«Էսոշիէյթըտ Փրես» Կ՛արձագանգէ Փարիզի Մէջ Սումկայիթի Ջարդի Տարելիցի Միջադէպին

«Էսոշիէյթըտ Փրես»-ի համաձայն, ազրպէյճանցի կին մը եւ տղամարդ մը վիրաւորուած են անցնող երեքշաբթի երեկոյեան Ֆրանսայի Ազգային ժողովին մէջ հայերու դէմ 1988-ին գործուած բռնարարքի յուշատօնի մը կազմակերպման ընթացքին:

Փարիզի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատունը յայտնած է, որ երկու ազրպէյճանցիները կշտամբուած էին հայոց համակիր տարրերու կողմէ: Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտած է դէպքը` ցաւ յայտնելով վիրաւորներուն համար, կը նշէ թերթը:

 

Share this Article
CATEGORIES