50 Տարի Առաջ (2 Մարտ 1963)

Խմբագրական

Բուժարանի Օր

Վաղը` կիրակի, 3 մարտին տեղի պիտի ունենայ Ազունիէի հայ ազգային բուժարանի տարեկան հանգանակութիւնը, որ աւանդական ձեռնարկ մը դարձած է այլեւս եւ իր քաջալերական արդիւնքով կը հանդիսանայ շօշափելի արտայայտութիւնը այն գուրգուրանքին եւ հոգածութեան, որուն ենթակայ է այս արժէքաւոր հաստատութիւնը հայ ժողովուրդի բոլոր խաւերուն մէջ:

Հիմնուած աւելի քան երեսուն տարի առաջ, Ազգային բուժարանը հպարտառիթ հաստատութիւն մըն է այսօր, մասնաւորաբար Լիբանանի հայութեան համար, որուն շինարարական ոգիին կենդանի վկայութիւնը կը կազմէ: Տարուէ տարի զարգանալով ու բարգաւաճելով, բուժարանը հասած է այսօրուան նախանձելի վիճակին, շնորհիւ այդ հաստատութեան հանդէպ հայ ժողովուրդի ցոյց տուած անսակարկ զոհաբերութեան, որուն արտայայտութիւնը ամէն օր կը տեսնենք մեր թերթերուն մէջ:

Արդարեւ, օր չ՛անցնիր, որ մեր թերթերու նուիրատուութեանց սիւնակները չլեցուին ի նպաստ բուժարանի կատարուած նուիրատուութիւններով, որոնք թէեւ չնչին տոկոսը կը կազմեն բուժարանի ընդհանուր պիւտճէին, որ 1962-ին բարձրացած է 424,794 լ. ոսկիի պատկառելի գումարին:

Հանգանակութեան առթիւ բուժարանի Խնամակալ մարմինին կողմէ հրատարակուած գրքոյկէ մը կ՛իմանանք, որ 1962-ի ընթացքին 292 հիւանդներ խնամուած են բուժարանի մէջ, իսկ անոնցմէ 217 արձակուած են բուժուած: Հայ հիւանդներու թիւը եղած է 136, իսկ ոչ հայ հիւանդներունը` 81. հիւանդներու մեծամասնութիւնը կու գայ Լիբանանէն եւ Սուրիայէն: Կան նաեւ հիւանդներ արաբական այլ երկիրներէ, գլխաւորաբար` ոչ հայ:

Այս քանի մը թիւերը բաւական են ցոյց տալու համար, թէ նախախնամական ի՜նչ մեծ դեր կը կատարէ Ազգային բուժարանը, ո՛չ միայն մեր ժողովուրդին, այլ նաեւ արաբական եղբայրական ժողովուրդներու զաւակներուն համար, փոքր մասով մը հատուցանելով երախտագիտական այն պարտքը, որ մեր ժողովուրդը ունի հանդէպ արաբական ասպնջական երկիրներուն:

Վստահ ենք, որ վաղուան հանգանակութիւնը եւս, նախորդ տարիներուն նման, պիտի տայ քաջալերական արդիւնք, անգամ մը եւս հաստատելով այն իրողութիւնը, որ հայ ժողովուրդը գիտէ խորապէս գնահատել արժէքաւոր ձեռնարկները, մանաւանդ երբ անոնք մարդասիրական բնոյթ ունին:

Այս վստահութեամբ` հանգանակիչ յանձնախումբերը վաղը պիտի դիմեն մեզի, որպէսզի իւրաքանչիւրս առաւելագոյն չափով մասնակցինք հանգանակութեան:

 

Մամուլ

«Դժոխքի Ծակը» Եւ «Օձի Փորը

(Եւ Սակայն Տոլարները Կը Հասնին Դէպի Այդ «Փորը»…)

Ամերիկեան «Մայամի Հերըլտ» թերթին մէկ աշխատակիցը ` Ճեք Քոֆըրտ, Թուրքիոյ մասին յօդուած մը գրած է յայտնելու համար իր բողոքը այն «յոռի վերաբերում»-ին առթիւ, զոր «Հիւանդ մարդը» (Թուրքիա) ցոյց կու տայ հանդէպ ամերիկացի զինուորներու:

Քոֆըրտ կը գրէ.

– «Թրքական օրէնքով մեր զինուորները կարելի է բանտարկել դրամ պատռելու, կառավարութիւնը քննադատելու եւ այլ զանազան առիթներով:

«Ուրիշ երկիրներու մէջ զինուորական համազգեստը կը յարգուի: Թուրքիոյ մէջ, սակայն, որ «Եւրոպայի հիւանդ մարդը» եղած է ամբողջ դար մը, այդ համազգեստը յարձակման հրաւէր մըն է: Զինուորականներու կիները կը նախատուին փողոցներու մէջ: Բարձր վարձք կը պահանջուի անոնց համար, որոնք զինուորական խարիսխէ հեռու ապրելու հարկադրուած են: Անոնց բնակարանները կը բռնաբարուին, ինքնաշարժները կը խորտակուին, եւ ոստիկանութիւնը ոչինչ կ՛ընէ»:

Առարկայական այս հաստատումը ընող յօդուածագիրը լսած է անշուշտ, եթէ ականատես չէ կամ չի գիտեր, որ ասիկա` «հէ՜չ»…

Անգարայի, Զմիւռնիոյ եւ Պոլսոյ նման «արեւմտեան» քաղաքներու մէջ անգամ մարդիկը չեն վարանիր ամէն օր անցորդ մանկամարդուհիներ կամ կիներ առեւանգելու, կողոպուտ եւ ոճիր կազմակերպելու, վայրագ ու վայրենական բնազդներ ցուցադրելու…

Ո՜ւր կը մնան «բնակարանները» կամ «ինքնաշարժները»…

Յօդուածագիրը, սակայն, կը շարունակէ.

– «Խօսեցայ ամերիկացի զինուորներու հետ, որոնք կը գտնուին Անգարա, Վիսպատըն, Պերլին եւ Փարիզ: Ամէնքն ալ համաձայն են, որ Թուրքիա «դժոխքի ծակ մըն է» ամերիկացիներուն համար: Առաջին բանը, որ հոն կ՛ըսուի նորեկի մը, այն է, թէ պէտք է մոռնայ, որ ամերիկացի է, որովհետեւ թուրքերը այնքան յառաջ կ՛երթան, որ ան որեւէ իրաւունք չունենայ: Իսկ բարոյականը աւելի ցած է օձի մը փորէն»:

Պատկերացումը բաւական յաջող է…

Սակայն շատ աւելի տեղի ու արդար է իր եզրակացութիւնը, երբ կը գրէ.

– «Ամերիկա այդ երկրին տուած է աւելի քան 3,5 միլիառ տոլարի զինուորական օգնութիւն: Թուրքիա գլխաւոր օրինակ մըն է այն մասին, թէ որքա՛ն օգտակար են արտաքին օգնութիւնները եւ նուէրները:

«Մեր կառավարութիւնը այնքան կը վախնա՞յ արտասահման ղրկած իր զինուորներուն իրաւունքները պաշտպանելու համար: Պիտի շարունակէ՞ ծնրադիր նուաստութեան դիրքի մէջ մնալ, որպէսզի Թուրքիա չսրդողի՜ մեզմէ:

«Թուրքիա փտած վէրք մըն է: Սակայն կը թուի, թէ Քենետիի կառավարութիւնը, նախորդին` Այզընհաուըրի կառավարութեան պէս, ապահովաբար ոչինչ պիտի ընէ այդ մասին»…

Ախտաճանաչումը, իր այս ձեւին մէջ, իրատեսութեան փաստ մըն է:

Ու չենք կարծեր, որ կացութեան մասին ճշգրիտ գաղափար ունեցող ծերակուտականներ կամ պետական մարդիկ տարբեր մտածեն:

Share this Article
CATEGORIES