Կիւլի Զուիցերիա Այցելութեան Նախօրեակին Բացայայտուած Լուրով Մը. Էկեմեն Պաղըշ Կրկին Կը Հեգնէ Ու Կ՛անարգէ 1915-ի Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակը
Ըստ վերջերս քողազերծուած տեղեկութեան մը, անցնող 16 յունուարին Սթոքհոլմի մէջ Թուրքիոյ դեսպանի բնակարանին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցած է Շուէտի մէջ` քանի մը ասորի կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներու եւ Եւրոպական Միութեան հարցերու Թուրքիոյ տխրահռչակ նախարար Էկեմեն Պաղըշի մասնակցութեամբ:
Օրին ներկայ կողմերէն ոչ մէկը արտայայտուած է այս մասին, սակայն երէկ քողազերծուած տեղեկատուութեամբ կ՛իմացուի, թէ Պաղըշ ըստ սովորութեան խիստ հեգնական եւ անարգական ոճով անդրադարձած է 1915-ի ասորիներու ցեղասպանութեան «Սէյֆօ»-ին: Թրքական կառավարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս հանդիպումին, իր խօսքը Շուէտի խորհրդարանի անդամ Եըլմազ Բերիմոյի ուղղելով Պաղըշ ըսած է. «Ի՞նչ կրցաք իրագործել դուք` ասորիներդ, «Սէյֆօ»-ի հարցը տամկօրէն, գիջութեան նման արծարծելով մամուլին եւ Շուէտի խորհրդարանին մէջ»: Ապա ան անդրադառնալով իր ոճի տհաճութեան` ներողութիւն խնդրած է թուրք դեսպան Զերկիւն Քորութուրքէն:
Այս առաջին անգամը չէ, որ Պաղըշ նման ձաբռտուքներով ելոյթ կ՛ունենայ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքի որդեգրման վաղորդայնին, ան մեկնած էր Ցիւրիխ, Զուիցերիա, բացայայտօրէն հերքելով «Սէյֆօ»-ի թէ Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնները, ուղղակիօրէն անտեսելով այս գծով յայտարարուած օրէնքի տրամադրութիւնները:
«Եթէ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան ձգտող նախարար մը նման կեցուածք կը ցուցաբերէ, ի՞նչ կարելի է սպասել Թուրքիոյ մնացեալ տարրերէն», հարց կու տայ լուրը հաղորդող ասորիական աղբիւրը:
Շուէտի ասորիները խորապէս ազդուած են այս դէպքէն, անոնք կը մտադրեն բողոքի ցոյց մը կազմակերպել Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի Շուէտ կատարելիք այցելութեան ընթացքին` յառաջիկայ 11-13 մարտին:


