Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ռիատի Պէյրութ Յետաձգուած Մրցումը
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 3 մարտին, տեղի պիտի ունենայ ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ռիատի Պէյրութ յետաձգուած մրցումը: Այս մրցումը, որ կ՛իյնայ դարձի 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, սկզբունքով տեղի պիտի ունենար շաբաթ, 23 փետրուարին:
Վաղուան այս մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 18:00-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ` ներկայութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին:
Եթէ պատահի, որ ՀՄԸՄ Անթիլիաս 15 կէտի առաւելութեամբ յաղթէ իր հիւրին, պիտի գրաւէ ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը:
Նշենք, որ նախանցեալ օր, 3-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Անթիլիաս Սանթրալի դաշտին վրայ (Ժունիէ) իր կատարած մրցումին 69-37 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 12-16, 22-35, 28-52 եւ 37-69:
ՀՄԸՄ-էն Ալիք Թապաքեան նշանակեց 15 կէտ:

