ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԴՐԱԿԱՆ ԳՆԱՀԱՏԵՑ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ

Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան նախանցեալ օր յայտարարեց, որ Հայաստանի մէջ արտակարգ ընտրութիւններ կատարելը իրատեսական չէ:

«Մենք շատ ընդգծուած յարգալից վերաբերմունք կը դրսեւորենք ընդդիմութեան որեւէ առաջարկի եւ յայտարարութեան վերաբերեալ, որովհետեւ ատիկա իրենց իրաւունքն է եւ ատիկա իրենք կ՛իրականացնեն քաղաքական պայքարի կանոններուն ներքեւ», նշեց վարչապետը: Ան իրատեսական չնկատեց արտակարգ ընտրութիւնները եւ նշեց, որ իշխանութիւնները չեն պատրաստուիր անոնց, որովհետեւ անոնց հիմքերը չկան:

Տիգրան Սարգսեան շատ դրական վերաբերմունք ցուցաբերեց ընդդիմութեան հետ երկխօսութեան նկատմամբ: Ան դրական գնահատեց նաեւ այն, որ այսօր ընդդիմութիւնը ունի ազատօրէն իր կարծիքը արտայայտելու եւ նոյնիսկ իր` վարչապետին հրաժարականը պահանջելու կարելիութիւն: Տիգրան Սարգսեան ատիկա քաղաքակիրթ երկիրներու բնորոշ պայքարի ձեւ նկատեց:

«Երեք տարի շարունակ մենք յայտարարած ենք, որ այդ երկխօսութիւնը խիստ անհրաժեշտ է: Մենք ընդդիմութիւնը հրաւիրած ենք համագործակցութեան», նշեց վարչապետը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES