութեանը, ասոնք հարցին ամենակարեւոր շրջանցումն էին:
Սկիզբ ըլլալով` 1802-ին Սերպիոյ քայլը կարելի է նկատի ունենալ: Այս շարժումը կայսրութեան արեւմուտքէն արեւելք շատ արագ քալեց: Եւրոպայի հողամասերուն վրայ գտնուող զանազան ազգային պետութիւններ իրարու հետեւեցան:
Սերպ, յոյն, պուլկար, ռուման եւ ալպան ազգային պետութիւններուն կազմաւորումը, միշտ ջարդերու եւ արցունքներու ճրագին տակ, օր ցերեկին լոյս աշխարհ եկան: Անատոլուն եւ արաբական հողերը այս շարժումին ամէնէն վերջը մտան:
Թուրքիոյ Հանրապետութեան կազմաւորումը մեծաւ մասամբ իթթիհատական պաշտօնատարներու կողմէ իրականացած է: Այս անձնակազմին կարեւոր մէկ մասը 1915-ի ջարդերուն դերակատարներն են եւ կամ այդ շրջանին հարստացած են: Ճիշդը եթէ կ՛ուզէք, 1915-էն հանրապետութեան կազմաւորումը տեւապէս որոճացուող նիւթ մը եղած է:
Դժուարութիւնները երկու տեսակ են:
Առաջինը, եթէ հանրապետութիւնը իթթիհատական խմբակին գործն է, այսօրուան իշխանաւորները հանրապետութենէն առաջ պատահած արարքները գաղտնի պահելէն աւելի բնական բան մը չունին ընելիք:
Ասոր մէյ մըն ալ օսմանական հանրապետութիւնը իրականացնողներուն, 1878 օսման-ռուս պատերազմի հետեւողութեամբ, իրականօրէն 1912-1922-ի միջեւ ծանր ցնցումներ ապրած ըլլալու իրականութիւնը կրկնել պէտք է: Անոնք տեւապէս ոչնչացման, բնաջնջման, քարտէսէն սրբուելու հոգեբանութիւնը ապրեցան:
Ամբողջացուելիք ուրիշ հարցումներու կողքին, 1923-ը իբրեւ զերօ կէտ ընդունուեցաւ: Հանրապետութիւն, բանակ եւ դիւանակալութեան կողմէ ոչինչէն ծնած` հասկացողական գաղափարախօսութիւն մը, որուն ծնունդը ամբողջութեամբ մութ էր:
Այս հանգրուանին Մուսթաֆա Քեմալին դերը ծայր աստիճան պատմական է եւ կարեւոր: Աթաթիւրք 1915-ը դատապարտող տեսակաւոր ճառեր խօսած է, եւ Իթթիհատի առաջնորդները իբրեւ ոճրագործ ամբաստանած:
Սակայն տեսածս այն է, որ Մուսթաֆա Քեմալին 1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնը մեղադրող այս խօսքերը այսօր շատ մեծ ազդեցութիւն չեն ըներ եւ չեղեալ կը համարուին: Ասոր ետին գտնուող պատասխանը, ըստ իս, 1915-ին եւ հանրապետութեան միջեւ աչքառու տեւողութեամբ իրականութեան մը պառկած կամ քնացած ըլլալն է:
Անցեալի մեղքերուն տէր դարձանք,
այսպիսով, նոր մեղքեր գործեցինք…
իթթիհատականներուն մեղքերը մերժել,
այդ մեղքերուն տէր դառնալ` կը նշանակէ
այդ ոճիրներուն մեղսակից ըլլալ:
Օսմանեան շրջանին, Իթթիհատ եւ թերաքքըին 1915-ի արիւնոտ ժառանգի մը ի՞նչ ըսելով, ինչպիսի՞ մտքով հանրապետութեան միանալով` անոնց արարքները կրեցինք: Այս պատմական մեծ մեղքը տակաւին որքա՞ն մեր ուսերուն վրայ պիտի կրենք:
1915-ի ցաւերուն տակաւին տէր կանգնողներուն որեւէ ձեւով ընկերակցելու պարտաւորութեան տակ մեր մնալը ե՞րբ պիտի հասկնանք:
Ճիշդը, այսօր, իբրեւ պետութիւն, մեր ընելիքը պէտք է ըլլայ Իթթիհատ եւ թերաքքըի բռնապետութեան եւ անոր գաղտնի պետութեան` «Թաշքիլաթի մահսուսա»-ին կողմէ 1915-ին, 1916-ին մարդկութեան դէմ գործած յանցանքները անիծել եւ հայերէն ներողութիւն խնդրել: Այդպիսի պետական առաջադրանք մը Թուրքիան աւելի պիտի բարձրացնէ:
Այս հարցին մասին Ահմեթ Ալթան կը գրէ.
Իթթիհատականներուն մեղքերը մերժել` այդ մեղքերուն տէր դառնալ, այդ ոճիրներուն մեղսակից ըլլալ կը նշանակէ:
Դուք ինչո՞ւ իթթիհատական ոճրագործներուն յանցանքին գործընկերութիւն կ՛ընէք: Իթթիհատականներուն ոճիրները հայրենասիրութիւն ըլլալ տեսնողներդ, այդ հասկացողութիւնը իւրացնողներդ, նոյն մեղքի մտայնութեան բոլոր ոճիրներուն տէր պիտի կանգնի՞ք:
Ալի Շիւքրի պէյը նոյն մտայնութեամբ սպաննուեցաւ: Իսքիլիփլի Աֆիֆ խոճան նոյն մտայնութիւնը (գերեզման) տարաւ, Տերսիմի հազարաւորները կազերով խեղդեց նոյն մտայնութիւնը, շէյխ Սայիտը սպաննող, Սայիտ Նուրսինին գերեզմանը անհետացնողը նոյն մտայնութիւնն է, զինուորական յեղաշրջումները նոյն մտայնութիւնը իրագործեց, տենիզները նոյն մտայնութիւնը կախաղան առաջնորդեց:
Ասոնց բոլորին ալ յանցանքի գործընկե՞րն էք:
Ճիշդ մեր դիմացը ՍՈՒՍՈՒՐԼՈՒՔ ոճիրը կայ: ԷՐԿԵՆԵՔՈՆ կայ: ԺԻԹԵՄ կայ: Հրդեհուած երեք հազար քրտական գիւղ, փողոցներուն մէջ սպաննուած հազարաւոր քիւրտեր կան:
Ասոնք ո՞ր մտայնութեան արդիւնքը կը սեպէք: 1915-ին թափուած հայերու արիւններուն վազած գետակէն հոսեցան այս մարդոց արիւնները:
Եթէ 1915-ի հաշիւի մասին հարցուած ըլլար, յանցանքները Պոլսոյ օսմանեան դատարանին մէջ ըլլալու փոխարէն` Անգարայի հանրապետական դատարանին մէջ ըլլար դատավարութիւնը, աւելի ետք ջարդեր եւ ոճիրներ չէին գործուեր:
Սակայն այդպիսի հանրապետութիւն մը չկերտեցինք:
Անցեալի մեղքերը շալկեցինք եւ նոր մեղքեր գործեցինք:
Եթէ նոր Թուրքիա մը պիտի հիմնենք, անցեալի իրականութիւնները տեսնելու ստիպուած ենք:
Այժմ, բոլոր եղելութիւններէն ետք, անոնք
ըրին, մենք ալ ըրինք` պիտի ըսե՞նք:
Ապա թէ ոչ, ապրուած ցաւերը ըմբռնելով, բաժնեկցելով,
միլլիէթճիները շրջանցելով`
հաշտութեան ճամբայէ մը անցնի՞նք:
Գիտեմ, ականջիս հիմա կը հնչէ.
Բայց մենք` թուրքերս ալ, իսլամներն ալ Պալքաններէն, Կովկասէն, Կրետէէն, Միտիլլիէն. մեր հողերէն բռնի տարտղնուելով միթէ դուրս չի դրուեցա՞նք:
Մեր արմատները չպոկուեցա՞ն:
Ճիշդ է, մեր մեծ հայրերը, մեծ մայրերն ալ այս ցաւերը ապրեցան: Իմ ընտանիքիս արմատներն ալ Կովկասէն, Րումելիէն ցրուած են: Յոյն ազգայնականներ, սերպ, պուլկար ազգայնականներ, ռուս ազգայնականներ, հայ ազգայնականներն ալ իսլամներուն, թուրքերուն մեծ ցաւեր քաշել տուած են:
Այժմ, բոլոր եղելութիւններէն ետք, անոնք ըրին, մենք ալ ըրինք` պիտի ըսե՞նք: Ապա թէ ոչ, ապրուած ցաւերը ըմբռնելով, բաժնեկցելով, միլլիէթճիները շրջանցելով` հաշտութեան ճամբայէն մը անցնի՞նք:
Ո՞ր մէկը:
Պաշտպանութեան նախարար Վեճտի Կէօնիւլին Պրիւքսէլի մէջ արտասանած այդ խօսքերը մեղք որ միլլիյէթճիներուն սահմաններուն փակած մնացած մտայնութիւնը կը հնչեցնէ:
Այս մտածելակերպը աշխարհը ծաղկեցնող, արմատները մինչեւ Իթթիհատ եւ թերաքքըի ժամանակաշրջան հասնող քեմալական-միլլիյէթճի պատմութեան շարադրանքէն, դասաւանդութեան հասկացողութենէն ե՞րբ պիտի ձերբազատինք:
Մի միայն այս երկրամասին մէջ չէ, Եւրոպայի քանի մը վայրերուն մէջ ալ կռուող ազգայնականներ առկայ են, ազգ-պետութիւն գոյացումի շրջանին գետակի նման արիւն հոսեցաւ: Բայց ասոնցմով այսօր դեռ «մեր ձեռքերը դալար» մտայնութեամբ մը հպարտանալու այլեւս շատ քիչ տեղ կը հանդիպիս: Ատոնցմէ մէկը Թուրքիան: Ի՜նչ մեղք, որ այդպէս է:
Ծեր ցամաքամասը (Եւրոպա. Յ. Ա.), անցնող հարիւր տարիներու ընթացքին արեան լիճերու վերածող ազգայնականներէն փրկուելու համար, Եւրոպական Միութենէն ներս, ընկերվարութեամբ, օրէնքի պետութեան, մարդու իրաւունքներու եւ ազատութեան օրինաչափով յառաջդիմեց: Յատկապէս «մշակութային զանազանութիւններ»-ու յարգանքը հաշտութեան հիմնական սիւնը ըրաւ: Անցեալին հետ հաշուեյարդարի եւ դէմ դիմաց գալու մեքանիզմները լարեց:
Սակայն մենք տակաւին այս ճամբուն մէջ չենք կրցած մտնել: Աւելի՛ն. ազգային պաշտպանութեան նախարարը Եւրոպական Միութեան մայրաքաղաք Պրիւքսէլի մէջ հարիւր տարի առաջ պատահած «գաղթին», «բռնութիւններուն» մէջ գովեստի բաժին կը փնտռէ:
Այս մէկը այնպիսի մտայնութիւն մըն է, որ քիւրտերուն դէմ 1938-ի Տերսիմի ջարդն ալ, հրեաներու դէմ 1930-ականներուն Թրակիոյ դէպքերն ալ, Համաշխարհային Բ. պատերազմին Ունեւորութեան տուրքն ալ, 1950-ականներուն Պոլսոյ յոյներուն, հայերուն դէմ 6-7 սեպտեմբերի ծրագիրն ալ այս ազգայնամոլ, ցեղապաշտ մտայնութենէն ժայթքած էր:
Այս մէկը այնպիսի մտայնութիւն մըն էր, որ «Քրտական հարց»-ն ալ, «Ալեւի հարցն» ալ այս ազգայնական մոլեռանդութիւնը հրահրեց:
Ասիկա այնպիսի մտայնութիւն մըն է, որ` «Կա՛մ սիրէ, կա՛մ ձգէ` գնա՛» ասացուածքն ալ այս մոլեռանդութեան արգասիքն է:
Ասիկա այնպիսի մտայնութիւն մըն է, որ` «Հարաւ-արեւելք»-ի մէջ անթլփատներուն դէմ կը պատերազմինք» խօսքը նոյն մարդոց մտայնութեան բերքն է:
Ոճիրները հայրենասիրութեան շրջանակին մէջ մխրճել գիտցողը, «Խնդրոյ առարկան եթէ հայրենիքն է, մնացածը անկարեւոր բաներ են» մտայնութիւնը Թուրքիոյ մէջ պետութիւն եւ հաւաքականութիւն արժեչափով, կրթական դրութեան հիմերը փորելով մէկդի նետել կը նշանակէ:
Իրա՛ւ որ ընկերվարական երկրի մը այսպիսի նախարար մը իր աթոռը չէր կրնար պաշտպանել:
Ահաւասիկ Ճափոնէն օրինակ մը.
24 սեպտեմբեր 2008-ին Ճափոնի կառավարութեան նախարարական նիստին հաղորդակցութեան եւ զբօսաշրջութեան նախարար Նաքայամա այսպէս ըսած է.
«Ճափոնցիները օտարները չեն սիրեր… Այստեղ ազգային ակնոցով միատարր եւ չափազանցօրէն դէպի ներս նայող երկիր է»:
Ճափոնի հանրային կարծիքը ոտքի կ՛ելլէ եւ այս նախարարը այս խօսքին հարցին պատճառով քանի մը օրերու ընթացքին կառավարութենէն հրաժարական տալու ստիպողութեան տակ կը մնայ:
Արարատ Տինքէն. «Չունեցածս,
թուրքի ունեցուածքին նուէր թող ըլլայ»:
Օրագիրէս
14 նոյեմբեր 2008
Ազգային պաշտպանութեան նախարար Վեճտի Կէօնիւլին խօսքերուն արձագանգող Հրանդ Տինքի զաւակ Արարատ Տինքին կողմէ «Թարաֆ» օրաթերթին տրուած անդրադարձէն մաս մը.
«Շատ լուրջ առաջարկ մը կայ: (…) Գիտէք, որ (Թուրքիոյ մէջ) երբ բոլորս մէկ բերան կ՛երդնունք` ըսելով, որ` «Ունեցածս թուրք ունեցուածքին նուէր թող ըլլայ»… Փոքրամասնական դպրոցներու աշակերտներուն` «Չունեցածս թուրքի ունեցուածքին նուէր թող ըլլայ…» ըսել տանք եւ խնդիրը թող փակուի»:
Ճեմալ Փաշայի թոռան`
Հասան Ճեմալի
«1915. Հայոց ցեղասպանութիւնը»
թրքերէն հատորէն
Հայացուց` ՅԱԿՈԲ ԱԴԱՄԵԱՆ
Լաթաքիա
Յունուար, 2013
(Շար. 2 եւ վերջ)

