Մոհամետ Ամին Մզկիթին Մէջ Քարոզի Պահուն Երիտասարդներ Կը Փորձեն Բռնի Ուժով Վար Իջեցնել Շէյխ Խալիֆէն

Մոհամետ Ամին մզկիթին մէջ երէկ կէսօրին կատարուած ուրբաթ օրուան նամազին ընթացքին, եօթը երիտասարդներ փորձած են մզկիթին մէջ գտնուող աղօթքի հարթակէն վար իջեցնել շէյխ Հիշամ Խալիֆէն, որ Տար Ֆաթուայի կրօնական կալուածներուն տնօրէնն է:

Ապահովութեան ուժերը անմիջապէս փութացին Մոհամետ Ամին մզկիթ եւ ձերբակալեցին արդէն մզկիթէն դուրս բերուած երիտասարդները, որոնք կը շարունակէին շէյխ Խալիֆէն վարկաբեկել:

Նամազէն ետք տրուած հարցազրոյցի մը ընթացքին, շէյխ Խալիֆէ խստիւ դատապարտեց այդ արարքը` շեշտելով, որ ոչ ոք կրնայ զինք աղօթատեղիէն վար առնել եւ ոչ մէկ պայմանի տակ կարելի է նման քայլի դիմել:

Շէյխ Խալիֆէ յայտնեց, որ այդ երիտասարդները ուղղուած էին դէպի աղօթքի հարթակին կողմը, սակայն նախքան անոր մօտենալը, անոնք դուրս դրուած էին մզկիթէն:

Ան նշեց, որ զանոնք դուրս դնող խումբ մը երիտասարդներ իրեն յայտնած էին, որ աղօթքը խանգարել փորձող երիտասարդները շեշտած են, որ իրենք զինուած են` ընդգծելով, որ շէյխ Խալիֆէ պէտք չէ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի անունը տայ:

Շէյխ Խալիֆէ այս պատահարը նկատեց քաղաքական նոյն հոսանքին մէջ ուրիշը մերժող եւ միաժամանակ ծայրայեղութիւն տարածող կողմերուն պատասխանատուութիւնը: Ան դիտել տուաւ, որ այս հարցը սիւննի-շիի լարուածութեան ծիրին մէջ չ՛իյնար, այլ միջսիւննիական է` աւելցնելով, որ ինք սիւննի շէյխ մըն է, որ կը քարոզէ Տար Ֆաթուայի պատկանող մզկիթի մը մէջ:

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի խստիւ դատապարտեց Մոհամետ Ամին մզկիթին մէջ շէյխ Խալիֆէի դէմ գործուած այդ արարքը, երբ ան կը քարոզէր իսլամական միասնականութեան մասին: Ան նշեց, որ շէյխ Խալիֆէի դէմ գործուած այդ արարքը սադրանքներու նախապատրաստութիւն կը նկատուի:

Շէյխ Քապպանի խստիւ դատապարտեց այդ քայլին ետին կանգնող պատասխանատուները:

 

 

Share this Article
CATEGORIES