«Մենք Խնդիրները Սահմանադրական Ճամբով Լուծելու Յստակ Հեռանկար Ունինք» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան

2008-ին վերջ ու առաջ չկար, աւելին, ակնյայտ էր, որ իրադարձութիւնները պիտի յանգեցնեն զոհերու: Այս մասին, ըստ News.am-ի, Մարտ 1-ին խորհրդարանին մէջ կայացած ճեպազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան` պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՛ւ 2008-ին չմիացան ընդդիմութեան, թէեւ ներքաղաքական վիճակը աւելի լարուած էր, քան այսօր:

Ռուստամեանի համաձայն, ՀՅԴ-ն այդ ժամանակ իրականացուց հանրահաւաքներու շարք, ուր կը նշուէր, թէ տեղի ունեցողը պիտի յանգեցնէ արիւնահեղութեան. «Մենք ասում էինք, որ ոչ մի լաւ բանի չի յանգեցնի: Բերե՞ց: Մե՞նք էինք ճիշդ, թէ՞ ինչ-որ ուրիշ մէկը: Ո՞վ է պատասխան տալու մարտի 1-ի տասը զոհերի համար: Մեր երկիրը դրանից ոչինչ չշահեց, ուստի մենք կոչ արեցինք գնալ այլ ճանապարհով»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ այս անգամ ՀՅԴ-ն միացաւ ընդդիմութեան, Ռուստամեան յայտնած է, թէ այս անգամ միացած են, քանի որ այնտեղ կը գտնուի ժողովուրդի մեծ մասը: «Երկրորդ. մենք խնդիրները սահմանադրական ճանապարհով լուծելու յստակ հեռանկար ունենք», ընդգծեց Ռուստամեան:

Նշենք, որ ՀՅԴ-ն 2008 փետրուարին միացաւ իշխանական համաձայնական կառավարութեան` ներքաղաքական պայքարի մէջ անցնելով իշխանութիւններու կողմը, եւ միայն 2009-ին` իբրեւ բողոք Հայաստան – Թուրքիա արձանագրութիւններուն դէմ, լքեց համաձայնական կառավարութիւնը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES