50 Տարի Առաջ (4 Մարտ 1963)

Նոր Սիսի Ազգային Վարժարանի
Բարերար
Ա. Գասարճեանին Հետ

Աքսոր Գասարճեան տեղապահ սրբազանին հետ

Նոր Սիսի վարժարանին բարերար Աքսոր Գասարճեան վերադարձած ըլլալով Լիբանան` շրջանի թաղականութիւնն ու հոգաբարձութիւնը բարի գալուստի այցելութիւն մը տուին ազնուասիրտ բարերարին` երեքշաբթի, 26 փետրուար 1963-ին, իր բնակարանը, Ռապիէ: Շնորհակալութեան եւ բարեմաղթութեան ընթացիկ արտայայտութիւններէ ետք, Աքսոր Գասարճեան խօսք առնելով` նախ իր խոր ցաւակցութիւնները յայտնեց հայութիւնը ամբողջ հարուածած մեծ աղէտին համար` Զարեհ Ա. վեհափառ հայրապետին մահուան առթիւ: Իրեն յատուկ համեստութեամբ Աքսոր Գասարճեան «փոքրիկ օժանդակութիւն» անուանեց իր կողմէ եղած իշխանական նուէրը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց, որ Ազգ. իշխանութիւնները մեծապէս յարգած էին իր ընտանիքն ու անունը, Ս. Սարգիսի տօնին առթիւ: Անմիջական փափաքը ունեցաւ այցելելու Աքսոր Գասարճեան Ազգ. երկսեռ վարժարանը: Ժամը 12:00-ին ազնիւ բարերարը ընդունուեցաւ վարժարանէն ներս, հետաքրքրուեցաւ վարժարանի կացութեամբ եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց կատարուած աշխատանքներուն համար: Պատշաճ հիւրասիրութենէ մը ետք խնդրեց առաջնորդել զինք կաթողիկոսական տեղապահ Խորէն արքեպիսկոպոսին մօտ, իր ցաւակցութիւնները անձնապէս յայտնելու համար: Տեղապահ սրբազան հայրը յուզիչ եւ ջերմ ընդունելութիւն մը վերապահած էր Աքսոր Գասարճեանին: Իր եւ Ազգ. Կեդրոնական իշխանութեանց անունով շնորհակալութիւն յայտնեց եւ օրհնեց զայն ու անոր ընտանիքը` մաղթելով բարօրութիւն եւ երջանկութիւն: Բացատրեց սրբազան հայրը այն ծրագիրը, որ կազմուած էր նախապէս: Չնախատեսուած աղէտը, սակայն, անկարելի կը դարձնէր ներկայիս այդ ծրագրի գործադրութիւնը: Յամենայն դէպս սրբազան հայրը յայտարարեց.  «Ազգն ու եկեղեցին ձեզ պիտի գիտնան երախտապարտ ըլլալ` ձեր մեծագումար եւ իշխանական նուիրատուութեան համար»:

Աքսոր Գասարճեան իր շնորհակալութիւնները յայտնեց անգամ մը եւս` յայտարարելով, որ իր պարտականութիւնը միայն կատարած է հանդէպ իր հայրենակիցներուն ու անոնց զաւակներուն: Միւս կողմէ, մեծապէս ազդուած էր Աքսոր Գասարճեան վեհափառ կաթողիկոսի անժամանակ վախճանումով, զոր անձնապէս ճանչնալու պատիւը չէր ունեցած թէեւ, սակայն միշտ եւ ամէնուրեք անոր գովքն էր լսած: «Կը մխիթարուիմ միայն այն իրականութեամբ,- յարեց ազնուասիրտ բարերարը,- որ հայութիւնը գիտցաւ արժանի յարգանքը ցոյց տալ անհետացող եկեղեցականին եւ պատրաստ է հետեւելու անոր բացած ակօսին»:

Ստորեւ` քանի մը տեղեկութիւններ Աքսոր Գասարճեանի մասին.-

Ծնած ըլլալով Եղեռնի շրջանին, տարագրութեան մէջ, ինքնատիպ յղացումով մը կոչուած է Աքսոր, զոր պահած է մեծ հպարտութեամբ, բծախնդրութեամբ: Բնիկ սսեցի իր ծնողքին հետ ճաշակած է գաղթականի դառնութիւնները եւ ապաւինելով իր նախաձեռնող ոգիին` 25 տարիներ առաջ հաստատուած է Ափրիկէի խորերը: Կարճ ժամանակի մէջ ստեղծած է նիւթական եւ բարոյական նախանձելի վիճակ: Հազարաւորներ օգտուած են իր ձեռնարկներուն մէջ եւ մեծապէս բարձր պահած է հայու իր անունը միջազգային հրապարակի վրայ: Ունի երկու մանչ եւ երկու աղջիկ զաւակներ, որոնք բոլորն ալ կը խօսին ու կը կարդան հայերէնը ձեռնհասօրէն: Խորապէս հայ մնացած է ընտանիքը ամբողջ: Կապուած են հայկական արժէքներուն եւ կը հաւատան, որ արժէքաւոր ազգի մը զաւակներն են:

Հայկական շրջանակներէ բոլորովին հեռու, այս դարուն երբ մարդիկ պնակ մը ոսպապուրի համար կ՛ուրանան իրենց հայրենիքն ու ազգը, իսկապէս հպարտառիթ երեւոյթ է այս ընտանիքին պարզածը: Աքսոր Գասարճեանները հարազատ զաւակներն են այն յաւիտենական ժողովուրդին, որ հայութիւնն է:

 

 

Share this Article
CATEGORIES