Ասորիներու Լիկան Կը Պարգեւատրէ Եոնաթան Պեթ Քոլիան

Պարգեւատրումի երեկոյէն պահ մը

Ասորիներու լիկան նախանցեալ օր պարգեւատրեց Իրանի խորհրդարանին մէջ ասորիներու ներկայացուցիչ Եոնաթան Պեթ Քոլիան:

Պարգեւատրումին ներկայ գտնուեցան Ասորիներու լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամը, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին, հոգեւոր ներկայացուցիչներ եւ պատասխանատու այլ անձնաւորութիւններ:

Իր արտասանած խօսքին մէջ, Աֆրամ շեշտեց, որ արեւելեան քրիստոնէութիւնը Ուրմիայէն մինչեւ Նինուէ, Պաղտատ եւ Լիբանանի զանազան գիւղերը, հիմնուած է լեզուներու, քաղաքակրթութիւններու, հաւատքի, դերակատարութեան եւ պատգամի վրայ` աւելցնելով, որ անիկա բոցավառ նշան մըն է բոլոր երկիրներուն մէջ, որ լեցուն է կարողութիւններով, մշակոյթով, քաղաքակրթութեամբ, կրօնով, ընկերային կեանքով եւ տնտեսութեամբ:

Աֆրամ նշեց, որ հակառակ Իրանի մէջ քրիստոնեաներու թիւի նուազումին, հոն ցարդ կան 100 ասորական եկեղեցիներ, նոյնիսկ եթէ անոնք գործող եկեղեցիներ չեն, ինչպէս նաեւ իրանեան խորհրդարանին մէջ կան երեք քրիստոնեայ երեսփոխաններ, որոնցմէ երկուքը հայեր են, իսկ մէկը` ասորի:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )