Երէկուան Հանրահաւաքին Ընթացքին Յովհաննէսեան Բաց Քուէարկութեան Դրաւ Ժողովրդային Շարժումը Յուզող Հարցեր
Ժառանգութիւն կուսակցութեան ղեկավար Րաֆֆի Յովհաննէսեան երէկ Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցած հանրահաւաքին ընթացքին ներկաներուն առաջարկեց ձեռք բարձրացնելով քուէարկել, թէ արդեօք համաձա՞յն են, որ ընտրութիւններու արդիւնքները բողոքարկուին Սահմանադրական դատարանին մէջ: Սակայն, հրապարակին մէջ հաւաքուած քաղաքացիներուն ճնշող մեծամասնութիւնը դէմ արտայայտուեցաւ այս նախաձեռնութեան:
Ժառանգութեան ղեկավարը յայտարարեց, որ ընդհանուր որոշումը պիտի հրապարակուի 2 մարտին, ապա քուէարկութեան դրաւ այլ հարց մը. Նիկոլ Փաշինեանի առաջարկը մինչեւ նախագահի երդմնակալութեան օրը` 9 ապրիլ, Ազատութեան հրապարակին վրայ, ինչպէս նաեւ մարզ առ մարզ շրջելով, ձեւաւորել ստուերային կառավարութիւն: Այս պարագային հրապարակին վրայ հաւաքուած բազմութիւնը ձեռքերը վեր պարզած համաձայնութիւն տուաւ յառաջիկայ օրերուն ստուերային կառավարութեան ձեւաւորման:
Րաֆֆի Յովհաննէսեան վստահեցուց, որ միշտ պիտի հարցնէ հրապարակին վրայ հաւաքուած մարդոց կարծիքը, թէեւ չ՛երաշխաւորեր, որ իբրեւ կանոն համաձայն պիտի գտնուի քաղաքացիներուն հետ, բայց պատրաստ է բանավիճելու:
Յովհաննէսեան խոստացաւ 2 մարտի հանրահաւաքին ընթացքին միասնաբար շատ կարեւոր որոշում մը տալ, յստակ պատասխաններ տալ շարք մը հարցումներու եւ ներկայացնել մարտ ամսուան գործողութիւններու ծրագիրը:
Այսօր Րաֆֆի Յովհաննէսեան բացօթեայ ասուլիսի հրաւիրած է Ազատութեան հրապարակին վրայ: Ասուլիսէն ետք ան իր համակիրներուն հետ Ազատութեան հրապարակէն պիտի ուղղուի դէպի Միասնիկեանի արձանին մօտ` յարգանքի տուրք մատուցելու 1 մարտ 2008-ի դէպքերու զոհերու յիշատակին: Ան ըսաւ, որ երախտապարտ է Հայ ազգային քոնկրեսին, որ որոշեց միասնաբար նշել 1 մարտը:
Երէկուան հանրահաւաքին ընթացքին, այլ խօսք առնողներու շարքին, խօսեցաւ եւ Րաֆֆի Յովհաննէսեանին իր աջակցութիւնը յայտնեց անուանի դերասան Վարդան Պետրոսեան, որ նոր Փարիզէն Երեւան ժամանած էր:
«Ես չէի հաւատար, որ այսպիսի շարժում պիտի ստեղծուի: Շատերուն պէս ալ մտածած եմ, որ ժողովուրդը արդէն անտարբեր է, յուսահատ, ոչինչի կը հաւատայ, չի մասնակցիր ընտրութիւններուն, վախցած է», նշեց դերասանը` աւելցնելով, որ հեռուէն հետեւելով զարգացումներուն, այժմ վստահ է, որ երկրին մէջ աննախադէպ իրավիճակ ստեղծուած է խորքային փոփոխութիւններու հասնելու համար:
Ստուերային ….Ազգասիրութիւն
-Ստուերային Նախագահ
-Ստուերային Կառավարութիւն
-Ստուերային Քաղաքապետներ
-Ստուերային Բանակ
-Ստուերային Հայրենիք
Եւ այս բոլորով՝ կ’ըլլայ Նիհիլիզմ, կամ պետութեան մէջ պետութիւն.
Ապուշ ծրագիրներով ժողովուրդը քրքրել դիւրին է.
Ասոր կ’ըսուի Ամբոխավարութիւն.
Եւ Ստուերային Ազգային Թատրոն մըն ալ հիմնելու է
Որպէսզի վերի կազմով Պետութիւն խաղան.
Կատակերգութիւն՝ ծափահարութիւններով.
Վահան Վանական