Ներկայութեամբ «Ակօս»-ի Հայերէն Բաժինի Խմբագիր Սարգիս Սերոբեանի Աւանդութեան Վերածուած Միջդպրոցական «Հրանդ Տինք» Շարադրութեան Մրցումի Մրցանակաբաշխութիւն

Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտական խորհուրդի տեղեկատուական-ուսումնասիրական աշակերտական խմբակին, երէկ` ուրբաթ, 1 մարտ 2013-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Մեսրոպեան վարժարանի «Ֆարաճեան» լսարանին մէջ տեղի ունեցաւ միջդպրոցական «Հրանդ Տինք» շարադրութեան գ. մրցանքի մրցանակաբաշխութեան արարողութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան ներկայացուցիչ Վարդան Ադամեանի, «Ակօս»-ի հայերէն բաժինի խմբագիր Սարգիս Սերոբեանի, մրցումի դատական կազմի անդամներուն, լիբանանահայ վարժարաններու տնօրէններու, կրթական պատասխանատուներու, մամլոյ ներկայացուցիչներու, ուսուցիչներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:

Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Ռիթա Ումուտեան, որ նշեց, թէ նշեալ մրցումը առիթ մըն է աշակերտական իւրայատուկ ոճով յարգանքի տուրք մատուցելու Հրանդ Տինքին, որ անվախօրէն եւ քաջօրէն պահանջեց համայն հայ ժողովուրդին իրաւունքները: Ան ըսաւ, որ լիբանանահայ աշակերտները Տինքին վճռակամութեամբ պէտք է շարունակեն արդարութեան պայքարը:

Տինքի վկայութիւններու տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք խօսք առաւ դատական կազմի անդամ Ժիրայր Դանիէլեան, որ յայտնեց, թէ «Հրանդ Տինք» շարադրութեան մրցումը իր բնոյթով եւ կազմակերպուածութեամբ ամբողջական իմաստով գնահատելի եւ քաջալերական նախաձեռնութիւն մըն է, որ պէտք է յարատեւէ: Մեսրոպեան վարժարանին մէջ ազգային առումով արձանագրուած իրագործումներուն անդրադառնալով` Դանիէլեան շեշտեց, որ Մեսրոպեանի աշակերտներուն օրական դրութեամբ «Ազդակ» օրաթերթ ապահովելու «Ազդակ»-Մեսրոպեան համաձայնութիւնը հայ մամուլին կարեւորութիւնը ամրապնդող էական քայլ մըն է: Ան ըսաւ, որ Տինք իր կենդանութեան վտանգ էր, իսկ իր մահով դարձաւ առաւել եւս մեծ վտանգ մը: Ժիրայր Դանիէլեան մեծապէս գնահատեց շարադրութեան մասնակից աշակերտներու ազգային շունչն ու ոգին:

Կրեկուար Գալուստ

Ժիրայր Դանիէլեան

Ապա Մեսրոպեանի նուագախումբը նուագեց «Զարթի՛ր որդեակ»-ը եւ «Ղարաբաղ»-ը, որմէ ետք իր պատգամը փոխանցեց Մեսրոպեան վարժարանի կողմէ Լիբանան հրաւիրուած «Ակօս» թերթի հայերէն բաժինի խմբագիր Սարգիս Սերոբեան: Ան ըսաւ, որ շարադրութեան ա. եւ բ. մրցումներուն գրութիւնները հրատարակուած են «Ակօս»-ին մէջ, հակառակ անոր որ որոշում տրուած էր թերթին մէջ չհրատարակելու աշակերտական գրութիւններ: Սերոբեան աւելցուց, որ այս փոփոխութիւնը կատարուեցաւ, քանի որ շարադրութիւններուն բովանդակութիւնը արժէքաւոր էր եւ քննարկումները` հետաքրքրական եւ ոգեւորիչ: Սարգիս Սերոբեան յայտնեց, որ մրցումին ընդմէջէն Տինքին յիշատակին հանդիսութիւն կազմակերպելը պատուաբեր է: Ան նշեց, որ Պոլսոյ մէջ Մեսրոպեան վարժարանի ծաւալուն եւ բազմաճիւղ գործունէութիւններուն կը հետեւէր ու իր այս այցելութիւնը եկաւ ապացուցելու, որ այդ անդրադարձները յստակ իրողութիւն են եւ շօշափելի:

Գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ Սթեֆանի Պալթայեանի կատարողութեամբ «Խօսք իմ որդուն» բանաստեղծութեան արտասանութեամբ, որմէ ետք խօսք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ, որ նշեց, թէ Հրանդ Տինք հայ ժողովուրդի ժամանակակից պահանջատիրութեան մէջ մեծ առաջնորդ մըն է, որուն տիպարը դաստիարակիչ է: Գալուստ շնորհակալութիւն յայտնեց մասնակից վարժարաններու տնօրէններուն եւ ուսուցիչներուն, ինչպէս նաեւ դատական կազմի անդամներուն` Շահան Գանտահարեանին, Սարգիս Նաճարեանին եւ Ժիրայր Դանիէլեանին: Մեսրոպեանի տնօրէնը յոյս յայտնեց, որ յառաջիկայ տարեշրջանին լիբանանահայ բոլոր վարժարանները մրցումին բերեն իրենց մասնակցութիւնը, որովհետեւ նախաձեռնութիւնը նուիրուած է հայութիւնը համախմբող կարեւոր տիտանի մը` Հրանդ Տինքին եւ ունի ազգային ու դաստիարակչական նպատակներ:

Աւարտին, տեղի ունեցաւ «Հրանդ Տինք» շարադրութեան գ. մրցումի մրցանակաբաշխութիւնը: Առաջին հանդիսացաւ Հայ կաթողիկէ Ս. Ագնէս վարժարանէն Նարինէ Մարգարեան, իսկ երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը հերթաբար գրաւեցին Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանէն Աննա-Մարիա Գապաքեան եւ Սէրլի Տէրտէրեան: Մրցանակակիրները ստացան նիւթական պարգեւներ, գիրքերու հաւաքածոներ եւ Սարգիս Սերոբեանին կողմէ նուիրուած յիշատակի նուէրներ: Յայտնենք, որ առաջին հանդիսացող վարժարանը նաեւ ստացաւ մրցումին նշանակը:

 

Share this Article
CATEGORIES