Սենտիքայական Համակարգումի Խորհուրդը Յառաջիկայ Երկուշաբթի Օր Մագլցողական Քայլերու Պիտի Դիմէ
Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը երէկ իր նստացոյցը կայացուց Մշարաֆիէի մէջ` աշխատանքի նախարարութեան դիմաց:
Նստացոյցին ընթացքին արտասանուեցան շարք մը խօսքեր, որոնց մէջ շեշտուեցաւ, որ խորհուրդը փողոցէն պիտի չհեռանայ, եթէ կառավարութիւնը պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումները խորհրդարան չփոխանցէ:
Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը խոստացաւ յառաջիկայ երկուշաբթի օր մագլցողական քայլերու դիմել եւ սառեցնել ամբողջ երկիրն ու բոլոր մարզերուն աշխատանքները:
Նստացոյցին ընթացքին խօսք մը արտասանեց Սեփական վարժարաններու ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուզ եւ ըսաւ. «Մենք կ՛ուզենք կառավարութիւն մը, որ պատասխանատու է եւ իր խոստումը կը յարգէ: Նախորդ 15 օրերուն ընթացքին Լիբանանի վկայած ցոյցերը աննախընթաց էին, եւ կարելի չէ ընդունիլ, որ կառավարութիւնն ու 30 նախարարները շարունակեն անպատասխանատու մնալ»:
Պետական պաշտօնեաներու լիկայի նախագահ Մահմուտ Հայտար ողջունեց բաց գործադուլին մասնակցած աշխատանքի նախարարութեան պաշտօնեաները, ինչպէս նաեւ սուր քննադատութիւն ուղղեց Տնտեսական խորհուրդներուն հասցէին` շեշտելով, որ մինչեւ յառաջիկայ չորեքշաբթի օր եթէ յաւելումները խորհրդարան չփոխանցուին, ապա ամբողջ երկիրը պիտի անդամալուծուի:
Նստացոյցէն ետք ցուցարարները ուղղուեցան դէպի Կալերի Սըմաան:
Այսօր խորհուրդը իր կեդրոնական նստացոյցը կը կատարէ Տըքուանէի մէջ, առաւօտեան ժամը 8:00-ին, ինչպէս նաեւ Նապաթիէի եւ Թրիփոլիի մէջ տեղի պիտի ունենան նման ցոյցեր:


