Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Ձեռնարկէ Արեւմտահայերէնի Յատուկ Դասընթացքի
Արեւմտահայերէնի բիւրեղացումը եւ անոր գործածութեան տարածումը Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան համար կը մնայ առաջնահերթ մտահոգութիւն: Այս ուղղութեամբ, անցնող վերջին տարիներուն ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը դիմեց որոշ շօշափելի քայլերու` կազմակերպելով համագումարներ, դասախօսութիւններ եւ հանդիպումներ: Այս ծիրին մէջ` իբրեւ գլխաւոր նախաձեռնութիւն անհրաժեշտ է յիշել Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան յանձնաժողովի նշանակումը: Յանձնաժողովը վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ արդէն իսկ սկսած է իր աշխատանքներուն:
Արեւմտահայերէնի բիւրեղացման ու պաշտպանութեան ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներու շրջագիծին մէջ յատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Հայագիտական հարցերու բաժանմունքին կողմէ կազմակերպուած արեւմտահայերէնի խտացեալ դասընթացքը:
Յիշեալ դասընթացքին հետեւեալ նիւթերը կը ներկայացուին. «Ուղղագրութիւն», դասախօս` Սարգիս Կիրակոսեան, «Քերականութիւն եւ շարահիւսութիւն», դասախօս` Գեղանի Էթիեմեզեան, «Շարադրութիւն եւ լեզուական ընթացիկ սխալներ», դասախօս` Կարօ Յովհաննէսեան, «Զրոյց լեզուի մասին», դասախօս` Ժիրայր Դանիէլեան, «Լեզուական ստուգաբանութիւն», դասախօս` Քրիստափոր Միքայէլեան եւ «համակարգիչ», դասախօս` Արծիւ Տէր Խաչատուրեան:
Ներկայ տարուան դասընթացքը սկսաւ յունուարին եւ պիտի տեւէ մինչեւ մայիս, շաբաթական երկու օր եւ չորս պահուան դրութեամբ: Անոր կը մասնակցին զանազան մարզերու մէջ ծառայող 26 հայորդիներ:
Կազմակերպիչ յանձնախումբին հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին վեհափառ հայրապետը իր քաջալերանքն ու գնահատանքը արտայայտեց` յոյս յայտնելով, որ այս դրական երեւոյթը նոր ծաւալ ստանայ յառաջիկային: