Շէյխ Ասիր Խորհրդանշական Նստացոյց Մը Կը Կատարէ Ապահովական Խիստ Միջոցառումներու Ներքեւ

Ապահովութեան կեդրոնական խորհուրդի նիստէն պահ մը

Սայտայի Ապրա շրջանը երէկ վերածուեցաւ լիբանանեան բանակին եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն զինուորական մէկ կեդրոնին, երբ մեծ թիւով ապահովութեան ուժեր դիրքաւորուեցան այդ շրջանին մէջ` Պիլալ պըն Ռապահ մզկիթին եւ անոր մօտակայքը գտնուող Հըզպալլայի յատուկ բնակարաններուն շուրջ: Բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն ներկայութեան, Սայտայի Պիլալ պըն Ռապահ մզկիթի իմամ շէյխ Ահմետ Ասիրի յայտարարած նստացոյցը կատարուեցաւ մզկիթին շրջափակին մէջ` առանց բախումներ ունենալու բանակին հետ:

Շէյխ Ասիր նստացոյցին ընթացքին Հըզպալլան կոչեց Լիբանանի մէջ Իրանի կուսակցութիւնը` աւելցնելով, որ Ապրայի մէջ Հըզպալլայի գոյութիւնը կ՛արդարանայ միայն իրենց դէմ կատարուած լրտեսութեամբ:

Շէյխ Ասիր յայտնեց, որ այսօր կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին երկրորդ ցոյց մը պիտի կատարուի նոյն շրջանին մէջ:

Նշենք, որ բանակն ու ներքին ապահովութեան ուժերը նախապէս շէյխ Ասիրին յղած էին խիստ զգուշացում մը, որուն ընդմէջէն անոնք հաստատած էին, որ իրենք պիտի արտօնեն, որ ան նստացոյցը կատարէ միայն մզկիթին բակին մէջ եւ շեշտեցին, որ ան իրաւունք չունի փակելու ճամբաներն ու գրասենեակները, կամ սադրանքներ եւ գրգռութիւններ հրահրելու շրջանին մէջ:

Պէտք է նշել, որ բանակը Սայտայի մէջ որդեգրեց ապահովական արտակարգ միջոցառումներ, ինչպէս նաեւ խուզարկեց դէպի Ապրա մուտք գործող բոլոր ինքնաշարժները:

Շարպել Նախագահեց Ապահովութեան
Կեդրոնական
Խորհուրդի Նիստին

Ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ նախագահեց Ապահովութեան կեդրոնական խորհուրդին նիստին, որուն ընթացքին յայտնեց, որ պէտք է Լիբանանի մէջ քաղաքական արտակարգ վիճակ յայտարարել, ինչպէս նաեւ համախոհական ուխտ մը ստորագրել` Լիբանանի մէջ համայնքային գրգռութիւններն ու բաժանումը կանխարգիլելու նպատակով:

Ապահովութեան կեդրոնական խորհուրդին համաձայն, արգիլուեցաւ շէյխ Ասիրի եւ ոեւէ մէկուն` խանգարել Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:

Շարպել շեշտեց, որ լիբանանեան պետութեան կարգն ու կանոնը կը գործադրուի ամբողջ Լիբանանի տարածքին` աւելցնելով, որ երկրին ապահովական կայունութեան խախտումը արգիլուած է:

Սաատ. «Մուսթաքպալ Հոսանքը Երկրին Մէջ
Արձանագրուած
Շանթաժի Կացութեան
Կնքահայրն
Է »

Նասըրական շարժումի ղեկավար, նախկին երեսփոխան Ուսամա Սաատ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ շէյխ Ասիր պիտի շարունակէ Սայտայի մէջ իր շարժումները` աւելցնելով, որ լիբանանեան պետութիւնը պատասխանատու է այս հարցին լուծման:

Սաատ նշեց, որ Լիբանանի մէջ կան քաղաքական կողմեր, որոնք զգուշ են սադրանքներէն` նշելով միաժամանակ, որ Մուսթաքպալ հոսանքը երկրին մէջ արձանագրուած շանթաժի կացութեան կնքահայրն է, որովհետեւ անիկա նպաստած է ծայրայեղական ուժերու կազմաւորման:

Ան նշեց, որ այդ ուժերը իրենց ցուցմունքները կը ստանան քաղաքական եւ ապահովական հեղինակութիւններէ, «հետեւաբար` ես կոչ կ՛ուղղեմ այդ հեղինակութիւններուն վերջ տալու այդ խմբաւորումներուն ցուցմունքներ տալու իրենց առաքելութեան, որովհետեւ  Իսրայէլի դիմադրելու առումով Լիբանանի դերակատարութիւնը ջլատելու լուրջ փորձեր կան», ըսաւ ան:

Միւս կողմէ, հարաւային Լիբանանի ապահովութեան ենթայանձնախումբը գումարեց արտակարգ նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկեց Սայտայի իրավիճակը եւ ընդգծեց զինեալ երեւոյթներու արգիլումը` ընդգծելով, որ ապահովութեան ուժերը խիստ միջոցառումներ պիտի որդեգրեն զինեալ երեւոյթներու պարագային եւ պիտի սանձեն ապահովական կայունութիւնը խախտելու որեւէ քայլ:

Ապահովութեան ենթայանձնախումբին որոշումով, շէյխ Ասիրի յայտարարած նստացոյցին վայր ճշդուեցաւ Պիլալ պըն Ռապահ մզկիթին շրջափակը:

Share this Article
CATEGORIES