Գեղարդի Վանքի Երգչախումբին Ելոյթը` Պէյրութի Մէջ
27 փետրուարին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը Պէյրութի Ս. Լուիս եկեղեցիին մէջ «Ալ Պուսթան» միջազգային փառատօնի շրջանակներուն մէջ կազմակերպեց համերգ մը Հայաստանի Գեղարդի վանքի երգչախումբին մասնակցութեամբ (գեղարուեստական ղեկավար` Մհեր Նաւոյեան):
Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան բացման խօսքին մէջ նշեց, որ սոյն համերգը աւելի կը խորացնէ երկու բարեկամ երկիրներու մշակութային յարաբերութիւնները: Այնուհետեւ նշուեցաւ, որ համերգը կը համընկնի Ազրպէյճանի Սումկայիթ քաղաքին մէջ 25 տարի առաջ տեղի ունեցած ողբերգական իրադարձութիւններուն հետ, որոնց պատճառով զոհուեցան եւ վիրաւորուեցան հարիւրաւոր անմեղ հայեր: Դեսպան Քոչարեան աւելցուց, որ Սումկայիթի ոճրագործութիւնը հայ բնակչութեան նկատմամբ իրականացուած ցեղային զտման քաղաքականութեան առաջին դէպքն էր Խորհրդային Միութեան տարածքին մէջ:
Խմբավար Անահիտ Պապայեան նոյնպէս անդրադարձաւ Սումկայիթի ողբերգութեան` նշելով, որ ամէն տարի փետրուարին վերջին հայ ժողովուրդը յարգանքի տուրք կը մատուցէ անմեղ զոհերու յիշատակին:
Համերգի ընթացքին Գեղարդի վանքի երգչախումբը կատարեց Մոցարտի, Վերտիի, Ռախմանինովի, Մոնթեվերտէի եւ Պրամսի երաժշտական գործերէն հատուածներ, ինչպէս նաեւ միջնադարեան շարականներ, հայ յօրինողներու դասական եւ հոգեւոր երգեր: Երգչախումբի երգացանկին մէջ տեղ գտան նաեւ երգեր` նուիրուած Սումկայիթի եղեռնագործութեան անմեղ նահատակներու յիշատակին:
Համերգին ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, օտարերկրեայ դիւանագէտներ, արուեստագէտներ եւ մշակոյթի գործիչներ:


