ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՈՋ ԴԺՈՒԱՐ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆԸ
Արաբական աշխարհի տարածքին արձանագրուող եւ շարունակուող զանգուածային ալեկոծումները, վարչակարգերուն դէմ յայտարարուած հասարակական շարժումները կը շարունակեն խլել միջազգային քաղաքականութեան եւ բնականաբար լրատուադաշտին կիզակէտային ուշադրութիւնը:
Առարկայական լրատուութեան բացակայութիւնը այս բոլոր դիպաշարները լուսաբանելու համար սուր կերպով ակներեւ է: Միակողմանիութիւնը, աւելի ճիշդ բնութագրելու համար` ծայրայեղօրէն քաղաքականացուած լրատուութիւնը եւ յատկապէս մեկնաբանական տեղեկատուութիւնը կը շարունակեն յաղթական տեղեկարշաւը` քարոզչական հսկայական ալիքներու տակ խեղդելով զանգուածային լրատուամիջոցներուն հետեւող կրաւորական հասարակութիւնները:
Համաշխարհային այս տեղեկարշաւին մէջ յատկանշական է թրքական լրատուադաշտի իրավիճակը: Մինչ թրքական պետութիւնը արաբական աշխարհի վերիվայրումներուն եւ յատկապէս իր ռազմավարական գործընկեր Սուրիոյ նկատմամբ որդեգրած է խառն պատգամներ փոխանցող յայտարարողական քաղաքականութիւն, թրքական զանգուածային լրատուադաշտը յստակօրէն թեքած է դէպի միջազգային տեղեկատուութեան արտադրութիւնը:
Այստեղ երրորդ մեկնաբանութիւնը դժուար ենթահող կը գտնէ` չըսելու համար, որ գրեթէ բացառուած է: Կա՛մ այն է, որ պաշտօնական Անգարայի եւ թրքական տեղեկատուադաշտին մէջ համակարգումը ի սպառ կը բացակայի եւ կա՛մ այն է, որ դերերու բաշխումի հիման վրայ պաշտօնական յայտարարութիւններուն կողքին զարկ կը տրուի արաբական առումով հակաիշխանական տրամադրութիւններու հիմնաւորման եւ միակողմանի լուսաբանման:
Տրուած ըլլալով, որ առաջին տեսութեան վրայ ծանրանալը կ՛ենթադրէ քաղաքական բանականութեան նախնականութիւն, կեդրոնանանք երկրորդ կարելիութեան վրայ: Եգիպտոսի տարածքին արձանագրուող իրադարձութիւններուն հետեւելու իր ճիգին մէջ օրուան գործող իշխանութիւններուն յանձնարարականներ փոխանցող Թուրքիան տակաւ դուրս եկաւ իր զգուշաւորութենէն եւ ի տես հասարակական ալիքի բարձրացման յստակօրէն թեքեցաւ դէպի ընդդիմութիւն: Եգիպտական իշխանութիւնները ունեցան կարծր հակազդեցութիւն` յայտարարելով, որ իր դիմագրաւած ներքին խնդիրները նկատի ունենալով, Թուրքիան այն երկիրը չէ՛, որ Եգիպտոսին յանձնարարականներ տալու յաւակնութիւնը պէտք է ունենայ:
Այժմ, հրատապութեամբ կը ներկայանայ Սուրիոյ նկատմամբ Թուրքիոյ պաշտօնական կեցուածքի (կեցուածքներու խաղի) երեւոյթը: Ըստ բովանդակութեան, ամփոփումը` պաշտօնական Անգարայի կողմէ բառախաղերով յատկանշուող կեցուածքներու մարտավարական խաղաշարին հետեւեալն է. – Թուրքիա վաղուց յանձնարարած է իր ռազմավարական գործընկերոջ` Սուրիոյ անյապաղ ձեռնարկելու բարեփոխումներու: Թրքական յայտարարութիւնները նկատի ունենալով` Սուրիա ընդառաջելով Թուրքիոյ պահանջին ջնջած է արտակարգ դրութիւնը: Թուրքիա նաեւ կոչ ուղղած է Սուրիոյ ժողովուրդին վրայ չկրակելու: Այս կոչը արդէն մերժում է սուրիական պնդումներուն, թէ բախումը իրաւապահ մարմիններուն եւ զինեալ խմբաւորումներուն միջեւ է:
Յայտնապէս, բառախաղերը, խառն պատգամները, միջազգային տեղեկարշաւին համահունչ լրատուութիւններ հրապարակելը, հրապարակային յանձնարարութիւններ կատարելն ու Սուրիոյ պաշտօնական կեցուածքները անուղղակի ձեւերով մերժելը աննկատ չեն անցած Դամասկոսի կողմէ: Սուրիական մամուլի նկատառելի մէկ ներկայացուցիչը յստակօրէն թրքական դերակատարութիւնը կը նկատէ աճապարուած եւ չմտածուած, իսկ Անգարայի վարած շրջանային քաղաքականութիւնն ու վերջին յայտարարութիւնները` Նոր օսմանականութեան» վերականգնողական աշխատանքներուն նորագոյն դրսեւորումները:
Իրաւամբ, թրքական բնորդը լուրջ քննութենէ կ՛անցնի ընդհանրապէս շրջանին եւ այս պարագային յատկապէս Սուրիոյ մէջ: Այդ քննութեան առաջին արդիւնքները, կը թուի, որ յաջող ըլլալու տպաւորութիւն չեն ձգեր: Գէթ սուրիական մամուլը սկսած է այդպիսի գնահատականի մը նախաբանը փոխանցել: