Թրքական Օղակ` Յունաստանի Շուրջ Եւ Գործարարներու Ներխուժում. Տեղեկանանք Թուրքիոյ «Սիւլէյման» Ծրագրի Մասին

Յունաստան ներթափանցելու թրքական ջանքերը իրենց զօրակիցը գտած են Ալպանիոյ մէջ, որուն հետ վերջերս կարեւոր համաձայնագրեր կը կնքուին, յատկապէս` գործարարական մակարդակի վրայ:

Անցեալ շաբաթավերջին Թիրանա այցելեց Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Իսմեթ Եըլմազ, որ հանդիպումներու շարք մը իրագործեց երկրի ղեկավար շրջանակներուն հետ: Հանդիպումներու բովանդակութիւնը «փակ» մնաց լրագրողներուն համար: Այն, ինչ որ հրապարակուեցաւ, Սալի Պերիսայի եւ Պուեար Նիշանի շնորհակալական խօսքերն էին` Թուրքիոյ  տրամադրած զինուորական աջակցութեան կապակցութեամբ: Թուրքիա կը ձգտի ուժեղացնել Ալպանիոյ մէջ իր ռազմական ներկայութիւնը, անոր փոխարէն` զինուորական դաստիարակութիւն տրամադրելով ալպանացիներուն, ապա նաեւ` զէնքեր: Անգարա լուրջ ներդրումներ կը կատարէ Ալպանիոյ մէջ` երկիրը համարելով ընդհանուր տարածաշրջանէն ներս իր «արբանեակը»: Եըլմազի այցելութենէն հազիւ քանի մը օր առաջ յայտարարուեցաւ Տիրախիոյի նաւահանգիստի ապրանքաշրջանառութեան բաժնի տրամադրումը թրքական «Քուրում շիփինկ» ընկերութեան, 35 տարուան ժամկէտով: Հոս կ՛արժէ նշել, թէ նոյն այս ընկերութեան կը պատկանին Ալպանիոյ Պիսթրիցա շրջանին ջրաելեկտրակայանները, ուրկէ ելեկտրականութիւն կը մատակարարուի նաեւ Յունաստանի: Թրքական հետաքրքրութիւնը յունական կղզիներու նաւահանգիստներու, հիւսիսային Յունաստանի մէջ զբօսաշրջական համալիրներու եւ բոլոր նմանօրինակ ծրագիրները կը կրեն «Սիւլէյման» անունը…

 

Share this Article
CATEGORIES