Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ իրենք նեղացած են ընտրական օրէնքի մը շուրջ համաձայնութիւն մը գոյացնել չկարենալու իրականութենէն:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Սուրիոյ տագնապին պատճառով Լիբանանի մէջ ընտրական համախոհական օրէնք մը կարելի պիտի չըլլայ գոյացնել, ինչպէս նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի դատապարտուին յետաձգումի:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, վերջերս Լիբանան այցելած եւրոպացի նախարար մը յայտնած է, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները իրենց ազդեցութիւնը պիտի ունենան Սուրիոյ վարչակարգին օրինականութեան վրայ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ լիբանանցի պատասխանատուներուն փոխանցուած է արաբական եւ միջազգային որոշում մը, որ կը շեշտէ երեսփոխանական ընտրութիւնները կայացնելու անհրաժեշտութիւնը:
ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ազատ բանակի սպայակոյտի պետ զօրավար Սելիմ Իտրիս յայտնեց, որ իրենք պիտի հակադարձեն լիբանանեան հողերէն իրենց դէմ կատարուելիք որեւէ յարձակումի:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանին ներկայացուց Մուսթաքպալ հոսանքին կողմէ գրեթէ վերջնականացուած ընտրական օրինագիծի տարբերակը: Ան նախագահ Սլէյմանէն խնդրեց Սուրիոյ հետ Լիբանանի սահմանային շրջանին մէջ ապահովական կացութիւնը կայունացնելու առնչութեամբ միջոցառումներու դիմել:
ՍԱՅՏԱՅԻ Պիլալ պըն Ռապահ մզկիթի իմամ շէյխ Ահմետ Ասիր արդէն իսկ ունի 300 զինեալ, որոնց մեծ մասը սիւննի համայնքէն պաղեստինցիներ են. ան կը սպառնայ Սայտայի մէջ դիմադրել ապահովական ուժերուն եւ Հըզպալլայի:
ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ օդուժը թռիչքներ գործած է Աքքարի եւ Պեքաայի վերեւ:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ գուժեց Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը եւ կոչ ուղղեց գոյացնելու համախոհական ընտրական օրէնք մը` հիմնուելով խառն օրինագիծին վրայ:
ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ֆայսալ Քարամէ յայտնեց, որ Թրիփոլիի եւ լիբանանեան այլ շրջաններու մէջ ապահովական կացութիւնը պայթեցնելու բոլոր տուեալները կան, սկսեալ` զինումէն եւ ապահովական որոշ դասաւորումներէ:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապին մէջ լիբանանեան տարրերու բացայայտումը կը հակադրուի Լիբանանի կառավարութեան որդեգրած այդ տագնապին նկատմամբ չէզոք մնալու պաշտօնական կեցուածքին:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, երեսփոխանական ընտրութիւնները դատապարտուած են յետաձգուելու:
ՇԹՈՐԱՅԻ «Քէյ. Էֆ. Սի.» ճաշարանին մէջ գտնուած է ռումբ մը, որ ականուած չէ եղած:
ՍՈՒՐԻ մէջ անձնական խնդիրի մը պատճառով արձանագրուած են զինեալ բախումներ, որոնք նիւթական վնասներ պատճառած են:
ՆԱԽԿԻՆ ընդհանուր դատախազ Ատնան Ատտում յայտնեց, որ կառավարութեան մշակած ընտրական օրինագիծը պէտք է վաւերացնել` երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու համար:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի յայտնեց, որ Իսրայէլի հետ պատերազմի լաւագոյն երեսը լիբանանեան ազգային ներքին միասնականութիւնն է:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապին լուծման միակ միջոցը երկխօսութիւնն է:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ կոչ ուղղեց իսկական հաւասարութեան, որ առիթ կու տայ քրիստոնեաներուն` ընտրելու իրենց երեսփոխանները:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պութրոս Հարպ յայտնեց, որ իրենք չեն փափաքիր, որ ընտրական օրէնքը վերածուի քաղաքական շանթաժի:
ԶԱՀԼԷԻ ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն կեդրոնին առջեւէն երէկ կէսօրին գողցուեցաւ ինքնաշարժ մը:

