Սուրիոյ Տագնապին Լուծման Գծով Բոլորին Հայեացքը Սեւեռուած Է Հռոմի Համաժողովին

Սուրիոյ ընդդիմադիրներու նախաձեռնութեամբ, Հռոմի մէջ գումարուած համաժողովը իր վրայ կեդրոնացուց Սուրիոյ տագնապին առնչակից կողմերուն ուշադրութիւնը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի թելադրեց քաղաքական լուծում մը որդեգրելու այս գծով, առ այդ` ան փորձեց համոզել Սուրիոյ ընդդիմութեան ղեկավարներէն Մաազ Խաթիպը` մասնակցելու սոյն համաժողովին: Նշենք, որ Սուրիոյ ընդդիմադիր շարժումը յայտարարած էր, թէ պիտի չմասնակցի Հռոմի ժողովին` առ ի բողոք պատկան կողմերու Սուրիոյ վարչակարգին ի նպաստ ցուցաբերած կեցուածքին:

17 պետութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ սուրիացի ընդդիմադիրներու կողմէ ուղարկուած պատուիրակներու ներկայութեան գումարուած սոյն համաժողովին տիրական էր Սուրիոյ տագնապը քաղաքական միջոցներով լուծելու ելքի գրաւականը:

Այս ծիրին մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտնեց, որ Ռուսիա եւ Ֆրանսա կրնան տարակարծիք ըլլալ Սուրիոյ տագնապի լուծման ձեւերուն գծով, սակայն անոնք կը շեշտեն, որ ամէն գնով պէտք է արգիլել Սուրիոյ տարբաղադրումը կամ բաժանումը:

Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ, որ այս օրերուն Մոսկուա կ՛այցելէ յայտնեց, որ բոլորս կը ձգտինք կանխարգիլել Սուրիոյ պետական կառոյցի քայքայումը եւ կը ջանանք յաջողցնել քաղաքական երկխօսութիւնը, որուն գծով անհրաժեշտ է առնչակից բոլոր կողմերուն մասնակցութիւնը: «Տագնապի բարւօք լուծման ձախողութեան իւրաքանչիւր օր կը բազմացնէ զոհերու թիւը` դուռ բանալով արմատականութեան տարածման Սուրիոյ մէջ», ընդգծեց Ֆրանսայի նախագահը:

Նշենք, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս ամերիկացի իր պաշտօնակից Ճոն Քերրիին հետ ժողովի աւարտին քննադատած էր նախագահ Ասատի կեցուածքը` պահանջելով, որ ան լքէ իշխանութիւնը: «Կացութիւնը Սուրիոյ մէջ անընդունելի է», ընդգծած էր Ֆապիւս` Քերրի հետ տուած իր մամլոյ ասուլիսին ընթացքին:

Հռոմի համաժողովի աւարտին կատարած իր յայտարարութեամբ Սուրիոյ ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինի ղեկավար Մաազ Խաթիպ յայտնեց, որ ժողովականները համաձայն գտնուած են.

Ա.- Ամէն ձեւով դէմ կենալու Սուրիոյ բաժանումին:

Բ.- Պահանջել նախագահ Ասատէն, որ տուն մեկնի եւ ջլատուի վարչակարգի ապահովական կառոյցը:

Այս գծով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Պոկտանով դատապարտեց ծայրայեղական շարժումի տարածումը Սուրիոյ մէջ` զգուշացնելով, որ անիկա պիտի տարածուի եւ ժխտական հետեւանքներ ունենայ Սուրիոյ մերձակայ երկիրներուն մէջ:

Միւս կողմէ, վաղը` շաբաթ, Պոլսոյ մէջ նախատեսուող համագումարը յետաձգուեցաւ անորոշ թուականով: Սուրիացի ընդդիմադիրներու այս հանդիպումին յետաձգման մասին յաւելեալ տեղեկութիւն չփոխանցուեցաւ:

Ճոն Քերրի Կը Յայտնէ, Թէ Միացեալ Նահանգներ
60 Միլիոն Տոլարի Յաւելեալ Օժանդակութիւն
Պիտի Տրամադրեն Սուրիոյ Ընդդիմադիրներուն

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի երէկ վերահաստատեց իր երկրին զօրակցութիւնը սուրիական ընդդիմութեան` նշելով, որ 60 միլիոն տոլարի յաւելեալ օժանդակութիւն պիտի տրամադրուի Սուրիոյ ընդդիմադիրներուն ուտեստեղէնի եւ դեղօրայքի կարիքները գոհացնելու համար: Ան կոչ ուղղեց վերադառնալու Ժընեւի յայտարարութեան տրամադրութեանց, որոնց համաձայն գտնուած էր նաեւ Ռուսիա:

Միւս կողմէ, մինչ Քերրի պնդեց, թէ Միացեալ Նահանգներ զէնք պիտի չհայթայթեն սուրիացի ընդդիմադիր զինեալներուն, փենթակոնի մօտիկ աղբիւրներու համաձայն, Միացեալ Նահանգներ բաւարար զինամթերք պիտի հայթայթեն Սուրիոյ ընդդիմադիր ոչ ծայրայեղական ուժերուն:

 

Share this Article
CATEGORIES