ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՀՈԼՈՎՈՅԹԸ` ԴՐԱԿԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻ ՄԷՋ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ, անդրադառնալով Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին, յայտնեցին, որ այդ հոլովոյթը դրական է, սակայն տակաւին կարիքը կայ յաւելեալ խորհրդակցութիւններ կատարելու, որպէսզի կառավարութեան կազմութիւնը ամբողջական դառնայ:
Նոյն աղբիւրներուն համաձայն, եթէ խորհրդակցութիւնները իրենց դրական եւ հեզասահ թափով շարունակուին, ապա կարելի պիտի ըլլայ Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը յայտարարել այս շաբաթավերջին:
Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի երէկ Վերտանի իր բնակարանին մէջ ընդունեց, Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Միքաթիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Իրլանտայի դեսպան Իզոլտ Մույլըն: Քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մասին կատարուած յայտարարութիւններուն ծիրին մէջ, նախագահական պալատի այցելուները շեշտեցին, որ ըստ հանրապետութեան նախագահին, կառավարութիւնը կազմելու նպատակով ի գործ դրուող ջանքերը լուրջ են եւ իսկական:
Պաապտայի մօտիկ աղբիւրները հաստատեցին, որ ներքին գործոց նախարարութեան հարցը լուծուած է` աւելցնելով, որ ներքին գործոց նախարարը պիտի ըլլայ հանրապետութեան նախագահին նախարարը: