Զօր. Քահուաժի. «Բանակը Պատրաստ Է Դիմադրելու Լիբանանը Դէպի Սադրանքները Մղող Որեւէ Փորձի»

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լեռնալիբանանի հոգեւոր հանդիպումին մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին լիբանանեան տարբեր համայնքները ներկայացնող հոգեւոր անձնաւորութիւններ:

Զօր. Քահուաժի շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը յանձնառու է լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը պահպանելու եւ երկրին մէջ ընդհանուր ապահովութիւնը, ինչպէս նաեւ կարգն ու կանոնը անխախտ պահելու:

Զօր. Քահուաժի յայտնեց, որ բանակը պատրաստ է դէմ դնելու Լիբանանը դէպի սադրանքները մղող որեւէ փորձի:

Պատուիրակութիւնը լիբանանեան բանակին զօրակցութիւն յայտնեց եւ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն նեցուկ կանգնելու բանակին ու անոր հրամանատարութեան, որ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ պահպանելու երկրին ապահովութիւնը եւ քաղաքացիական անվտանգութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES