Րաֆֆի Յովհաննէսեան Կը Նշէ 1 Մարտի Իրադարձութիւններու Զոհերուն Յիշատակը

18 փետրուարի նախագահական ընտրութեան արդիւնքները վիճարկող Ժառանգութիւն կուսակցութեան առաջնորդ Րաֆֆի Յովհաննէսեան երէկ Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ հրաւիրած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին մէկ առ մէկ հնչեցուց 2008 թուականի 1 մարտի իրադարձութիւններու զոհերուն անունները: «Տիգրան Խաչատրեան, Գոռ Քլոյեան, Արմէն Ֆարմանեան, Տիգրան Աբգարեան, Յովհաննէս Յովհաննիսեան, Զաքար Յովհաննիսեան, Սամուէլ Յարութիւնեան, Դաւիթ Պետրոսեան, Նիկոլ Գէորգեան, Համլեթ Թադեւոսեան: Մարտ 1-ի մեր ազգային որբերգութեան նահատակներն են», ըսաւ ան` երդուելով, որ այլեւս երբեք հայրենի հողին վրայ հայ մարդու արիւն պիտի չհոսի:

Պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի այն հարցումին, թէ ի՞նչ պատասխան պիտի տայ անոնց, որոնք զինք կը քննադատեն Սերժ Սարգսեանի հրաժարականը չպահանջելուն համար, Րաֆֆի Յովհաննէսեան ըսաւ. «Վաղը պիտի խօսիմ»:

Անդրադառնալով Ազգային ժողովի արտակարգ նիստ հրաւիրելու օրակարգի շուրջ իշխող Հանրապետական կուսակցութեան հետ Ժառանգութիւն կուսակցութեան քննարկումներուն` Յովհաննէսեան ընդգծեց, որ ինք այդ քննարկումներուն հետ կապ չունի:

Այդ քննարկումներուն ընթացքին Ժառանգութիւն կուսակցութիւնը առաջադրած է 3 խնդիր` անցում 100 առ հարիւր համամասնական ընտրակարգի, մէկ տարուան ընթացքին խորհրդարանի նոր ընտրութիւններու կայացում եւ ընդդիմութեան վերահսկողական լծակներու տրամադրում:

Յովհաննէսեանի կարծիքով, խորհրդարանին մէջ «այլեւս որեւէ հոլովոյթ չկայ», եւ այն մարդիկը, որոնք կեղծեցին ընտրութիւնը, նոյնիսկ չեն ուզեր լուծում առաջարկել:

Արձագանգելով խորհրդարանի նախագահի այն յայտարարութեան, թէ իշխանութիւնը պատրաստ է Ժառանգութիւն կուսակցութեան հետ քննարկելու քատրային հարցեր, Յովհաննէսեան ըսաւ, որ իր զրուցակիցը Յովիկ Աբրահամեանը չէ. «Իմ միակ զրուցակիցս պարոն Սարգսեանն է: Եթէ ինք ըսելիք ունի, պիտի լսեմ»:

Մամլոյ ասուլիսէն ետք Րաֆֆի Յովհաննէսեան իրեն ուղեկցողներուն հետ միասին ոտքով հասաւ Միասնիկեանի արձանին մօտ եւ ծաղիկներ դրաւ` ի յիշատակ 1 մարտի զոհերուն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )