Քննադատելով Էրտողանի «Սիոնականութիւնը Մարդկութեան Դէմ Ոճիր Է» Յայտարարութիւնը. «Նման Յայտարարութիւններ Չեն Ծածկեր Թուրքերուն Կողմէ Հայոց Դէմ Գործուած Ցեղասպանութիւնը» Յայտնեց Պենհաս Կոլտսմիթ

Մոսկուայի ռաբբիներու մեծաւոր եւ եւրոպացի ռաբբիներու համագումարի նախագահ Պենհաս Կոլտսմիթ բուռն կերպով քննադատեց Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի մէկ յայտարարութիւնը` ընդգծելով, որ «նման կեցուածքներ չեն ծածկեր թուրքերուն կողմէ հայոց դէմ գործուած Ցեղասպանութիւնը»:

Արդարեւ, անցնող չորեքշաբթի օր Վիեննայի մէջ գումարուած Քաղաքակրթութեանց համաշխարհային համագումարին ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ, Էրտողան դատապարտեց իսլամութենէն վախի երեւոյթը` «իսլամոֆոպիա»-ն, նշելով, որ այս մէկը պէտք է նկատել «մարդկութեան դէմ ոճիր», ճիշդ այնպէս, ինչպէս` սիոնականութիւնը, հակասեմականութիւնն ու ֆաշականութիւնը:

Էրտողանի այս յայտարարութիւնը ընդվզումի եւ դատապարտումի լայն ալիք բարձրացուցած էր զանազան շրջանակներու մօտ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի շրջան կատարած այցելութեան նախօրեակին Էրտողանի այս յայտարարութեան բուռն կերպով հակազդեցին Իսրայէլի կողքին նաեւ ՄԱԿ-ի թէ ամերիկացի բարձրաստիճան պատասխանատուներ:

«Այս յայտարարութիւնները յատկապէս թշնամական են եւ վնասակար հետեւանքներ կ՛ունենան թուրքեւամերիկեան յարաբերութեանց վրայ», ըսաւ ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը, որ մերժեց բացայայտել իր ինքնութիւնը:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն «վիրաւորական եւ խնդրայարոյց» որակեց Էրտողանի յայտարարութիւնը:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու քննադատեց Էրտողանը, որ նման «կեղծ եւ անարդար» յայտարարութիւններ կ՛ընէ պատմութեան անցած հարցերու գծով:

 

 

Share this Article
CATEGORIES