Արեւմտահայերէնի Խտացեալ Դասընթացք Անթիլիասի Վանքին Մէջ
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ
Արեւմտահայերէն լեզուի պաշտպանութեան եւ պահպանման համար մասնաւոր խտացեալ դասընթացք տեղի կ՛ունենայ Անթիլիասի վանքին մէջ: Այս դասընթացքին ձեռնարկուած է հովանաւորութեամբ եւ նախանձախնդրութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ հայրապետ Արամ Ա. կաթողիկոսին: Հոն կը դասաւանդեն հայոց լեզուին ծանօթ, հայագէտ եւ հայ մշակոյթի սպասարկու դասատուներ, ուսումնասիրուած դասացուցակով:
Մամուլով ծանուցուած յիշեալ դասընթացքին հրաւիրուած են` հայոց լեզուին հետ մտերմանալու եւ ծանօթանալու անոր յստակ հնչեղութեան, առոգանական տուեալներուն եւ բառամթերքի հարստութեան, անշուշտ ուղղագրական վարպետութեան, ճիշդ գրելու համար:
Դասընթացքները կը շարունակուին շաբաթական երկու օր, յետմիջօրէի ժամերուն: Կը թելադրուի, որ այս դասընթացքներուն հետեւին մեր կրթական, եկեղեցական, միութենական կամ պաշտօնական այլ կարգի քարտուղարութիւնը, ատենադպրութիւնը ստանձնած անձեր, որպէսզի կարենային նուազ սխալներով, կամ անսխալ կարենային նամակ մը գրել, ստացագիր մը պատրաստել, անունները ճիշդ գրել:
Անհրաժեշտութիւն է արեւմտահայերէնի պահպանման հարցը: Ներկայիս մեր ընկերային յարաբերութեան, մեր ընտանեկան յարկերէն ներս խօսուած հայերէնը խոցելի է: Տեղական լեզուն կը խառնենք, մեր գիտցած օտար լեզուներէն կը ներածենք բառեր, որոնց կարիքը չունինք: Հայոց լեզուն հարուստ է իր բառամթերքով, հոմանիշներով եւ դարձուածքներով: Ոսկեղինիկը անկորնչելի ժառանգ է մեզի, ուստի մեր ճիտին պարտքն է տէր կանգնիլ անոր ամենայն հաւատարմութեամբ: Օտար լեզուով խօսող, արտայայտուող հայու զաւակներ չկարծեն, թէ իրենք զարգացած են, իսկ հայերէն խօսողները` տգէտ կամ յետամնաց: Ո՛վ որ իր մայրենի լեզուն չի գիտեր, օտար լեզուները լաւ չի կրնար խօսիլ: Հիանալի եւ օգտակար առիթ մը, որմէ պէտք է օգտուիլ:

