Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Նասեր Ժուտան, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ փոխադարձ գործակցութիւնը: Ժուտա նախագահ Սլէյմանի փոխանցեց Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին նամակը:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթ երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, ինչպէս նաեւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ: Քննարկուեցան Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի իրադարձութիւնները:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ատնան Մանսուր կոչ ուղղեց Սուրիոյ մէջ զինադուլ հաստատելու եւ սկսելու երկխօսութեան` միջազգային երաշխիքներու հովանիին տակ:

ՌՈՒՄԻԷԻ բանտին մէջ իսլամական արգելափակեալները ներում պահանջեցին եւ բողոքի իբրեւ արտայայտութիւն ձերբակալեցին ներքին ապահովութեան ուժերու անդամներ: Աւելի ուշ, ներքին ապահովութեան ուժերուն անդամները ազատ արձակուեցան:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտեց, որ ձերբակալած է եգիպտացի մը, որ հեռաձայնի յատուկ թիւ մը վաճառած է 12-ամեայ աշակերտ Մոհամետ Աուատան առեւանգողներէն մէկուն: Բանակը շեշտեց, որ ձերբակալուողին հետ հարցաքննութեան պահուն ի յայտ եկած է, որ ան այդ թիւը բաւական սուղ գինով վաճառած է, առանց անձնաթուղթ կամ ինքնութեան որեւէ փաստաթուղթ պահանջելու:

ՈՍՏԻԿԱՆՈՒԹԵԱՆ հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Տուէյհի յայտնեց, որ երէկ կէսօրին Լիբանանի մէջ արձանագրուած իսլամական շարժումները համադրող եւ համակարգող կողմեր կան:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ընդունեց Լիբանանի մէջ Քուէյթի դեսպան Ապտել Ալ Քանային, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերը երէկ հետապնդեցին ինքնաշարժ մը, որմէ  անծանօթներ ձայնային ռումբ մը նետած էին Սելիմ Սլամ կամուրջին մօտակայքը:

ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ուժեր Թրիփոլիի մէջ գտնուող մզկիթներուն մօտակայքը ապահովական խիստ միջոցառումներու դիմեցին` հիմնուելով այն տեղեկութիւններուն վրայ, թէ Թրիփոլի մուտք գործած են ականուած երկու ինքնաշարժներ:

ՀԱՆՐԱՅԻՆ փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Պասսամ Թլայս յայտնեց, որ ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատիի հետ համաձայնութիւն մը գոյացուցած է` հանրային փոխադրութեան ինքնաշարժներու վարորդներուն համար պենզինի թիթեղին սակը 25,000 լ. ոսկի է, իսկ մազութինը` 20,000 լ. ոսկի:

 

 

Share this Article
CATEGORIES