Խորհրդակցութիւն` Ազգային Ժողովի Արտակարգ Նիստ Հրաւիրելու Հարցով

Հայաստանի Ազգային Ժողովի ՀՅԴ եւ Ժառանգութիւն խմբակցութիւններու ղեկավարներ Արմէն Ռուստամեան եւ Ռուբէն Յակոբեան երէկ հանդիպում ունեցան Ազգային Ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանին հետ եւ անոր ներկայացուցին իրենց օրակարգը եւ յստակացուցին յետընտրական իրավիճակը քննարկելու ձեւաչափը: Հանդիպման մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի հանրապետական խմբակցութեան ղեկավար Գալուստ Սահակեան:

Ընդդիմութիւնը կը ներկայացնէ երեք պահանջներ. առաջին` մէկ տարուան ընթացքին արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններու կայացում, երկրորդ` երկու տարուան ընթացքին Սահմանադրական բարեփոխումներ` խորհրդարանական կառավարման ձեւին անցնելու համար, իսկ երրորդ` ընդդիմութեան վերահսկողական գործառոյթներու տրամադրում:

Ժամ մը տեւած հանդիպումէն ետք Արմէն Ռուստամեան մանրամասնութիւններ չհաղորդեց` նշելով, որ հանդիպման ընթացքին վերաբերեալ բովանդակային բացայայտումներ կատարելը վնասակար է եւ չի նպաստեր բանակցութիւններու աւարտին: Յետընտրական իրավիճակը քննարկելու ձեւաչափին եւ միացեալ յայտարարութեան բնագիրի մշակման հարցին մէջ կան վիճելի հարցեր:

Արմէն Ռուստամեան յայտնեց, որ տակաւին կը բանակցին եւ կարելի է եզրեր գտնել:

Հանդիպման ներկայ Գալուստ Սահակեան, լրագրողներուն խնդրանքով, որոշ պարզաբանումներ տուաւ: Ըստ Սահակեանի, ընդդիմութեան ներկայացուցած երեք հիմնական առաջարկները կարծր են: Ան պնդեց, որ առաջարկներու որեւէ ծրար ալ չկայ, անոնք ընդամէնը նախնական զրոյցի արդիւնքներ են: Իրենք ալ առաջարկներ ներկայացուցած են եւ ընդամէնը գաղափարի կողմնակից են: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ կարելի կը նկատէ՞, որ ընդդիմութիւնը եւ իշխանութիւնը կրնան համաձայնութեան գալ ոչ թէ, օրինակ, պաշտօններու բաժանման, այլ որոշակի խնդիրներուն միացեալ լուծում տալու առումով, Սահակեան նշեց, որ ինք անձամբ ոչինչ ունի ընդդիմութեան զիջելու եւ անիմաստ որակեց նոր խորհրդարանական ընտրութիւններու կայացումը:

Ըստ Սահակեանի, խորհրդարանը լուծուելու պարագային` 5 առ հարիւր հաւաքած Ժառանգութիւնը «իր տունը կը քանդէ»:

Նոր ընտրութիւններուն դէմ է նաեւ մեծութեամբ երկրորդ խորհրդարանական ուժը` Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը: Ատիկա որեւէ կապ չունի նախագահական ընտրութիւններու յետընտրական զարգացումներուն հետ: Խմբակցութիւնը չէ մասնակցած երկրորդ հանդիպման, քանի որ խորհրդարանական երկու ընդդիմադիր ուժերը որոշակի առաջարկներ ունին: Իսկ առաջինին ալ չեն մասնակցած` զուտ թեքնիք պատճառներով:

Խմբակցութեան քարտուղարը յայտնեց, որ Ժառանգութիւնը պատրաստ է յետընտրական զարգացումներուն վերաբերալ որեւէ ձեւաչափով քննարկման մասնակցելու:

Նշենք, որ Ազգային Ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան յայտարարած էր, որ յետընտրական իրավիճակին հետ կապուած հաւանական նիստին մասին կը բանակցին: Եթէ համաձայնութեան գան, պիտի կազմակերպեն արտակարգ նիստ, որուն ժամանակ ալ պիտի քննարկուի յետընտրական իրավիճակը եւ պիտի ընդունուի յայտարարութիւն: Քառօրեայի մեկնարկէն ետք սկսած բանակցութիւնները առայժմ ապարդիւն են:

Share this Article
CATEGORIES