Թունուզի Նախկին Նախագահը` Անձնասպա՞ն

Լիբանանեան «Տիար» օրաթերթը, կարգ մը աղբիւրներու վերագրելով իր տեղեկութիւնները, երէկ յայտնեց, թէ Թունուզի գահընկէց նախագահ Զէյնել Ապիտին Պըն Ալի հինգշաբթի երեկոյեան անձնասպան եղած է կուլ տալով փոթասիոմ պարունակող դեղահատ մը, որ անմիջականօրէն կը դադրեցնէ սրտին զարկերը:

Փարիզէն աղբիւրներ հերքած են լուրը, մինչ Թունուզի կառավարութիւնը կը պնդէ, թէ Ապիտին անձնասպան եղած է նախանցեալ երեկոյեան ժամը 6:30-ին: Նշենք, որ արաբական գարնան կայծը բռնկեցաւ Թունուզէն:

 

Share this Article
CATEGORIES