Ինչպէ՞ս Անհետացան Հոյամողէզները, Գաղտնիքը Վերջապէս Լուսաբանուեցաւ
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Գիտնականները արդէն կը կասկածէին հոյամողէզներու անհետացման որոշ պատճառներէ, եւ կատարուած ուսումնասիրութիւնները եկան հաստատելու անոնց ենթադրութիւնները: Հոյամողէզներուն անհետացումը երկրին վրայ երկնաքարի մը իյնալուն պատճառով եղած է:
Միացեալ Նահանգներու Պըրքլի համալսարանէն գիտնականներ կը հաստատեն, որ այս երկնաքարը երկրագունդին վրայ ջախջախուած է ճիշդ 66.038.000 տարիներ առաջ, այսինքն` հոյամողէզներուն անհետացումէն 33.000 տարիներ առաջ:
Անոնք ուսումնասիրած են Մեքսիքայի ջուրերուն խորերը գտնուող 180 քմ տրամագիծ ունեցող ընդծովեայ Չիչուլուպի փոսին խաւերը: Այս ցնցումը սաստիկ եղած է, որ յառաջացած են փոշիի ամպեր, որոնք ամբողջ մոլորակը շրջապատած են: Արեւուն լոյսն ու տաքութիւնը ծածկուած մնացած են տարիներու ընթացքին` պատճառ դառնալով բոյսերու բազմաթիւ տեսակներու անհետացման. այս բոյսերը բուսակեր հոյամողէզներուն ուտելիքն էին, եւ բուսակեր հոյամողէզները, իրենց կարգին, կեր կը դառնային մսակեր հոյամողէզներուն:
Գիտնականները կը բացատրեն նաեւ, թէ հոյամողէզները եւ ուրիշ տեսակներ տառապած են կլիմայական ծանր խառնակութիւններէն, որոնք կը յառաջանային Հնդկաստանի մէջ տեղի ունեցող հրաբխային ժայթքումներէ: Սակայն այդ երկնաքարն է, որ ճակատագրական եղած է հոյամողէզներուն ճակատագիրի ճշդորոշման համար:
Ամէնէն Մեծ Անասունները`
Սորօփօտուս – Հոյամողէզները
Սորօփօտուս – հոյամողէզները մինչեւ հիմա աշխարհի վրայ գոյութիւն ունեցած անասուններէն ամէնէն մեծն են: Անոնք բուսակեր հոյամողէզներ էին: Ունէին շատ երկար պոչ մը ու վիզ մը: Անոնք կ՛ապրէին խումբով եւ կը տեղափոխուէին իրենց լայն ու տոկուն չորս ոտքերուն վրայ: Անոնք շատ հսկայ էին, վեց յարկանի շէնքի մը նման:
Այս հոյամողէզները շատ լաւ պատշաճած էին ցամաքի վրայ իրենց կեանքին: Անոնք բազմաթիւ հնարքներու կը դիմէին, հետեւաբար իրենց մեծութիւնը զիրենք չէր խանգարեր: Օրինակի համար, իրենց ողներուն միջեւ գտնուող պզտիկ օդի տոպրակները այդ ոսկորները աւելի թեթեւ կը դարձնէին: Անոնց գլուխը շատ փոքր էր, որպէսզի անոնց երկար վիզը կարենայ զայն շալկել:
Ճիշդ է, որ այս փոքր չափի գլխուն մէջ գտնուող անոնց ուղեղը շատ փոքր էր, սակայն ասիկա չի նշանակեր, որ անոնք անխելք էին: Չմոռնանք, որ այս անասունները մեր մոլորակին վրայ 140 միլիոն տարի իշխած են:
Սորօփօտուս-հոյամողէզները շատ հսկայ էին, որպէսզի միւս անասունները անոնց հանգիստ ձգեն: Զիրենք հալածող եւ որսացող անասուններ չկային: Միայն անոնց փոքր, ծեր կամ վիրաւոր եղած ատեն ենթակայ կ՛ըլլային հալածանքի: Անոնց պաշտպանութեան միջոցը անոնց ծանրութիւնն էր:
Անոնց երկար վիզը շատ շարժուն էր, հետեւաբար անոնք կրնային մեծ քանակով ուտելիքներու հասնիլ առանց տեղափոխուելու: Այս ձեւով անոնք նուազ կը յոգնէին եւ իրենց ուժերը կը խնայէին:
Սորօփօտուս-հոյամողէզները ուտելիքը չէին ծամեր: Անոնց դգալի կամ մատիտի ձեւով ակռաները կը ծառայէին բոյսերը փրցնելու: Ապա անոնք այդ բոյսերը կը կլլէին եւ ամէն ինչ կը լուծուէր իրենց մարմնին մէջ:
Ըստ բրածոյ դարձած հետքերուն, սորօփօտուսներուն մորթը ծածկուած էր ցցուն փոքր խեցիներէ: Անոնք միւս հոյամողէզներուն նման ո՛չ մազեր, ո՛չ ալ փետուրներ ունէին: Սակայն մենք ոչինչ գիտենք անոնց գոյնին մասին:
Սորօփօտուսներուն ձագերը կ՛ելլէին ֆութպոլի գնդակի մը չափով հաւկիթի մը մէջէն: Սակայն անոնք շատ շուտ պէտք էր մեծնային ուրիշ անասուններու որսը չդառնալու համար: Մօտաւորապէս երեսուն տարիներու ընթացքին անոնց կշիռը կը բազմապատկուէր 10 հազարով:
Հոյամողէզներու Մասին
– Հոյամողէզներուն (տայնոսորուս) յունարէն բառը կը նշանակէ «չափազանց մեծ մողէզ»:
– Սակայն բոլոր հոյամողէզները հսկայական անասուններ չեն եղած, ինչպէս շատեր ներկայիս կ՛երեւակայեն:
– Շատեր նոյնիսկ շատ փոքր էին, եւ անոնց հասակը հազիւ մինչեւ մեր ծունկը կը հասնէր: Օրինակի համար քոմսոկնաթուսը հաւու հասակը ունէր:
– Ներկայի անասուններու նման, հոյամողէզները միս եւ բոյս ուտող, կամ միայն բուսակեր, կամ միայն մսակեր էին:
– Առաջին սորօփօտուսները երեւցած են 200 միլիոն տարիներ առաջ: Իսկ վերջինները անհետացած են ուրիշ անասուններու հետ, 65 միլիոն տարիներ առաջ:
– Սորօփօտուսներու բրածոյ դարձած հետքեր գտնուած են ամբողջ մոլորակին տարածքին: Ասիկա կը փաստէ, որ հոյամողէզները ապրած են բոլոր ցամաքամասերուն վրայ:
– Այժմ մեզի ծանօթ են հոյամողէզներու մօտաւորապէս 900 տեսակներ: Անոնցմէ մօտաւորապէս 100-ը սորօփօտուսներ են:
– Անոնցմէ ամէնէն ծանօթը տիփլոտոքուսն է: Ան գտնուած է 19-րդ դարու վերջաւորութեան: Ան կը մնայ ամէնէն մեծ հոյամողէզը, որուն լման կմախքը մեզի հասած է:
– Արժանթինոսորուսը ամէնէն մեծ եւ ամէնէն ծանր հոյամողէզներէն մէկն է: Մասնագէտները կը մտածեն, թէ ան կրնար ունենալ մինչեւ 40 մեթր երկայնք եւ կշռել 80 թոն, այսինքն 14 փիղերու չափ:
Անհաւատալի Բայց Իրաւ
- Ծիածան մը տարբեր ձեւով կ՛երեւի իւրաքանչիւր անձի:
- Միացեալ Նահանգներու մէջ ճաշարան մը պատրաստած է հսկայական սենտուիչ մը, որ բաղկացած է 68 քիլօ մանանեխէ (մութարտ), 240 քիլօ հազարէ, 118 քիլօ պանիրէ եւ 468 քիլօ քորնըտ-պիֆ միսէ:
- Ժամանակին, փազզըլները կը կոչուէին «անդամահատուած քարտէսներ»:
- Մալեզիոյ մէջ իրենց բջիջային հեռաձայնին վրայ LOL («բարձր ձայնով խնդալու» նշան) գրելու փոխարէն կը գրեն «HA3»:
- Ոսկիի մէջ թաթխուած եւ ադամանդներով եւ սատակներով ծածկուած խաղալիք ինքնաշարժ մը ծախուեցաւ 60 հազար տոլարի` բարեսիրական աճուրդի մը ընթացքին:
Տարօրինակ Մրջիւններ
Մրջնոցներուն մէջ մենք իսկական գանձեր կրնանք գտնել…
Ըստ ուսումնասիրութիւններուն, այս միջատները կը գտնեն խորերը գտնուող ոսկիի հանքային խաւերը եւ իրենց բոյները կը շինեն անոնց վրայ: Մրջիւնները կը ծծեն այս մետաղները իրենց պատեանները զօրացնելու համար: Այս ձեւով, անոնց մարմնին մէջ գտնուած են ոսկիի հետքեր…
Այժմ յատկապէս Աւստրալիոյ մէջ այս միջատները կ՛օգտագործուին փնտռելու համար այս թանկագին մետաղի հանքային նոր խաւեր: Միջատները կը փորեն խորերը գտնուող խաւերը, ուր ոսկի կը գտնուի, եւ անոր հետքերը իրենց հետ մակերես կը բերեն: Այս միջոցը շատ աւելի վստահ է, քան փորելու աւանդական ձեւը, որ ծախսալի եւ երբեմն ճշգրիտ չէ:
Տարօրինակ Դրոշմաթուղթ
Պելճիքայի մէջ նամակատունը շուկայ իջեցուցած է 5 դրոշմաթուղթերու իւրայատուկ հաւաքածոյ մը:
Այս դրոշմաթուղթերը ունին տուրմի համ, ուստի երբ մարդիկ զանոնք կը լզեն զանոնք նամակներուն վրայ փակցնելու համար, անոնք տուրմի հոտ կ՛առնեն:
Ասիկա կարելի եղած է իրականացնել էական ձէթերու եւ համերու շնորհիւ:
Տուրմը Պելճիքայի խորհրդանիշներէն մէկն է:
Տարօրինակ Դրացիներ
Իրենց ուտելիքէն մնացած չոր միսերը, հացը, պտուղները… թափելու փոխարէն, Հելսինքիի (Ֆինլանտա) շէնքերէն մէկուն բնակիչները որոշած են իրարու հետ բաժնուիլ այդ ուտելիքները:
Իւրաքանչիւր դրացի իր ուտելիքները միւս բնակիչներուն տրամադրութեան տակ կը դնէ` զանոնք զետեղելով շէնքին յատուկ պահարանի մը մէջ:
Տարօրինակ Ախոյեան Մը
29 տարեկան աւստրալիացի Մարք Պուրն տարօրինակ ախոյեանութիւն մը շահած է:
Ան Նիւ Եորքի նշանաւոր երկնաքեր Էմփայր Սթէյթ Պիլտինկի 1576 աստիճանները մագլցած է 10 վայրկեան եւ 12 երկվայրկեանէն:
Վերջին եօթը տարիներուն գերմանացի Թոմաս Թոլտին կը պատկանէր այդ տիտղոսը: Սակայն այս տարի հիւանդութեան պատճառով ան չէ կրցած մասնակցիլ:
Բայց այս աստիճանները մագլցելու 9 վայրկեան եւ 33 երկվայրկեան մրցանիշը տակաւին կարելի չէ եղած շրջանցել:
Այս տիտղոսը կը պատկանի ուրիշ աւստրալիացիի մը` Փօլ Քրէյքի, որ մրցանիշը արձանագրած է 2003 թուականին:
Ժամանց






