«Նեկր»-ի Պատմութիւն
Փարիզի յայտնի կեդրոնականցին է Արմենակ: Զինք ճանչցողները գիտեն, որ հայերէն, պատմութիւն եւ գրել գիտէ: Ծանօթացեր էր իր շէնքի բնակիչներէն հայու մը, որ իրեն ըսած էր, թէ կարեւոր կազմակերպութիւններու «նախագահ» էր:
– Պարո՛ն Արմենակ, մենք ձեզի պէս հայկական դպրոց երթալու բախտ չենք ունեցած, բայց հայասէր ենք: Հայրս ալ նախագահ էր, ես ալ նախագահ եմ:
– Լա՛ւ է: Մեր ժողովուրդը ծառայողներու պէտք ունի,- ըսած էր Արմենակ:
Ժամանակ մը վերջ ժառանգական նախագահին կրկին հանդիպած էր: Ան ըսած էր, որ կ՛աշխատի, որ իրենց քաղաքապետը հայաստանեան «խաչքար» մը դնէ դպրոցի կողքի փոքրիկ հանրային պարտէզին մէջ: Եւ Արմենակ ըսած էր.
– Լա՛ւ է: Մարդիկ կը ծանօթանան հայ ինքնատիպ արուեստին:
Ժամանակ մը վերջ նախագահը այցելութեան եկած էր իր կնոջ հետ` յայտնի ծաղարանէ գնուած կարկանդակով մը:
– Պարո՛ն Արմենակ, յաջողեցանք: Մօտ օրէն «խաչքար» մը պիտի հասնի Հայաստանէն, եւ անոր պաշտօնական բացումը պիտի կատարուի:
– Լա՛ւ է,- ըսած էր Արմենակ:
Սուրճին եւ կարկանդակին պատիւ ընելէ ետք, նախագահը ծեքծեքուն դիւանագիտութեամբ դիմած էր Արմենակին:
– Պարո՛ն Արմենակ, քաղաքապետը ըսաւ, որ ես հայերէն խօսիմ բացման հանդիսութեան, քանի որ Հայաստանէն հիւրեր ներկայ պիտի ըլլան:
– Քաղաքապետը խելացի մարդ ըլլալու է, գիտցած է, որ հայութեան մասին երբ խօսուի, նաեւ հայերէն պէտք է խօսիլ:
– Ես ալ այդպէս կը կարծեմ: Բայց ես հայերէն ո՛չ կրնամ խօսիլ, ո՛չ ալ կրնամ գրել: Ձեզմէ կը խնդրեմ, որ դուք բարեհաճիք գրել խօսքը, եւ ես կը կարդամ:
Արմենակ հայրենակցական բարեմտութեամբ ընդունած էր:
Քանի մը օր ետք նախագահը եկած է: Արմենակ հայերէն էջը տուած է անոր: Ան խնդրած է, որ Արմենակ հատիկ հատիկ կարդայ եւ ինք լատիներէն տառերով գրէ:
Արմենակ այդ ալ ըրած է… ի պատիւ խաչքարին: Հանդիսութեան ալ ներկայ եղած է:
– Զանզիպարցիները աւելի լաւ կրնային կարդալ: Զաւեշտին ակամայ մեղսակից եղած էի,- սրտմտած ըսաւ Արմենակ:
Քանի մը շաբաթ ետք Արմենակ զայրացած` հեռաձայնեց:
– Նախագահ կոչեցեալը կրկին եկաւ եւ խնդրեց, որ կրկին խօսք մը գրեմ իրեն համար, քանի որ իր նախորդ ճառը շատ հաւներ էին:
Արմենակ ըսեր է, որ նման կատակ պէտք չէ կրկնել: Նախագահը շփացածի ամբարտաւանութեամբ ըսած է.
– Ամերիկայի, Ֆրանսայի եւ այլ երկիրներու նախագահներն ալ իրենց «նեկր»-երը ունին, որոնք իրենց համար կը գրեն եւ իրենք կը կարդան:
– Պարո՛ն, չեմ գիտեր` ինչի՛ս նախագահ, ես «նեկր» չեմ, եւ անգամ մըն ալ այս դռնէն ներս ոտք չդնես,- ըսած է Արմենակ:
Օր մը, երբ այդ դէպքը կը յիշէր, Արմենակ նոր եզրակացուց.
– Երբ «նեկր» չեղայ, հայ ժողովուրդը սուգի մատնուեցաւ` մեծ բեմբասաց մը կորսնցնելով:
– Անկարեւոր կարեւորութիւն մը չծաղկած խամրած է եւ ազգն ալ` վարակէ մը փրկուած,- աւելցուցի իմ կարգիս:
ՄԱԿԱՐ, ի Գաղիա, փետրուար 2013

