ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԵՐԵՒԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ ԱՆԿԱԽ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ 20-ԱՄԵԱԿԻ ՁԵՌՔԲԵՐՈՒՄՆԵՐԸ

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան երէկ հանդիպում ունեցաւ Երեւանի պետական համալսարանի ուսանողներուն հետ: Ան ընդգծեց, որ երիտասարդութիւնը պէտք է աւելի աշխուժօրէն ներգրաւուի հայրենիք- սփիւռք կապերուն մէջ եւ նաեւ դերակատար դառնայ այս գործունէութեան մէջ: Ան աւելցուց, որ այս գործին մէջ մեծ դերակատարութիւն ունի Երեւանի պետական համալսարանը, որուն հետ համագործակցելով սփիւռքի նախարարութիւնը կ՛իրականացնէ կարգ մը կարեւոր ծրագիրներ:

«Մայր համալսարանը ընտանիքի պէս ինծի հարազատ է, ես շնորհակալ եմ թէ՛ իմ ընտանիքիս եւ թէ՛ Երեւանի պետական համալսարանին զիս կրթելու եւ դաստիարակելու համար», նշեց նախարար Հրանուշ Յակոբեան եւ ուսանողներուն խորհուրդ տուաւ համալսարանէն քաղել առաւելագոյնը եւ ճիշդ օգտագործել ուսանողական տարիները: Ըստ անոր, անցած են այն ժամանակները, երբ գումարը որոշիչ դեր կը խաղար, այսօր մենք կ՛ապրինք գիտելիքի դարուն մէջ:

Նախարար Հրանուշ Յակոբեան նախ ուսանողներուն ծանօթացուց սփիւռքի ստեղծման պատմութեան, խօսեցաւ համաշխարհային պատմութեան մէջ հայ ժողովուրդի եւ յատկապէս հայկական սփիւռքի ունեցած դերին եւ նշանակութեան մասին` նշելով, որ տակաւին 5-րդ, 6-րդ դարերուն հայերը ներգրաւուած էին տարբեր պետութիւններու տնտեսական հոլովոյթներուն մէջ: Ըստ նախարարին, այսօր ալ սփիւռքի դերը անգնահատելի է Հայաստանի տնտեսական զարգացման գործին մէջ:

«Ի դէմս սփիւռքի, ունինք ոչ միայն 7 միլիոն բարերարներ, այլեւ 7 միլիոն քննադատներ եւ բարեկամներ», նշեց Հ. Յակոբեան: Ան աւելցուց, որ Հայաստան-սփիւռք կապերը սերտացնելու նպատակով նախարարութիւնը նոր եւ կարեւոր մօտեցումներ որդեգրած է:

Ան յայտնեց, որ Հայաստանի նախագահը երկու տարի առաջ Ջերմուկի մէջ յայտարարեց, որ սփիւռքահայերը պէտք չէ գան եւ բարեգործութիւն ընեն: «Եկէ՛ք, շա՛հ ստացէք, ներդրո՛ւմ կատարեցէք: Երբ կը բանաք աշխատատեղիներ, կը նուազեցնէք աղքատութիւնը, արտագաղթը», ընդգծեց Յակոբեան:

Իր խօսքի աւարտին Հրանուշ Յակոբեան յորդորեց չմոռնալ եւ հետագային մեծ ուշադրութիւն դարձնել համահայկական նշանակութիւն ունեցող խնդիրներուն, ինչպէս` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրի խաղաղ լուծման` յօգուտ Հայաստանի եւ հայապահպանութեան հարցերուն:

Share this Article
CATEGORIES