Վեհափառը, Հայերէնը, Գրականութիւնը Եւ… Կոնդակը
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Հաճոյախօսութիւն թող չվերագրուի: «Բագին»-ի յիսնամեակին առիթով «խօսքեր» ըսուեցան, ի պաշտօնէ, սրտաբուխ, վկայութիւններ: Անոնք հայերէն բառ ու խօսքի իւրացման եւ տարածման ինչպէ՞ս պիտի նպաստեն, էջէն ինչպէ՞ս պիտի հասնին զանգուածին, որպէսզի աճի ազգային հարազատութեան գիտակցութիւնը եւ շարունակութիւն ըլլալու հիմը կազմող ինքնութիւնը:
Հաւատարմութեամբ իր ընտրած ազգային ուղեծիրին` Արամ Ա. վեհափառը չգոհացաւ աւուր պատշաճի երկտողով մը: Հայուն ուշադրութիւնը հրաւիրելու համար ՀԱՅԵՐԷՆ ԽՕՍՔ ՈՒ ԳԻՐի վրայ` Ան ԿՈՆԴԱԿով մը դիմեց իր ժողովուրդին:
Հայոց կաթողիկոսը կը խօսի «գեղարուեստական գրականութեան» բերուած նպաստի եւ «զուլալ ջուր» մատակարարողի դերին մասին: Որքա՜ն ճիշդ գնահատում մը, բայց հետզհետէ աւելի նօսրացող փոքրամասնութիւն մը միայն կամաւոր է ընկալելու: Վեհափառը գիտէ, որ սփիւռքեան պայմաններու մէջ ընդհանրապէս «գեղարուեստական գրականութեան» ստեղծման եթէ ցանկութիւնը անգամ կայ, մենք ամէն օր տխրութեամբ ականատես ենք, որ հայ գեղարուեստական գրականութեան արգանդը ամէն օր քիչ մը աւելի կը կծկուի:
Այդ արգանդը ՀԱՅԵՐԷՆն է` մարդոց շրթներուն վրայ ամէն օր քիչ մը աւելի խեղճացող բառագանձով եւ կապկումներով աղճատուող շարահիւսութեամբ:
Վեհափառը կաթողիկոսարանը դարձուցած հայերէն գիրքի հրատարակութեան եւ տարածման փեթակ, կը կազմակերպէ լեզուի պաշտպանութիւն` քաջ գիտնալով, որ այդ բոլորը ամբողջութիւն մըն են: Կը գործէ իր ժողովուրդի անգիտակից նահանջին դէմ թումբ կանգնելու համար:
Բայց:
Սպառողական, երեւելիական եւ զուարճութեան համաշխարհային տենդով վարակուած հայկական զանգուածներու այն մասը գէթ, որ դեռ բնազդական կապեր կը պահէ ազգին հետ, բոլորովին հալած չըլլալով նոր շրջապատի մէջ, տօնական առիթներով կու գայ լսելու իր հայրապետը, միայն կը լսէ արարողութեան մը տեւողութեամբ: Տաճարները լեցնող ժողովուրդը կրնա՞յ ըսել, թէ ի՛նչ կը լսէ եւ կ’իւրացնէ, տարին քանի՞ հայերէն գիրք կը կարդայ, քանի՞ հայերէն գիրք կը գնէ, իր զաւակը հայկական վարժարանէ զրկելով` ինչո՞ւ օտարացման կը յանձնէ:
Լսել չի բաւեր, եթէ կը պակսի ԽՕՍՔին հետեւելու ազնուական ոգին, որ չի շփոթուիր փերեզակութեան հետ:
ԿՈՆԴԱԿը կ՛ըսէ. ««Բագին»-ը դարձաւ նաեւ դպրոց. յատուկ կարեւորութեամբ ու տեսլապաշտ ոգեւորութեամբ ան գուրգուրաց երիտասարդ գրողներու վրայ, որոնք աճեցան ու թրծուեցան «Բագին»-ի քուրային մէջ»: Այսօր այդ երիտասարդութիւնը մոմով կը փնտռուի: Դպրոց եւ ծնողք կարծէք դաշնակցած են, որպէսզի անհնար դառնայ երիտասարդութիւնը պահել հայկական «ածու»-ին մէջ, եւ հետեւանքը կարելի չէ թաքցնել: Հայերէն գիրքի ընթերցումը մեծ հայրիկի եւ մեծ մայրիկի ձանձրոյթը փարատելու կը ծառայէ, իսկ հայ գեղարուեստական գրականութիւնը նոր շունչ չի գտներ, քանի որ նոր սերունդի սրտի դրան վրայ գրուած է` «բացակայ»:
ԿՈՆԴԱԿը թարգմանե՞նք արեւելահայերէնի, արաբերէնի, ռուսերէնի, ֆրանսերէնի, անգլերէնի, գերմաներէնի, շուէտերէնի, սպաներէնի, թրքերէնի, որպէսզի նահանջողները լսեն եւ պատգամը ընդունին, իւրացնեն:
Վեհափառին ԿՈՆԴԱԿը գեղեցիկ տեսք ունի: Շրջանակի մէջ առնելով` սրահը կրնանք զարդարել:
Բայց ԿՈՆԴԱԿը գեղօր չէ: Ան պատգա՛մ է:
Ապազգային ընթացք է այդ պատգամին առջեւ փակել միտքի եւ հոգիի դռները: Եթէ չփակուինք, մեր վաղը այսօրուընէ աւելի լաւ կ՛ըլլայ:
Եթէ ժամանակակիցներս` ղեկավարութիւններ, եկեղեցիներ, մամուլ, դպրոցներ, մտաւորականութիւն, այս հարցին լուծում փնտռելու յանձնառութեամբ չգործեն, հայերէն խօսքն ու գիրը մեծ հայրիկին եւ մեծ մայրիկին կեանքով պիտի տեւեն:
Յետո՞յ…
Նահանջը խուճապային անձնատուութի՞ւն է, թէ՞ հարազատ ինքնութեամբ վերականգնումը դեռ կարելի է:
Դատարկ ճառերը ոտքի քնացող աճպարարութիւն են: Գինեձօններու գերյարգելի հիւրերու եւ հանրահաւաքներու երգ-երաժշտութեամբ գետինը դոփողներու ո՞ր տոկոսը հայկական գրատունէ մը ներս քայլ կը նետէ…
Պատասխանը պէտք է տալ հայելիին առջեւ կանգնելով: Մենք մեզ չենք կրնար խաբել:
Յունուար 2013

