ՀԱՏՐՈՒԹԻ ՄԷՋ ՀԱՅ ԱՆԶԷՆ ՔԱՂԱՔԱՑԻ ՄԸ ԿԸ ՍՊԱՆՆՈՒԻ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ՓԱՄՓՈՒՇՏՈՎ
Ազրպէյճանական բանակի յառաջապահ ուժերը շփման գիծի տարբեր ուղղութիւններով կը շարունակեն պարբերաբար խախտել զինադադարի դրութիւնը: Միայն վերջին երկու օրերուն ընթացքին հակառակորդը տարբեր տիպի զինատեսակներով Ղարաբաղի բանակի դիրքերուն վրայ կրակ բացած է աւելի քան 400 անգամ, որուն իբրեւ արդիւնք հայկական կողմը կորուստ ունեցած է:
11 մայիսին ղարաբաղեան-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գօտիի հարաւարեւելեան սահմանին վրայ, Հատրութի շրջանի Քիւրաթաղ գիւղի բնակիչ, 1978-ին ծնած Արայիկ Բալասանեան գլխուն մահացու վէրք ստացած է` հակառակորդին կողմէ արձակուած փամփուշտին պատճառով: Ան կը զբաղէր հողագործական աշխատանքներով:Ան մահացած է Հատրութի քաղաքացիական հիւանդանոցը տեղափոխուելու ճամբուն վրայ:
Ազրպէյճանական այս հերթական սադրանքը իրանակացուած է ղարաբաղեան տագնապի գօտիին վրայ` զինադադարի հաստատման 17-րդ տարեդարձի նախօրէին:
«Այս տեսակի քայլերով Ազրպէյճան ոչ միայն կը հակադրուի խաղաղ լուծման հոլովոյթի տրամաբանութեան, այլեւ կը ձգտի բոլոր միջոցներով պահպանել լարուածութիւնը շփման գիծին վրայ` խոչընդոտելով միջազգային հանրութեան կողմէ ներկայացուած առաջարկներուն հիման վրայ հիմնախնդիրի լուծման», երէկ ըսաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Տիգրան Բալայեան` մեկնաբանելով հայ անզէն քաղաքացիին սպանութիւնը: