Լիբանանի Ֆութպոլի Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Սաֆա Շուէյֆաթ
Վաղը` կիրակի, 3 մարտին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 2012-2013 տարեշրջանին ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ մաս կը կազմէ Լեռնալիբանանի նահանգի Ե. խմբակին, պիտի կատարէ իր առաջին մրցումը` Սին էլ Ֆիլի դաշտին վրայ ճակատելով Սաֆա Շուէյֆաթի դէմ:
Ե. խմբակին մաս կը կազմեն հետեւեալ խումբերը. Հիլալ Նասըր, Սաատ Սաֆա Պարուք, Արապի, Սաքաֆի Շըհիմ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, Ռայա եւ Սաֆա Շուէյֆաթ:
ՀՄԸՄ, որ պիտի կատարէ վեց մրցում, 4-րդ հանգրուանին մրցում չունի կատարելիք:
Ստորեւ կու տանք ՀՄԸՄ-ի կատարելիք մրցումներուն յայտագիրը.
Ա. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. ԿԻՐԱԿԻ, 3 ՄԱՐՏ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Սաֆա Շուէյֆաթ 11:00 Սին էլ Ֆիլ
Բ. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. ՈՒՐԲԱԹ, 8 ՄԱՐՏ
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռայա 2:15 Սին էլ Ֆիլ
Գ. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. ՇԱԲԱԹ, 16 ՄԱՐՏ
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Արապի 2:15 Նըժմէ
Ե. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. ԿԻՐԱԿԻ, 31 ՄԱՐՏ
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Սաատ Սաֆա Պարուք 3:30 Անսար
Զ. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. ԿԻՐԱԿԻ, 7 ԱՊՐԻԼ
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Հիլալ Նասըր 3:30 Պհամտուն
Է. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. ԿԻՐԱԿԻ, 14 ԱՊՐԻԼ
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Սաքաֆի Շըհիմ 3:30 Նըժմէ

