Հռոմի Պապին Ընտրութեան Նախապատրաստական Քայլերը Սկսած Են

Նուազ քան ութսուն տարիքի կարտինալներ յառաջիկայ երկուշաբթի պիտի սկսին համախմբուիլ Վատիկանի ընտրական մէկ ժողովասրահին մէջ` առ ի պատրաստութիւն Հռոմի հրաժարեալ Պենետիկտոս ԺԶ. պապի յաջորդի ընտրութեան:

«Ժողովները պիտի շարունակուին մինչեւ հրաւիրեալ բոլոր կարտինալներու ժամանումը», հաստատեց Վատիկանի մէկ բանբերը:

Մեկնում` Հռոմէն

Հռոմի հրաժարեալ Պենետիկտոս ԺԶ. պապը նախանցեալ օր մեկնեցաւ կարտինալներու ամառնային նստավայրը` Քասթել Կոնտոլֆոյի մէջ:

Աւելի ուշ պապը պիտի մեկնի Վատիկանի մօտակայ մէկ ճգնարանը, ուր պիտի անցընէ իր կեանքի մնացեալ ժամանակաշրջանը: Պապին վերջին խօսքը այս առիթով եղած էր` «Եկեղեցին անձերու վրայ չէ հիմնուած»:

Share this Article
CATEGORIES