Սենտիքայական Համակարգումի Խորհուրդը Դարձեալ Նստացոյց Մը Կը Կատարէ Ելեւմուտքի Նախարարութեան Եւ ՅԱՏ-ի Կեդրոնին Դիմաց
Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը երէկ 10-րդ օրն ըլլալով շարունակեց պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարին խորհրդարան փոխանցումը պահանջել:
Մեծ թիւով ցուցարարներ, որոնց միացաւ նաեւ Լիբանանեան համալսարանի պաշտօնէութիւնը, բողոքի նստացոյցեր կատարեցին ելեւմուտքի նախարարութեան եւ Յաւելուած արժէքի տուրքի (ՅԱՏ) կեդրոնին դիմաց:
Զոյգ կեդրոններուն դիմաց տարածուած էին ապահովական ուժեր` հակակշիռի տակ առնելու համար կացութիւնը:
Կատարեալ քաղաքակրթութեամբ եւ խաղաղութեամբ ընթացած ցոյցին ընթացքին ապահովութեան ուժերը միայն քանի մը անգամ ստիպուեցան ինքնաշարժով փողոցներէն անցնող քաղաքացիներուն երթեւեկը դիւրացնել:
Ցուցարարները կոչ ուղղեցին յաւելեալ նստացոյցեր կազմակերպելու եւ յաւելեալ շարժումներու ձեռնարկելու` աւելցնելով, որ իրենց նախաձեռնած քայլերը անխոնջ պիտի շարունակուին:
Անոնք կոչ ուղղեցին նաեւ ծնողներուն` զօրակցելու իրենց պահանջներուն վերատիրացման:
Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը այսօր իր նստացոյցը պիտի կատարէ աշխատանքի նախարարութեան դիմաց եւ կոչ կ՛ուղղէ բոլորին զօրակցելու իր կատարելիք ցոյցին:

