Հունգարիոյ Վարչապետ Օրպան Պաշտօնական Այցելութեամբ Մը Ժամանեց Լիբանան
Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպան երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը ժամանեց Լիբանան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ իշխանութեան երեք պետերուն հետ եւ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները զարգացնելու կարելիութիւնները:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Օրպանը: Քննարկուեցան լիբանանեան-հունգարական յարաբերութիւնները եւ զանազան մարզերու մէջ այդ յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սլէյման շնորհակալութիւն յայտնեց Օրպանի` ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն առաքելութեան հունգարական զօրամասին մասնակցութեան համար:
Օրպան շեշտեց, որ Հունգարիա կը փափաքի ամէն գնով ընդարձակել իր արտաքին յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ կը փափաքի, որ Լիբանանը Միջին Արեւելքի մէջ ըլլայ այն երկիրը, որուն հետ կարելի ըլլայ քաղաքական հիմնական յարաբերութիւններ հաստատել:
Օրպան յայտնեց, որ Հունգարիա Լիբանանի հետ պիտի ստորագրէ միացեալ համաձայնագիրներ, որոնք կը վերաբերին քաղաքական եւ կրթական մարզերուն: Ան մաղթեց նաեւ, որ զարգանան նաեւ փոխադարձ ներդրումները` նկատել տալով, որ Հունգարիա ուժանիւթի առումով մեծ կարելիութիւններ ունի եւ կը փափաքի մասնակցիլ լիբանանեան ջուրերուն մէջ կազի եւ քարիւղի պեղման միջազգային նուազուրդին:
Անդրադառնալով զինուորական գործակցութեան մարզին` Օրպան յայտնեց, որ Հունգարիոյ դռները բաց են լիբանանեան բանակին դիմաց` աւելցնելով, որ հունգարական բանակը պատրաստ է օժանդակելու լիբանանեան բանակին` ռազմափորձերու եւ զինումի առումով:
Իր կարգին, նախագահ Սլէյման կարեւոր նկատեց երկկողմանի յարաբերութիւններուն շարունակումը եւ հետզհետէ անոնց ամրապնդումը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Միջին Արեւելքի եւ Սուրիոյ իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Սուրիայէն Լիբանան ժամանած սուրիացի գաղթականներուն կարիքները:
Պըրրիի Մօտ
Այն Թինէի մէջ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ընդունեց Օրպանը` ներկայութեամբ տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուքի, արտաքին յարաբերութիւններու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ապտել Լաթիֆ Զէյնի եւ Պըրրիի տեղեկատուական հարցերու խորհրդական Ալի Համտանի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները:
Անդրադառնալով Սուրիոյ տագնապին եւ Լիբանանի վրայ անոր ունենալիք հաւանական ազդեցութեան վրայ` Պըրրի շեշտեց Եւրոպայի դերակատարութեան անհրաժեշտութիւնը` այդ տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնելու իմաստով:
Վարչապետարանին Մէջ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի հունգարացի իր պաշտօնակիցը ընդունեց պաշտօնական արարողութեամբ:
Վարչապետարանին մէջ Միքաթի եւ Օրպան ունեցան հանդիպում մը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել, արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր եւ Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարարը:
Աւելի ուշ հանդիպումին միացան հունգարական պաշտօնական պատուիրակութիւնը բաղկացնող բոլոր պաշտօնատարները, ինչպէս նաեւ անոնց լիբանանցի պաշտօնակիցները:
Հանդիպումը աւարտեցաւ Լիբանանի եւ Հունգարիոյ միջեւ գործակցութեան երեք համաձայնագիրներու ստորագրութեամբ:
Համաձայնագիրները կը վերաբերէին դիւանագիտական անցագիրներ կրողներուն պարագային այցեգիրի դրութեան ջնջումին եւ տնտեսական, կրթական ու արհեստագիտական մարզերուն:
Հանդիպումէն ետք վարչապետներ Միքաթի եւ Օրպան տուին միացեալ մամլոյ միացեալ ասուլիս մը:
Վարչապետ Միքաթի ընդգծեց, որ Օրպանի հետ համաձայն գտնուած է նախ եւ առաջ Սուրիոյ մէջ սպանութեան եւ քանդումին վերջ տալու կարեւորութեան եւ ապա Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում մը ապահովելու անհրաժեշտութեան գծով:
Իր կարգին, Օրպան շեշտեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ ապահովական կայունութիւն կարելի չէ հաստատել, եթէ կարելի չըլլայ կայուն Լիբանան մը հաստատել:
«Մենք Լիբանանը կը նկատենք շրջանին մէջ կարեւոր երկիր եւ բանալի երկիր մը: Կը փափաքինք Լիբանանի հետ մեր յարաբերութիւնները ամրապնդել եւ կոչ ուղղել Եւրոպական Միութեան զօրակցելու Լիբանանի կայունութեան», ըսաւ ան:
Իսկ ո՞ւր է Հունգարիոյ վարչապետին դէմ լիբանանահայերու ցոյցը Սաֆարովի՝ Ազերպայճանին «արտայանձնում»ին կապակցութեամբ…