Թուրքիա. Էրտողան Թունուզ Կ՛այցելէ Յառաջիկայ Մարտին
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յառաջիկայ մարտին պիտի այցելէ Թունուզ` գլխաւորելով զանազան մարզերու գործատէրերէ եւ նախարարներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը:
Թունուզի տնտեսական հարցերու նախարար Ռիտա Սայիտի յայտնեց, որ Թուրքիոյ վարչապետին Թունուզ այցելութիւնը մեծապէս պիտի նպաստէ երկու պետութեանց յարաբերութեանց յառաջդիմութեան, յատկապէս` ռազմագիտական գործակցութեան խորհուրդի կազմութեան համաձայնութենէն ետք:
1997-ի Յեղաշրջումի Փորձին
Առնչուող Քայլերու Ծիրին Մէջ
Հինգ Բարձրաստիճան Թուրք Սպաներ
Դատարան Կը Փոխանցուին
Թրքական սպայից ակադեմիայի նախկին հրամանատար, հանգստեան կոչուած զօրավար Ասլան Կիւնար եւ ցամաքային ուժերու նախկին հրամանատար զօր. Էրտալ Ճէյլանօղլու փոխադրուեցան դատարան` բարձրաստիճան հինգ սպաներու հետ կատարուող հարցաքննութեանց ծիրին մէջ: Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը, որ հաղորդեց լուրը, աւելցուց, որ այս քայլերը կ՛ընդառաջեն 28 փետրուար 1997-ի պետական հարուածին գծով կատարուող հարցաքննութեանց ծիրին մէջ թրքական դատարանի պահանջներուն:
Սուրիական Բանակէն Եօթը Սպաներ
Կ՛ապաստանին Թուրքիա
Սուրիական բանակէն եօթը անջատողական սպաներ` լքելով իրենց դիրքերը, ապաստան գտան Թուրքիոյ հարաւը գտնուող Ալեքսանտրէթի սանճաքի գաղթականներու կեդրոնին մէջ: Սուրիացի դասալիք սպաներու փախուստը դէպի Թուրքիա կայացած է արտաքին օժանդակութեամբ եւ ապահովական խիստ միջոցառումներու տակ: