ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

ԲԱՆԱԿԻ հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Թաուհիտ հոսանքի նախագահ Ուիամ Ուահապը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Զօր. Քահուաժիի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոն, որուն ընկերակցեցաւ դեսպանատան զինուորական կցորդը: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ ֆրանսական բանակներուն միջեւ գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի երէկ երեկոյեան պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Թուրքիա:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան իմաստով տրուած սուրիական կանաչ լոյսերուն մասին շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերը անճիշդ են: Ան նկատել տուաւ, որ սուրիացիք զբաղած են իրենց ներքին հարցերով` շեշտելով, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը դրական ընթացքի մէջ է:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց գործավար նախարար Զիատ Պարուտի եւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոնի միջեւ հանդիպում մը ջնջուեցաւ: Իսկ այդ հանդիպման ջնջումին դրդապատճառները մնացին անյայտ:

ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ սենտիքան կոչ ուղղեց պետական եւ անձնական բոլոր դպրոցներուն, համալսարաններուն եւ արհեստից վարժարաններուն` մասնակցելու յառաջիկայ չորեքշաբթի օրուան դասադուլին:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերը երէկ ամբողջ Լիբանանի տարածքին գործադրած իրենց ապահովական միջոցառումներուն ծիրին մէջ ձերբակալեցին 48 յանցագործներ:

ՊԷՅՐՈՒԹԻ միջազգային օդակայանի վիճակագրութեան կեդրոնին հրապարակած նոր հաղորդագրութեան համաձայն, անցեալ ամսուան ընթացքին ճամբորդներուն համեմատութիւնը 22 առ հարիւրով բարձրացած է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ Հըզպալլա եւ Սուրիա կը փափաքին կազմել այնպիսի կառավարութիւն մը, որ իրենց դիմագիծին պատճէնը կը նկատուի:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի մամլոյ գրասենեակի պատասխանատու, իրաւաբան Սլէյման Ֆրենժիէ յայտնեց, որ Մարատա հոսանքը մեծ դերակատարութիւն ունեցած է կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը դիւրացնելու առաքելութեան մէջ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES