Ժաաֆարի Թուրքիայէն Կը Պահանջէ Միջամուխ Չըլլալ Իրաքի Հարցերուն
Իրաքի Ազգային դաշինք կուսակցութեան նախագահ Իպրահիմ Ժաաֆարի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Իրաքի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան գործավար Աւէ Ճէյլանի հետ` կոչ ուղղելով Թուրքիոյ աւելի դրական մօտեցում ցուցաբերելու Իրաքի նկատմամբ: Այս առիթով հրապարակած իր հաղորդագրութեամբ Ժաաֆարիի գրասենեակը Թուրքիայէն պահանջեց միջամուխ չըլլալ իր երկրի հարցերուն:
CATEGORIES Միջազգային

