Շիրակի Մարզպետին Հրաժարականը Ընդունուեցաւ, Իսկ Արմաւիրի Քաղաքապետինը` Ոչ
Հայաստանի կառավարութիւնը երէկ գումարեց իր հերթական նիստը: Անիկա հրաժարականի դիմում մը ընդունեց, միւսը` մերժեց: Խօսքը Շիրակի մարզպետի եւ Արմաւիրի քաղաքապետի` վերջերս ներկայացուցած հրաժարականներու մասին է:
Շիրակի մարզին մէջ աշխատանքները կ՛իրականացուին նոր մարզպետին ղեկավարութեամբ: Կառավարութեան անդամները ընդունեցին մարզպետի հրաժարականի դիմումը:
Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան Աշոտ Գիզիրեանի հետ անձամբ խօսեցաւ եւ յարգեց անոր որոշումը:
Ըստ վարչապետին, այս դիմումը Գիզիրեան ներկայացուցած է իր սեփական նախաձեռնութեամբ, ինչ որ կարեւոր հանգամանք է, քանի որ տարբեր տիպի տեղեկատուութիւն տարածուած է զանգուածային լրատուամիջոցներով, որոնք իրականութեան չեն համապատասխաներ: Ան կառավարութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Գիզիրեանին` իր կատարած աշխատանքներուն համար:
Փոխարէնը` կառավարութիւնը անհիմն կը նկատէ հրաժարականի դիմում ներկայացուցած Արմաւիրի քաղաքապետին հիմնաւորումները: Վարչապետ Սարգսեան նշեց, որ նպատակայարմար չէր զայն աշխատանքէ ազատ կացուցելը, քանի որ անոր հիմնաւորումները անձնական են եւ նախանշուած աշխատանքներն ալ շատ են:
«Հաշուի առնելով համայնքային կեանքին մէջ ծրագիրներու իրականացումը եւ անոր ներգրաւուածութիւնը այդ ծրագիրներուն մէջ` նպատակայարմար չէ անոր դիմումը ընդունիլ», ըսաւ տարածքային կառավարման նախարարի առաջին տեղակալ Վաչէ Տէրտէրեան:

