«Երազ» Թատերախումբը Ներկայացուց «Անտառի Դպրոցը» Երաժշտական Թատերախաղը

Երէկ` ուրբաթ, 1 մարտ 2013-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հայ աւետարանական Փ. եւ Է. Թորոսեան վարժարանի «Երազ» թատերախումբը հանդէս եկաւ «Անտառի դպրոցը» երաժշտական թատերախաղով` հեղինակ, բեմադրիչ եւ գեղարուեստական ղեկավար Ռոպերթ Առաքելեան:

Թատերախաղին իրենց մասնակցութիւնը բերին 12 փոքրիկ դերասաններ: Նիւթը փոքրիկ տղու մը մասին էր, որ չէր սիրեր ուսումը: Անտառ կ՛երթայ եւ հոն բաւական արկածախնդրութիւններէ ետք կը գիտակցի, թէ նոյնիսկ անտառին մէջ անկարելի է առանց ուսման ապրիլ: 1 ժամ տեւողութեամբ եւ շատ լաւ մատուցումով փոքրիկ դերասանները փորձեցին հանդիսատեսին փոխանցել այն միտքը, թէ երբ մէկը ուսման առիթը փախցուցած է` շատ ուշացած կ՛ըլլայ, երբ գիտակցի իր սխալին: Թատերախաղը աւարտեցաւ «Հայկական է, պատուական է» երգ-պարով, որուն բառերը գրած էր Ռոպերթ Առաքելեան:

Աւարտին խօսք առաւ վարժարանի տնօրէն Սեդա Գարակէօզեան: Ան նկատել տուաւ, որ թատերախաղ մը պատրաստելը աշխատանք կ՛ենթադրէ, սակայն անոր նպատակին ետին գտնուողը աշխատանքը շեշտելը չէ, այլ անոր մատուցած օգտակարութիւնը, նիւթի անհրաժեշտութիւնն ու կարեւորութիւնը: Ան նկատել տուաւ, որ թատրոնը դպրոց մըն է, որ շատ բան կը սորվեցնէ` աւելցնելով, որ այս թատերախաղին ընդմէջէն բեմադրիչը փորձած է աշակերտներուն մօտ ուսման գիտակցութիւնը արթնցնել` 1 ժամուան ընթացքին:

Ձեռնարկը աւարտեցաւ վեր. Յովհաննէս Սվաճեանի աղօթքով:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES