Պըրրի Ներկայ Եւ Նախկին Պատասխանատուներու Հետ Քննարկեց Ընտրական Օրինագիծին Վերաբերող Հարցեր

Ղոսըն եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսընը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկիրը յուզող ապահովական կացութիւնը:

Պըրրիի այցելեց նաեւ նախկին նախարար Ալպեր Մանսուր, որ յայտնեց, թէ Պըրրիի ներկայացուցած է ընտրական օրէնքի տարբերակներ, որոնք կը համապատասխանեն Թաէֆի համաձայնագիրին:

Միւս կողմէ, Պըրրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիէն, որ շեշտեց, թէ Մուսթաքպալ հոսանքը կառչած է եւ կառչած պիտի մնայ երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կայացնելու սկզբունքին:

 

Share this Article
CATEGORIES