Մարդկութեան Ներկան. Կրաւորական Դիտողի Ախտանշանը
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ՄԱՐԴԻԿ ԸՆԴՀԱՆՐԱՊԷՍ ԿԸ ՍՊԱՍԵՆ, ՈՐ ՈՒՐԻՇՆԵՐ ՀԱԿԱԶԴԵՆ` Ի ՏԵՍ ՓՈՂՈՑԸ ՇՏԱՊ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԻՔԸ ՈՒՆԵՑՈՂ ԱՆՁԻ ՄԸ: ՏԷՅՎԻՏ ՈՒՈՐԸՆ ԻՐ ՍԵՓԱԿԱՆ ՊԼՈԿԻՆ ՄԷՋ ԱՆՁՆԱԿԱՆ ԹԷ ԱՅԼ ՑՆՑԻՉ ՕՐԻՆԱԿՆԵՐՈՎ ԿԸ ՎԵՐԼՈՒԾԷ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՀՈԳԵԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՀԵՏԶՀԵՏԷ ԱՒԵԼԻ ՇԵՇՏՈՒՈՂ ԱՅՍ ԵՐԵՒՈՅԹԸ, ՈՐ ԱՐԴԷՆ ՅԱՏՈՒԿ ԵԶՐՈՎ ՄԸ ԿԸ ԲՆՈՐՈՇՈՒԻ ԻԲՐԵՒ ԿՐԱՒՈՐԱԿԱՆ ԴԻՏՈՂԻ ԱԽՏԱՆՇԱՆԸ (ՏԸ ՊԱՅՍԹԵՆՏԸՐ ՍԻՆՏՐԸՄ): ՅԱՅՏՆԱՊԷՍ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՉԻ ՀԵՏԵՒԻՐ ՈՐԵՒԷ ՕՐԷՆՔԻ, ԻՍԿ ՄԱՐԴԿԱՅՆՈՒԹԻՒՆԸ ՆՈՅՆԻՍԿ ԿԸ ԿՈՐՍՆՑՆԷ ԻՐ ԲՆԱԶԴԱՅԻՆ ԱՐԺԱՆԻՔՆԵՐԸ: ՈՒՈՐԸՆ ՄԵՐ ԴԻՄԱՑ ԿԸ ՊԱՐԶԷ ԹԷԵՒ ԱՌԱՒԵԼԱԲԱՐ ԱՐԵՒՄՈՒՏՔԻ ՄԷՋ ԸՆԴՀԱՆՐԱՑԱԾ, ՍԱԿԱՅՆ ՆԱԵՒ ԱՐԵՒԵԼՔԸ ՎԱՐԱԿԱԾ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԱՄՕԹԱԼԻ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆ ՄԸ:
Ուոնկ Շուք Եի անունով կին մը ինքնաշարժի արկածի ենթարկուեցաւ չորեքշաբթի օր, Քալկըրիի հիւսիսարեւմտեան արուարձաններուն մէջ: Վարորդը կանգ չառաւ: Կնոջ մարմինը խոչընդոտ դարձաւ ճամբու երթեւեկին դիմաց: Երկու այլ ինքնաշարժներ ստիպուեցան շեղիլ` խուսափելու համար անկէ: Չորրորդ ինքնաշարժ մը դարձեալ հարուածեց զայն եւ անոր տակաւին կենդանի մարմինը քաշքշեց քիչ մը անդին, մինչեւ որ անջատուեցաւ անկէ: Այս ինքնաշարժին վարորդը եւս քշեց ու գնաց:
Այլ կին մը` չորս զաւակներու մայր Թոնիա Պիչ, առաւօտեան իր սուրճը կը խմէր խոհանոցի սեղանին վրայ, ուր պատուհանը կը բացուէր դէպի փողոցի այս տեսարանը: Կինը լսելով հարուածի ձայները` անմիջապէս դուրս նայեցաւ: Ան միակն էր, որ վազեց օգնելու արկածահար կնոջ: Ուոնկ Շուք Եի տակաւին կենդանի էր եւ ուշքը չէր կորսնցուցած, սակայն այնքան ահաւոր կերպով վիրաւորուած էր, որ չէր կրնար վերապրիլ: Թոնիա բռնեց կնոջ ձեռքը` հանդարտեցնելու համար զայն, մինչ կինը կը մահանար:
Մինչ Թոնիա կը հանդարտեցնէր կինը, անհամար ինքնաշարժներ կ՛անցնէին` առանց կանգ առնելու: Անոնց շարքին էին բազմաթիւ ինքնաշարժներ, որոնք կ՛ուղղուէին դէպի մօտակայ մանկամսուր մը` հոն ձգելու համար իրենց փոխադրած մանուկները: Փողոցին դիմացի կողմը` փոխադրակառքերու յատուկ կայարանի մը մէջ պասի մը կին վարորդը չշարժեցաւ իր աթոռէն: Անոնք, որոնք կը սպասէին կայարանին մէջ, շարունակեցին սպասել: Յայտնապէս մէկը հեռաձայնած էր 9-1-1 թիւին, որովհետեւ ոստիկանութիւնը հասաւ դէպքին վայրը եւ պետութեան պաշտօնեաները սկսան կիրարկել իրենց ընթացիկ միջոցառումները` վերացնելու համար փողոցին մէջ ստեղծուած այս զարտուղի պատկերը: Ըստ սովորութեան, լրագրողի մը պարտականութիւն տրուած էր Թոնիա Պիչի հարցնելու, թէ ի՛նչ կը զգար եւ բացատրելու, թէ հոգեբաններ այժմ արդէն բաւական ընդհանրացած նման երեւոյթներու կ՛ակնարկեն իբրեւ «կրաւորական դիտողի ախտանշան» (պայսթենտըր սինտրըմ). նման «հաճելի ճշմարտութիւններու» կարելի է հանդիպիլ լրագրութեան դպրոցներու նման վայրերու մէջ:
«Կրաւորական դիտողի ախտանշան» եզրը բաւական լաւ ձեւով կը նկարագրէ մեր արդի ժողովրդավարութիւնը, որ զանց կ՛առնէ անհատին մասնակցութիւնը: Բոլորը հաւասար են եւ բոլորը իրաւունքներ ունին: Կրնանք զանոնք նկարագրել իբրեւ «կրաւորական դիտողի իրաւունքները»: Մէկը կրնայ ըսել, թէ այս իրաւունքներէն ամէնէն հիմնականը, որուն օրինակով կարելի է սահմանել բոլոր միւս իրաւունքները, իրաւունքն է ենթադրելու, թէ «ուրիշ մը կը զբաղի ստեղծուած կացութեամբ»:
Այս պարագային` կրաւորական դիտողներէն միայն մէկը փոխեց իր ընթացքը: Վանքուվըրի մէջ հոքիի խաղի ընթացքին ծագած խռովութիւններուն մասնակցեցան բոլոր կրաւորական դիտողները, բացի` պատանիէ մը, որ բազմութեան դէմ կանգնեցաւ եւ յայտարարեց` «սխալ է ասիկա», ապա խոշտանգուեցաւ նոյն այն խռովարարներուն կողմէ, որոնց փորձած էր ուղղել իր խօսքը: Կը մոռնանք, թէ չարիքը, որուն այնքան յաճախ ականատես կը դառնանք կրաւորական կեցուածքով, կրնայ ստանալ նաեւ գործօն բնոյթ:
Ես ինքնաշարժ չեմ վարեր: Քալելով կ՛երթամ` ուր որ կրնամ, թէեւ երբեմն կը դիտեմ հանրային փոխադրամիջոցի: Իբրեւ անցորդ վերջին տասնամեակին երկու անգամ կրած եմ ինքնաշարժի մը հարուածը, երկուքն ալ փողոցին մէկ կողմէն միւսը անցնելու պահուս, երբ անցորդներու կանաչ լոյսը կը վառէր: Ինքնաշարժներէն մէկը զիս փռեց գետին` կուպրին վրայ: Ակնթարթի մէջ իջած հարուած մըն էր, եւ չեմ կարծեր, որ վարորդը նոյնիսկ նկատեց զիս. անոր ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր դէպի ձախ կտրելու անօրէն արարք մը գործելու վրայ:
Միւս ինքնաշարժին հարուածը գետին չտապալեց զիս: Մութ էր, եւ թերեւս վարորդը սկիզբը չտեսաւ զիս, երբ կը դառնար ճամբուն թեթեւ դարձուածքը: Եթէ ամուր ճնշած չըլլար արգելակը, մեռած էի: Արկածէն ետք մատնահետքերս մնացած էին անոր փառահեղ սետան ինքնաշարժին առջեւի փայլուն կափարիչին վրայ: Սկիզբը չանդրադարձայ, թէ մէկ ոտքս այնպէս ծալուած էր, որ յաջորդ երկու տարիներուն կաղ պիտի պահէր զիս: Այնքան շատ ջղայնացած էի, որ չնկատեցի: Շարունակեցի ոտքի մնալ այժմ կանգ առած ինքնաշարժին առջեւ, աչքերս յառած վարորդին: Կինը, որուն հագուստէն, ինքնաշարժէն եւ դէմքին արտայայտութենէն դատելով` մտածեցի, թէ «արհեստավարժ ասպարէզ մը կիրարկող կին մը ըլլալու էր», հայհոյանքներ ուղղեց ինծի, այնպիսի շեշտով մը, կարծէք ես դիտումնաւոր կերպով կտրած էի իր ճամբան: Մատնացոյց ըրի ճամբուն լոյսը, Զեւսի պէս` կայծակը ձեռքին, մինչ ան սկսաւ բանալ պատուհանները: Ճամբուն լոյսը տակաւին կանաչ էր անցորդներուն համար եւ կարմիր` ինքնաշարժներուն: Դէմքին կեղծ բարեպաշտի, զայրոյթի արտայայտութիւնը փոխակերպուեցաւ վախի, «զոհի» արտայայտութեան: Կարծէք կը մտածէր. «Տղամարդիկ բիրտ են»: Ապա, երբ այլեւս իր ճամբան չէի փակած, յանկարծ քշեց, դարձաւ անկիւնը եւ սկսաւ սուրալ Եունիվըրսիթի Աւընիուի բաւական դատարկ պողոտայէն վեր: Բարկութեանս գինովութեան մէջ չմտածեցի արձանագրել ինքնաշարժին թիւը:
Ի դէպ, այս մէկը բարոյական սխալ մըն էր իմ կողմէս: Ինչպէս Սոկրատ «Կորճիաս»-ի մէջ ջերմօրէն կը բացատրէ խելացի Կալիկլէսի, աւելի լաւ է վնաս կրել, քան` վնաս պատճառել: Սակայն վնաս պատճառելէ ետք աւելի լաւ է պատիժ կրել, քան` խուսափիլ պատիժէն: Ասիկա տիեզերական ճշմարտութիւն է: Ինքնաշարժին թիւը չարձանագրելով, թէեւ քովս ունէի թուղթ եւ մատիտ, թոյլ տուած էի, որ այս կինը խուսափէր պատիժէ: Այս ձեւով վարուելով` վնաս պատճառած էի իրեն: Իմ բարոյական պարտաւորութիւնս էր տեսնել, որ այս կինը պիտի ստանար իրեն արժանի պատիժը, իր օգտին համար եւ իմ` իբրեւ արդար մարդ: «Ներողամտութիւնը» սրտին մէջ տարբեր բան է, իսկ անարդարութիւնը արգելք է այս ձեւի ներողամտութեան:
Նաեւ երկու անգամ մայթին վրայ հեծիկ մը զարկաւ ինծի. մէկը գետին տապալեց զիս, իսկ միւսը` սաղաւարտով, ակնոցով եւ առաձգական տարազով անհամբեր հեծիկ քշող մը, զգուշութեամբ, բայց դիտաւորեալ հրեց զիս անիւով, երբ անտեսեցի իր բաւական բարձր «պիփ-պիփ»-ը, որ ինծի կը թելադրէր ճամբայ բանալ: Բայց անմիջապէս ան փոխեց ոճը եւ «սորի՛ մեն, սորի՛ մեն» պոռաց, երբ զինք գետին փռեցի մայթին վրայ եւ իր տապալած մարմնին շուրջ դառնալով` պոռացի. «Շո՛ւտ, տուր ինծի պատճառ մը, որպէսզի այստեղ հոգիդ չհանեմ»: Ապա հեռացայ գոհունակ, որովհետեւ արդարութիւնը հատուցուած էր:
Այս դէպքերէն երեքին ժամանակ բազմաթիւ կրաւորական դիտողներ կային: Անոնցմէ ոչ մէկը միջամտեց: Երկուքին պարագային, երբ փռուեցայ մայթին վրայ, եւ այն պարագային, երբ հեծիկ քշողը փռուեցաւ գետին, գէթ աղօտ կերպով կը գիտակցէի բազմութեան մը ներկայութեան. անցորդներ, որոնք պարզապէս ճամբէն հեռու կանգնած կը դիտէին, ապա կ՛անցնէին: Նկատի ունենալով այն թաղամասերը, ուր պատահեցան այս դէպքերը, թերեւս կարելի է մտածել, թէ անոնք բոլորն ալ կարեւոր գնումներ ունէին:
Այսքան երկար պատմեցի այս դէպքերուն մասին` կատարելու համար մատնանշում մը: Դիւրին է բարոյախօսել ինքնաշարժներու պատճառած վնասներուն մասին. այս մետաղէ մեծ տուփերուն մասին, որոնք իրենց մէջ տեղաւորուած մարդիկը կը մեկուսացնեն մարդկային որեւէ անբաղձալի շփումէ: Հաճոյքով պիտի բարոյախօսէի այս մասին: Սակայն այս պարագային, ինքնաշարժները պարզապէս շեղում մըն են գլխաւոր հարցէն: Այստեղ «հարցը» արհեստագիտական չէ, այլ` քաղաքակրթական: Նոյնպէս ալ` «կրաւորական դիտողի ախտանշանի» մասին հոգեբանութեան բառապաշարով մակերեսային խօսքեր ըսելը եւ կեղծ կարեկցանքը` «ի՞նչ կը զգաս» հարցումով, ինքնին ախտանշաններ են:
Պիտի ուզէի նաեւ ջրել այլ պատճառաբանութիւն մը: Թոնիա Պիչ այս մասին ակնարկեց, երբ խօսեցաւ իրենց զաւակները մանկամսուր տանող ծնողներուն անունով, որոնք տակաւին իր յիշողութեան մէջ էին դէպքէն ժամեր ետք: «Կը մտածես, թէ իրենց զաւակները մանկամսուր տանող ծնողներէն գէթ մէկը պէտք էր կանգ առնէր: Բայց հասկնալի է, թերեւս անոնք պիտի չուզէին, որ իրենց զաւակները տեսնէին պատահածը», ըսաւ ան: (Վստահ եմ, որ այս կինը քրիստոնեայ էր):
Կը համարձակիմ ըսել, թէ անոնց զաւակները «տեսա՛ն» պատահածը: Խաբկանք է այն կարծիքը, թէ մանուկները կը ծնին կոյր, խուլ եւ անկարող` մտածելու: Անոնք տեսան ծանրօրէն վիրաւորուած կին մը, որ անօգնական ինկած էր ճամբուն վրայ, եւ տեսան, որ իրենց ծնողները անոր քովէն քշեցին ու անցան, եւ շատ հաւանաբար լսեցին, թէ ինչպէ՛ս անոնք փորձեցին փոխել նիւթը, երբ հարցուցին իրենց տեսածին մասին: Այո՛, նման ծնողներ կը հետեւին ժամանակացոյցի մը. անոնք չեն կրնար թոյլ տալ, որ նման դէպք մը կամ անոր մասին մանկական հարցումներ դանդաղեցնեն իրենց ընթացքը: Թերեւս «յաճախորդներ» ունին զիրենք սպասող: Պաշտօնակիցներ, որոնք կը նկատեն իրենց ուշացումը: Մեծ ամսականներ պիտի վտանգուին այլապէս: Ի վերջոյ դրամը կը խօսի: Իսկ իրենք կարիքը ունին այս դրամին` վճարելու համար մանկամսուրի եւ «լաւ տուն մը պահելու» ծախսերը:
Այս մանուկներէն իւրաքանչիւրը այդ օր հոգեկան խոց մը ստացաւ, երբ շատ կարեւոր դաս մը առաւ իր ծնողներուն մասին, որոնք զիրենք կը նետեն մանկամսուր, որպէսզի շարունակեն իրենց բազմազբաղ կեանքը իբրեւ արհեստավարժ անձեր, որոնք «առաջնահերթութիւններ» ունին: Կը համարձակիմ ըսել, թէ այս դասը պիտի ունենայ իր անդրադարձները` իւրաքանչիւրին մատղաշ կեանքին վրայ, ինչպիսի ձեւով ալ ան ընկալած ըլլայ իր փորձառութիւնը: Եւ յաւելեալ անդրադարձներ պիտի արձանագրուին, երբ զգայուն մանուկը սկսի հակազդել զինք ապականած չարիքին, որովհետեւ տեղ մը կրնայ դրսեւորուիլ այս հակազդեցութիւնը: Անոր ծնողները հաւանաբար պիտի դիմեն հոգեբաններու խորհուրդին` իրենց «խնդրայարոյց զաւկին» համար, ապա զայն պիտի գինովցնեն «հանդարտեցուցիչ» դեղերով: Ասիկա վերջին դաս մը պիտի ըլլայ մանուկին, գիտնալու համար, թէ ի՛նչ են իր ծնողները:
Սակայն պէտք է նաեւ բարեմիտ ըլլալ: Թերեւս այս ծնողները իրենց կարգին ունեցած են նմանօրինակ, բարոյապէս անարժան ծնողներ այս յետքրիստոնէական մարդկային ընկերութեան մէջ, որ բարոյականութիւնը կը նկատէ ինքնին «ճնշումի» ձեւ մը:
Խաբկանք է այն մտածումը, թէ մարդիկ խիղճ չունին: «Մեզ Շինողը» զայն զետեղած է մեր իւրաքանչիւրին մէջ: Բոլորս կատարելապէս ծանօթ ենք այդ ձայնին. նոյնիսկ անոնք, որոնք կը ժխտեն զայն: Ասիկա այն ձայնն է, որուն կը պատասխանենք. «Բան չէի կրնար ընել»: Սակայն կը շարունակենք լսել ձայնը եւ աւելի անհանգիստ եւ աւելի կեղծ բարեպաշտութեամբ կը պատասխանենք. «Կինը ամէն պարագայի պիտի մեռնէր: Չէի կրնար օգնել իրեն: Ես բժիշկ չեմ, բժշկագիտութեան վկայական չունիմ: Աւելի՛ն. եթէ միջամուխ դառնամ, իրաւական հետեւանքներ կրնամ կրել: Թերեւս զիս կը կանչեն իբրեւ վկայ: Թերեւս դատական հարց կը յարուցեն, որովհետեւ դպած եմ կնոջ: Մարդիկ խենթ են այս օրերուն: Պէտք չէ նման վտանգաւոր կացութեան մէջ գտնուիլ»:
Այս եղած է հիմնական «ազատական» օրէնքը բոլոր դարերուն. որքան փարիսեցիներուն քով, նոյնքան ալ` «աշխարհիկ մարդկայնութեան» մեր արդի հերոսներուն: Ասիկա համազօր է ժխտելու Ճշմարիտը եւ ընդունելու Հաւանականը: Ասիկա կը նշանակէ բարոյական սուր վէճի մը հակազդել դիտաւորեալ մեղմ վիճարկութեամբ, տկար մարտահրաւէրներով, կեղծ-բարոյական կեցուածքով, ի հարկին` ամբարտաւան ցուցական արարքներով, եւ ի վերջոյ` «վիճակագրութեամբ»: Կը նշանակէ ըլլալ ընդոստ անողնայար, որ կը վերածուի սովորութեան: Այսուհանդերձ, այս բոլոր հակազդեցութիւնները հիմնուած են անզիջող եւ խիստ անհրաժեշտ այն համոզումին վրայ, թէ Աստուած չկայ, որ պիտի գայ ու Պատժէ:
Չեսլաւ Միլոշ այս մէկը կը կոչէր «մարդկութեան գլխաւոր թմրեցուցիչը»: Զայն կը բնորոշէր իբրեւ «յետմահու ոչնչութեան հաւատքը, այն հզօր մխիթարութիւնը, թէ մեր դաւաճանութիւնները, ագահութիւնը, վախկոտութիւնը, մարդասպանութիւնները պիտի չդատուին»:
Ընթերցողներու Անկեղծ Եւ Իմաստուն
Հակազդեցութիւններ` Ուորընի Պլոկին Մէջ«Ասիկա ախտանշանն է հետզհետէ անտարբեր մարդկային ընկերութեան մը: Սակայն միշտ ալ յոյս կայ, եւ այս յոյսը կը զօրանայ, երբ հաւաքականութեան մը բոլոր անդամները կը կրեն նոյն աղէտին հարուածը: Աւերիչ եւ մահացու երկրաշարժ մը բաւարար է, որ մարդիկ օգնեն զիրար»:
«Չեմ հաւատար յետմահու դատաստանի: Թերեւս կը հաւատամ, թէ այս կեանքի մէջ զիս կրնան դատել անոնք, որոնց օգնած եմ, կամ անոնք, որոնց դրամ պարտական եմ: Փորձառութիւնս ցոյց կու տայ, թէ հաւատացեալներ նուազ չեն տառապիր կրաւորական դիտողի ախտանշանէն, բաղդատած` անաստուածներուն: Եկէք ընդունինք. դատուելու վախը տկար պատճառ մըն է ճիշդը գործելու, ըլլայ անիկա Աստուծոյ կողմէ դատուելու, ատեանի մը կողմէ, թէ` բարեկամներու»:
«Ինչպէս Սոլժենիցին ըսած է, բարիի եւ չարի միջեւ սահմանը կ՛անցնի իւրաքանչիւր անձի սրտէն»:
«Կը կարծեմ, թէ բոլորս ալ գործած ենք այս յանցանքը, ինչ որ կը նկարագրուի այս յօդուածին մէջ: Սակայն` այս յանցանքը անպայման չարամիտ չէ: Բոլորս կը կարծենք, թէ շտապ եւ պատշաճ ձեւով պիտի հակազդենք դէպքի մը, սակայն` մինչեւ նման դէպքի մը պատահիլը: Հազուադէպօրէն խնդրոյ առարկայ է «պատշաճ» հակազդեցութիւնը, այլ «շտապ» հակազդեցութիւնն է, որուն մէջ կը ձախողին մեզմէ շատերը: Դիւրին է հակազդել` զայրոյթէ մղուած: Վստահ եմ, թէ Տէյվիտ համաձայն պիտի գտնուէր, թէ այս հակազդեցութեամբ գետին փռած էր հեծիկ քշողը: Սակայն վստահ եմ, թէ ան պիտի ընդունէր իր արարքին անպատշաճութիւնը: Պատահած են քանի մը դէպքեր, երբ անմիջական օգնութիւն ցուցաբերած եմ: Երկու պարագաներուն ալ մօտիկ հեռաւորութեան վրայ այլ անձեր չկային: Արդեօք նոյն ձեւով պիտի վարուէի՞, երբ ուրիշներ ներկայ էին: Յուսա՛մ, բայց չեմ գիտեր»:
«Պիտի ուզէի ըսել, որ ինքնաշարժս պիտի կանգնեցնէի եւ դուրս պիտի վազէի` օգնելու համար խեղճ կնոջ: Բայց չեմ կրնար վստահօրէն ըսել, թէ իրօք, այսպէս պիտի վարուէի: Եթէ օգնէի, բնազդային մղումով մը պիտի օգնէի: Ոչ մէկ այլ ձեւով: Իսկ ուրկէ՞ կու գայ այս բնազդը»:
«Մենք` տղամարդիկ եւ կիներ, բոլորս նոյն նաւուն վրայ կը գտնուինք, փոթորկոտ ծովու մը վրայ, եւ իրարու պարտական ենք սարսափելի եւ ողբերգական հաւատարմութիւն մը»:
«Կրաւորական դիտողի ախտանշան» եզրը յիմար մեղմաբանութիւն մըն է «էշ» որակումին: Բացատրեմ անձնական օրինակով մը, որ զիս կը հալածէ քանի մը տարիէ ի վեր: Օքլահոմայի համալսարանին մէջ կարգի կը սպասէի աննշան օր մը եւ ժամանակ կ՛անցընէի` շրջապատս դիտելով: Անծանօթ աղջիկ մը կը քալէր: Յանկարծ գիրքերը եւ թուղթերը գետին թափեցան ձեռքէն: Ճիշդ դիմացս պատահեցաւ, հազիւ մէկ մեթր հեռու: Աղջիկը ծունկի եկաւ եւ սկսաւ հաւաքել իրերը, մինչ ես կանգնած կը դիտէի: Ի վերջոյ կարգի կը սպասէի: Աղջիկը վեր նայեցաւ, տեսաւ, որ կը դիտէի զինք: Նայեցաւ աչքերուս, արհամարհական նայուածք մը ուղղեց եւ ըսաւ միայն մէկ բառ. «Էշ»: Ապա ոտքի ելաւ եւ արագ քայլերով հեռացաւ:
«Կրաւորական դիտողի ախտանշա՞ն»: Ո՛չ, ես էշ էի: Մէյսըն-Տիքսըն Լայնի հարաւային շրջաններուն մէջ հասակ նետած էի եւ դաստիարակուած էի իբրեւ ազնիւ տղամարդ, սակայն չէի յաջողած այսքան պարզ եւ դիւրին առիթ մը օգտագործել` ցոյց տալու համար նուազագոյն ազնուականութիւն: Անձնասիրութենէ եւ սովորութենէ մղուած` անշարժ դիտեցի, որովհետեւ ինչպէ՞ս կրնայի ինքզինքս դնել նեղ կացութեան մը մէջ` կորսնցնելով կարգս: Պապանձած էի եւ ցնցուած` ի տես ձախողութեանս: Անշուշտ աւելի ծանր արգահատանք զգացի իմ նկատմամբ, քան ինչ որ աղջիկը զգացած էր:
Ամբողջ պատահարը հազիւ քանի մը երկվայրկեան տեւեց, սակայն երբեք պիտի չմոռնամ աղջկան նայուածքը: Այնքան ատեն որ մեր ախտավարակ մշակոյթը կը գործածէ ահաւոր մեղմաբանութիւններ` թաքցնելու համար այն իրողութիւնը, թէ որքա՛ն թշուառական դարձած ենք մեր իսկ կամքով, ապա շատ աւելի պիտի հանդիպինք Քալկըրիի մէջ պատահած դէպքին նման օրինակներու: Մեզմէ շատեր պիտի շեղեն իրենց նայուածքը եւ պիտի շարունակեն քշել:

