ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ՄԻԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՄԲ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԷՋ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԻՐԱՒԱՆՑ ԿԱՇԿԱՆԴՈՒՄՆԵՐԸ ԵՒ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ ԿԱՐԳԵՐՈՒ ԽԱԽՏՈՒՄՆԵՐԸ

12 մայիս 2011-ի Սթրազպուրկի իր լիագումար նիստին ընթացքին, Եւրոպական խորհրդարանը խստիւ դատապարտեց Ազրպէյճանի իշխանութիւնները` մարդկային իրաւանց, հաւաք կազմակերպելու եւ խօսքի ազատութեանց դէմ դրած իրենց կաշկանդումներուն համար:

Եւրոպական խորհրդարանին մէջ ներկայացուած բոլոր քաղաքական խումբերու անդամները իրենց խօսքերուն մէջ դատապարտեցին իշխանութեան օրէնսդիր եւ գործադիր մարմինները` Ազրպէյճանի մէջ շարունակուող մարդկային իրաւանց խախտումներուն համար, շեշտելով, որ Եւրոպական Միութիւնը Ազրպէյճանի ուժանիւթին ու քարիւղին մատակարարման փոխարէն պէտք չէ հանդուրժողական կեցուածք ցուցաբերէ ալիէւեան վարչակարգին նկատմամբ:

«Հիմնական ազատութիւններ, մարդկային իրաւունքներ եւ ժողովրդավարութիւն» օրակարգին մէջ եղան զրոյցները եւ միաձայնութեամբ որդեգրուեցաւ բանաձեւը` դատապարտելով Ազրպէյճանի մէջ ցուցարարներու դէմ կիրարկուած բռնութիւնները, ձերբակալումները, բռնարարքները եւ սարսափի մթնոլորտը` հասարակական կազմակերպութեանց անդամներու, զանգուածային լրատուական միջոցներու եւ ընդդիմադիր քաղաքական գործիչներու դէմ: Խիստ դատապարտումի ենթարկուեցան նաեւ Պաքուի մէջ տեղի ունեցած անհիմն փաստերով «արագ դատավարութիւններ»ն ու բանտարկումները, կոչ ուղղելով Ազրպէյճանի որ յարգէ մարդկային իրաւանց միջազգային օրէնքները:

Բանաձեւը կոչ կ՛ուղղէ իշխանութեան` անմիջապէս ազատ արձակելու բանտարկեալները, երիտասարդներն ու քաղաքական գործիչները, իբրեւ բարի կամեցողութեան առաջին քայլ եւ ժողովրդավար պետութեան մը յարիր երկիր` երաշխաւորելով խօսքի ազատութիւնն ու խաղաղ հաւաքները: Բանաձեւը նաեւ կը դատապարտէ Պաքուի համալսարանի ուսանողներուն դէմ եղած ոստիկանական բռնարարքները` հաստատելով, թէ տեղեկութիւն ստանալու իրաւունքը ազատ, բաց ու ժողովրդավար պետութիւններու հիմնական երաշխիքներն են:

Յատկանշական է նաեւ, որ Ազրպէյճանէն անմիջապէս ետք, օրակարգի նիւթն էր Պիելոռուսիոյ մէջ տեղի ունեցած ժողովրդավարական խախտումներն ու մարդկային ազատութեանց կաշկանդումները:

ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ, ՊՐԻՒՔՍԵԼ

 

 

Share this Article
CATEGORIES