Միքաթի Տեղեկատուական Լսատեսողական Միջոցները Զգուշացուց Լիբանանը Վտանգաւոր Տեղեր Առաջնորդելէ

Միքաթի` Լսատեսողական լրատուամիջոցներու ազգային խորհուրդի պատուիրակութեան հետ հանդիպման ընթացքին

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան միջոցներու նախարար Ղազի Արիտին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ  նախարարութեան վերաբերող հարցեր:

Հանդիպումէն ետք Արիտի շեշտեց, որ ինք կը զօրակցի Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին պահանջներուն` աւելցնելով, որ այդ թղթածրարը փշոտ է, նոյնիսկ եթէ կառավարութիւնը ապահովէ անոր ֆինանսաւորումը եւ զայն փոխանցէ խորհրդարան:

Արիտի հաստատեց, որ անհրաժեշտ է բարեկարգում կատարել եւ վերջ տալ գողութեան ու մսխումին:

Վարչապետ Միքաթի ընդունեց նաեւ Լսատեսողական լրատուամիջոցներու ազգային խորհուրդի մէկ պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ Ապտել Հատի Մահֆուզի եւ ներկայութեամբ տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուքի:

Հանդիպումին ընթացքին վարչապետ Միքաթի վերահաստատեց, որ ինք կը հաւատայ տեղեկատուութեան մարզին ազատութեան, որովհետեւ անիկա ժողովրդավարութեան հիմքերէն մէկն է:

Ան հաստատեց, որ երկրին մէջ լսատեսողական լրատուամիջոցները կարիք ունին գործակցելու պետութեան հետ` յանգելու համար տեղեկատուական ապահով շրջանակի մը:

Վարչապետ Միքաթի մաղթեց, որ լսատեսողական լրատուամիջոցները Լիբանանի ներկայ իրավիճակին հետ առարկայական եւ պատասխանատու կերպով վարուին: Ան նշեց, որ ցարդ Լիբանան կրցած է շրջանային տագնապներուն նկատմամբ չէզոք կեցուածք որդեգրել, եւ կան փորձեր, որոնք կը միտին զինք մղել հոն, ուրկէ դուրս ելլելու կարողութիւն չունի ան, իսկ այդ փորձերը կը  կատարուին լսատեսողական լրատուամիջոցներուն ընդմէջէն: Հետեւաբար վարչապետը կոչ ուղղեց անոնց զգուշանալու եւ Լիբանանի ապահովական կայունութեան զօրակցելու:

Հանդիպումէն ետք Մահֆուզ յայտնեց, որ վերջին հանգրուանին Լիբանանի լսատեսողական լրատուամիջոցներու աշխատանքը նահանջած է` աւելցնելով, որ պէտք է չդիմել քաղաքական թէ այլ անձնաւորութիւններու, որոնք վարկաբեկիչ արտայայտութիւններով եւ լուտանքներով հանդէս կու գան որեւէ հարցազրոյցի կամ ճառախօսութեան մը ընթացքին:

Share this Article
CATEGORIES