Ծնողական Յանձնախումբ. Ծնողք-Զաւակ Յարաբերութիւններուն Մասին Օգտաշատ Դասախօսութիւն
Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի ծնողական յանձնախումբին, հինգշաբթի, 21 փետրուար 2013-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ՀԿՄ-ի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն, որուն նիւթն էր «Ծնողք-զաւակ յարաբերութիւնները», ներկայութեամբ մեծաթիւ ծնողներու:
Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը ծնողական յանձնախումբին անունով արտասանեց Ռոզին Էլեճեան, որ նշեց, թէ հանդիսութեան դասախօս Ռոզին Մուղալեան իր ընկերութեան օգտակար դառնալու ցանկութենէն առաջնորդուելով` մասնագիտացած է հոգեբանութեան ճիւղին մէջ եւ երկու տարիէ ի վեր իբրեւ հոգեբան կը գործէ վարժարանին մէջ: Ռոզին Էլեճեան ըսաւ, որ այս նախաձեռնութիւնը կը միտի հայ ծնողները համախմբելով` քննութեան առարկայ դարձնել հասարակական խնդիրներ:
Ապա խօսք առաւ օրուան դասախօսը, որ խօսեցաւ դաստիարակութեան կարեւորութեան մասին, ուր մեծ դերակատարութիւն ունին ծնողքին ջերմութիւնը, ծնողք-զաւակ յարաբերութիւնը, կարգապահութեան միջոցները եւ ծնողքին ակնկալութիւնները: Խիստ, թոյլատու եւ հեղինակաւոր ծնողներու իւրայատկութիւնները ներկայացնելէ ետք, Ռոզին Մուղալեան ըսաւ, որ ծնողները պէտք է գործադրեն յստակ օրէնքներ եւ կանոններ, ունենան ընկերային վերաբերմունք, ընդառաջեն իրենց զաւակներուն կարիքներուն, ըլլան ներող եւ հաւասարակշռուած: Ան աւելցուց, որ նշեալ դաստիարակութեան հետեւող զաւակները կ’ըլլան կարող եւ անկախ, կ’ունենան պատասխանատուութեան գիտակցութիւն, ինքնարժեւորման յատկանիշ, առողջ ընկերային յարաբերութիւններ եւ կեանքի մէջ ձեռքբերումներ արձանագրելու ընդունակ:
Աւարտին, Ռ. Մուղալեան վկայութիւններու ընդմէջէն փոխանցեց օգտաշատ պատգամներ եւ ներկաներուն հարցումներուն ճամբով նիւթին մասին ներկայացուց յաւելեալ տեղեկութիւններ եւ լուսաբանութիւններ:
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

