Պըրրի Ընդունեց Յորդանանի Արտաքին Գործոց Նախարարը
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Նասեր Ժուտան, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Ժուտա յայտնեց, որ Պըրրիի փոխանցած է Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին ողջոյնները, ինչպէս նաեւ քննարկած Լիբանանի եւ Յորդանանի միջեւ յարաբերութիւններուն վերաբերող շարք մը հարցեր:
Ժուտա յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են երկկողմանի յարաբերութիւնները բարելաւելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ տագնապին ունեցած մարդկային հետեւանքները` Յորդանանի եւ Լիբանանի մէջ:
Ժուտա կոչ ուղղեց Սուրիոյ մէջ փոխանցման շրջան մը ստեղծելու` պահպանելու համար Սուրիոյ միասնականութիւնը, ապահովութիւնն ու արժանապատուութիւնը:
Պըրրի ընդունեց նաեւ Իրանի խորհրդարանին մէջ ասորի ներկայացուցիչ Եոնաթան Պեթ Քոլիան` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատիի:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Սպանիոյ արտաքին գործոց նախարար Միկել Անխել Մորաթինոսը:
Միւս կողմէ, «Նահար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Պըրրի շեշտեց, որ ընտրական իր օրինագիծը յետս կոչելէ ետք ինք սպասողական վիճակի մէջ կը գտնուի` աւելցնելով, որ աւելի լաւ ընտրական օրինագիծ ունեցող կողմ մը կրնայ հրամել եւ իր օրինագիծը ներկայացնել:


